Ակնարկ. Ուղերձներ Պարփակող Բացատրողական. «Ազդակ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Հայ-թուրք երկխօսութեան  մեկնարկային հանգամանքներուն մասին պաշտօնական Երեւանի  ներկայացուցիչին Ազգային ժողովին ներկայացուցած բացատրողականը հետեւեալն էր.

«Եթէ կը յիշէք, դեռեւս նախորդ տարի Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործերի նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը յայտարարեց, որ կայ գործընթաց, եւ հայկական կողմը խօսել է ռուսական կողմի հետ Թուրքիայի հետ հնարաւոր գործընթաց սկսելու վերաբերեալ, որը հետագայում հաստատեց Հայաստանի արտաքին գործերի  նախարարութիւնը, որից յետոյ Թուրքիան յայտարարեց յատուկ ներկայացուցչի նշանակման մասին, որը ողջունեց Հայաստանի արտաքին գործերի նախարարութիւնը եւ նշեց, որ նոյնպէս յատուկ ներկայացուցիչ կը նշանակի, որից յետոյ թուրքական կողմը նշանակեց իր յատուկ ներկայացուցչին, որից յետոյ հայկական կողմը նշանակեց իր յատուկ ներկայացուցչին: Այդպէս են ձեռք բերուել պայմանաւորուածութիւնները:

Բուն տեղի եւ վայրի վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւնները ձեռք են բերուել ռուսական կողմի օգնութեամբ, հանդիպումը տեղի է ունեցել Մոսկուայում արտաքին գործերի նախարարութեան ընդունելութիւնների տանը: Հարցրեցիք, թէ ի՞նչ նկատի ունէք կառուցողական մթնոլորտ ասելով: Նկատի ունենք կառուցողական մթնոլորտ: Հանդիպման արդիւնքում Հայաստանի եւ Թուրքիայի արտաքին գործերի նախարարութիւնը հրապարակել են մամուլի հաղորդագրութիւններ, որոնցում ներկայացուել է, թէ ի՛նչ են քննարկել յատուկ ներկայացուցիչները: Հաղորդագրութեամբ հանդէս է եկել նաեւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը»:

Կարելի է հետեւեալ դիտարկումները արձանագրել այս բացատրողականի բովանդակութենէն:

Ա.- Գործընթացի գոյութեան մասին ազդարարած է Մոսկուան:

Բ.- Հայկական կողմը գործընթաց սկսելու իր նախաձեռնութեան մասին նախ խօսած է Մոսկուայի հետ:

Գ.- Մոսկուայի հրապարակած այս տեղեկութիւնը նախ հաստատած է Երեւանը. ապա` Անգարան, որ նշանակած է ներկայացուցիչ:

Դ.- Թուրքիոյ կողմէ կատարուած նշանակումին յաջորդած է հայկական կողմի նշանակումը:

Ե..- Երկխօսութեան  համար տեղի եւ վայրի դասաւորումները կատարուած են Մոսկուայի աջակցութեամբ:

Այս յայտարարութեան մէջ կարմիր թելի նման կ՛անցնի Մոսկուայի առանցքային դերը: Քաղաքական թարգմանութեամբ` հայկական կողմը ստացած է Մոսկուայի թոյլտուութիւնը, Մոսկուան հանդէս եկած է երկխօսութեան մեկնարկին մասին. Մոսկուան միջնորդած է գործընթացը եւ հիւրընկալած` հանդիպումը:

Ըստ էութեան 9 նոյեմբերի յայտարարութեան 9-րդ կէտի իրականացման օրակարգին մէջ կը տեղադրուի այս գործընթացը: Խօսքը տարածաշրջանային ապաշրջափակման մասին է:

Այս բոլորին մէջ Մոսկուայի գերակայութիւնը նշելը արտաքին եւ ներքին ուղղութիւններու վրայ ուղերձներ կը պարփակէ իր մէջ: Տարածաշրջանի ուժերուն, գլխաւոր խաղացողներուն հրապարակաւ կ՛ըսուի, որ Երեւանը այս գործընթացի իրականացման համար ամէն ինչ կը համաձայնեցնէ Ռուսիոյ դաշնութեան հետ: Ասիկա զուտ պատասխան չէ Անգարային` ամէն ինչ Պաքուի հետ համաձայնեցնելուն: Ուղերձ է Անգարային, Պաքուին, ինչու չէ նաեւ առնչուած միւս պետութիւններուն, որ ըստ էութեան Մոսկուան է ապաշրջափակման գործողութիւնները ղեկավարողը: Այս առումով, եթէ սահմաններու բացումով Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը պիտի կապուին իրարու, ապա ատիկա միայն Մոսկուայի համաձայնութեամբ կրնայ իրականանալ: Բնականաբար նոր բացուելիք տնտեսական հաղորդակցութիւններու, սահմաններու եւ ճանապարհներու անվտանգութեան երաշխաւորութիւնը պիտի ստանձնեն ռուսական զօրքերը, որոնցմէ յաւելեալ քանակ պէտք է տեղակայուի: Սահմանապահ զօրքերու անհրաժեշտութիւն պիտի ըլլայ ոչ միայն Հայաստան-Թուրքիա սահմանին, այլ նաեւ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանագիծերուն վրայ:

Ներքին առումով աւելի պարզունակ է ուղերձը: Հայկական կողմը կը կատարէ Մոսկուայի պատուէրը: Քննադատութիւնները կամ մերժումները ուրեմն ուղղուած կ՛ըլլան Մոսկուային. իսկ այս վարքագիծը կը յիշեցնէ իշխանական շրջանակներէն անվերջ հնչող հռետորական հարցումը` դէ՞մ էք 9 նոյեմբերի հրադադարի յայտարարութեան: Կը պահանջէք չեղեա՞լ յայտարարել զայն:

Խնդիրը անշուշտ ոչ թէ Մոսկուայի հակադրուելուն կամ գործընթացի բուն շարժառիթներն ու տարողութիւնը չընկալելու եւ ամէն գնով դէմ դիրքորոշուելուն մէջ է: Խնդիրը այն քաղաքականութիւնն է, որ հայկական կողմը նման իրողութեան դէմ  կանգնեցուց` սեփական որոշում կայացնելու հնարաւորութիւններէ կամազրկելով: