Շարժումը՝ Կենսունակութեան Գրաւական. «Յուսաբեր»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

2022 տարին Արամ Ա․ վեհափառ Սփիւռքի տարի հռչակեց, յոյս եւ հաւատ ներշնչեց, որ հայաշխարհը երկունքի ճամբան կրնայ բռնել։

Սփիւռքը անյայտ թիւով հայեր ընդգրկող աշխարհ է, որ յարաբերաբար արտաքին աշխարհին՝ տեղքայլի մատնուելով, կորստեան վտանգ կը դիմագրաւէ։

Հայկական սփիւռքը, անզէն աչքով, Ծայրագոյն Արեւելքէն Մերձաւոր Արեւելք, Եւրոպա եւ Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկաներ, ներառելով Ռուսիան եւ Կեդրոնական Ասիան, առնուազն չորս անգամով կը գերազանցէ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան եւ Ջաւախքի քաղաքացիներու թիւը։

Ներուժի եւ մարդուժի այս հսկայական պաշարը համապատասխան ուշադրութեան եւ գուրգուրանքի արժանացնելը շատոնց հրամայական անհրաժեշտութիւն էր։ Արդարեւ, հայրենի հողէն ու ջուրէն հեռու, օտար միջավայրի մէջ ազգային հաւաքականութիւն անեղծ պահպանելն անիրագործելի էր նոյնիսկ մինչեւ անցած դարու 60-ական թուականները, երբ կենդանի էր հայրենի երկրէն վտարուած եւ ցեղասպանութիւնը վերապրած սերունդը, որմէ ետք հետզհետէ աւելի դժուարացաւ այն, երբ սփիւռքի մէջ հասակ առած յաջորդ սերունդը ծնող դարձաւ։

Երկար ժամանակ մեր մամուլի էջերէն չանհետացաւ «հոսանքին դէմ դիավարել» արտայայտութիւնը։ Այսօր այլեւս հազուադէպ կը հանդիպինք այդ արտայայտութեան։ Ոչ թէ որովհետեւ չենք դիավարեր կամ չենք փորձեր դիավարել, այլ որովհետեւ նոր եւ նորագոյն սերունդներուն համար իմաստը կորսնցուցած է հոսանքն ալ, դիավարելն ալ։ Հաւա՛քաբար հոսանքին մէջ ենք, պարզապէս կը փորձենք ղեկավարել զայն, օգտուիլ հոսանքի ուղղութենէն/ուղղութիւններէն և ինքնութիւն պահպանել։

Սփիւռքի մէջ հայապահպանում հասկացողութիւնը անցեալէն ժառանգուած ներկայով ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ Է, ԲՆԱԿԱՆ ՉԷ, իսկ ինչ որ բնութեան դէմ է ու արհեստական, ԱՒԵԼԻ ՄԵԾ ՃԻԳ կը պահանջէ վերապրելու կամ պահպանուելու համար։

Արամ Ա․ վեհափառի հաստատումներուն մէջ շօշափելի է այս միտքը։

Արի եւ յանդուգն քայլ է Վեհափառի կատարածը, որ վերլուծութենէ անդին վիճակ յաղթահարելու եւ շրջելու յանձնառութիւն կը ներառէ, նժարի վրայ դնելով սեփական հեղինակութիւնը։ Եւ ասիկա պէ՛տք է գնահատուի կարգակից համայնքապետներէն թէ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններէն, նոր ծանրութեան եւ որակի կշռաքար մը աւելցնելու հայկական քաշին։

Արամ Ա․ վեհափառի նախաձեռնութիւնը երկխօսութիւններու շարանի մը հրաւէր է բոլոր մտածող եւ տագնապող հայերուն համար, մեծէն փոքր, հանգամանաւորէն շարքային հայուն համար։ Այս մակարդակին վրայ ԴՐԱԿԱՆ ներդրումը, մասնակցութիւնը, ընդառաջումը, խորհրդակից-լծակցութիւնը չափանիշ է սրտցաւութենէն անդին նաեւ առաքելութեան տիրութեան եւ հաւատարմութեան՝ հանդէպ ազգին, հայրենիքին, դպրոցական երախայէն մինչեւ սահմանը պահող զօրականին, բանուորին, գիտնականին։ Բոլորը պէտք ունին բարոյական ու նիւթական աջակցութեան, գիտակցութեան՝ որ այլուր արիւնակիցներ կը բանին իրենց կրթութիւնը որակաւորելու, ապահովութիւնը ամրապնդելու, աշխատանքը արդիւնաւորելու եւ գիտութիւնը ծառայեցնելու երկ-րի բարեկեցութեան եւ յառաջդիմութեան։

Հայրենիքը Եւ Պետութիւնը Անզուգական Խարիսխ Են Ազգին Ու Համատեղ Կեանքի Արդիւնք Դրսեւորումներուն։

Ասիկա անվիճելի է եւ ակնյայտ ճշմարտութիւն։ Հայրենիք եւ պետութիւն բացառել կը նշամակէ հարիւրապատիկ ջանք եւ միջոցներու ներդրում, նոյն նպատակներուն հասնելու համար։ Հետեւաբար՝ ուղղութիւնը ճիշդ է՝ հայրենիքի եւ պետութեան հզօրացում։

Գլխագիր սփիւռք ունենալը հանգրուանային նպատակ է, որուն հասնելու համար պիտի տքնիլ ու ոչինչ խնայել, իսկ ակնկալուող արդիւնքը ո՛չ միայն ինքնին արտերկրի վերապրումն է, այլ գերազանցապէս հայրենի պետութեան հզօրացումը եւ կշիռի անհամեմատ յաւելումը։

Սփիւռքը գոյութիւն կրնայ ունենալ նպատակի մը, երազի մը համար, որ եթէ վերցնենք՝ անտեղի կը դառնայ սփիւռք պահպանելը եւ գլուխ կոտրելը։ Իսկ այդ հմայիչ նպատակը ՎԵՐԱԴԱՐՁՆ Է ՀԱՅՐԵՆԻ ՕՃԱԽ՝ Շուշիէն մինչեւ Կարին, Սասուն եւ Վան։

Այս ուղղութեամբ աշխատանքը, փոքր յառաջխաղացումը, թէկուզ ոտնաչափ մը, բաւարար է կենսաւորելու եւ խանդավառելու սփիւռքահայը, որ լծուած է կառքին ու շարժելու մինչ այդ անտարբերները։