Արեւմտահայերէնը Կը Մնա՞յ Հաղորդակցական եւ Ստեղծագործական Լեզու. (Յ. Պալեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ժողովուրդի մը հանճարին առաջին գործիքը իր լեզուն է:

Սթանտալ, ֆրանսացի գրող, ԺԹ դար

            Պատմամշակութային խնդրի առջեւ կանգնած է Արեւմտահայերէնը. Պիտի կարենա՞յ գոյատեւել որպէս ինքնուրոյն լեզու, իր ուրոյն բառագանձով շարահիւսութեամբ, քերականութեամբ եւ ուղղագրութեամբ:

            Անցեալին Հայաստանի մէջ ըսողներ եղան, որ Արեւմտահայերէնը բարբառ է: Այսօր այս արտայայտութիւնը մտածելու պէտք է մղէ Սփիւռքը, որուն ստուար մեծամասնութիւնը կը խօսէր արեւմտահայերէն, կը գրէր այդ լեզուով, կը ստեղծէր գրականութիւն:

            Դեռ այդ ճիգը կը շարունակուի, բայց օղակը տեւաբար կը սեղմուի, ընդհանրապէս հայերէնի նահանջի պատճառով, բայց նաեւ Հայաստան խօսուած եւ գրուած արեւելահայերէնի տարածման. հեռատեսիլային սփռումներ Հայաստանէն, գրականութիւն եւ արտագաղթ:

            Լեզու մը ինքզինք հաստատելու եւ զարգանալու համար պետութեան կարիք ունի, որպէսզի տարածուի ամբողջ ժողովուրդին մէջ: Փակ շրջանակի մէջ մնացող լեզուն կ’ըլլայ շրջանային լեզու, ինչ որ կացութիւնն է գաւառաբարբառներու, որոնք պետութեան կողմէ չեն տարածուիր, չեն պաշտպանուիր:

            Եւրոպա ուսանած սերունդի ճիգերով, կիլիկեան ռամկօրէնի ենթահողին վրայ, Արեւմտահայերէնը կազմաւորուեցաւ եւ զարգացաւ Արեւմուտքի (Վենետիկ) եւ օսմանեան կայսրութեան մէջ, որուն մէջ էր Արեւմտահայաստանը, ուր հայութիւնը, հակառակ հալածանքներու, կ’ապրէր որպէս ինքնուրոյն ընդունուած ժողովուրդ (միլլէթ), հանդուրժուած մշակութային ինքնավարութեամբ:

            Սփիւռք(ներ)ը, իր համրանքով, յարաճուն ընթացքի մէջ է. հայրենահանուածներ, Հայաստանէն արտագաղթողներ, ծագումով հայեր եւ ի հարկէ՝ սփիւռքածին սերունդներ: Ոչ հեռաւոր անցեալին, սփիւռքը, տիրական կերպով հայրենահանուածներն էին, ցեղասպանութենէն ճողոպրածներ: Այդ սփիւռքի բանաւոր եւ գրաւոր լեզուն արեւմտահայերէն էր: Ճիշդ է, սփիւռքի կազմաւորման վաղ շրջանին արեւելահայ քաղաքական-գրական մտաւորականութիւն մը ապաստանած էր սփիւռքի զանազան շրջանները, գրած էր արեւելահայերէն (դասական ուղղագրութեամբ), խօսուած եւ գրուած արեւմտահայերէնի վրայ չէր ազդած:

            Իրանէն մեծ թիւով հայերու արտագաղթի պատճառով, մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներ, արդէն ամերիկերէնի դէմ ինքզինք պահելու դժուարւթիւն ունեցող արեւմտահայերէնը ենթարկուեցաւ նաեւ իրանահայերու լեզուական ազդեցութեան, բայց ան չխաթարեց ուղղագրութիւնը, քանի որ իրանահայերը, խօսելով եւ գրելով հանդերձ արեւելահայերէն, չէին հետեւած «արդի կոչուած ուղղագրական բարեկարգում»ին (իմա՛ աբեղեանական): Հայաստանէն տեղի ունեցած առաջին արտագաղթի ալիքը ներգաղթողներու եւ անոնց հին ու նոր ընտանիքներէ կը բաղկանար, անոնք արդէն արեւելահայերէն կը խօսէին եւ ուսանած էին «արդի»ի ուղղագրութեամբ: Իսկ արտագաղթի երկրորդ հզօր, զանգուածային  եւ շարունակուող ալիքը թափ առաւ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, նիւթական պատճառներով արտագաղթողներուն հետ եկան նաեւ ուսումնական մարդիկ:

            Արտաղթողներուն համար Խորհրդային Միութիւնը հայրենիք էր, այդ ըմբռնումով դուրս եկան, դասական կոչուած Սփիւռքին պատշաճելու ոչ մէկ ճիգ ըրին, ընդհակառակն, ապրեցան, խօսեցան, գրեցին, այնպէս ինչպէս կ’ընէին Հայաստան, կամ Խորհրդային Միութեան մէջ, Մոսկուա, Պաքու, Թիֆլիս, Իւզպէքստան կամ Վլատիվոսթոք:

            Լեզուական խառնարան է այսօր Սփիւռքը: Այս կացութեան կը նպաստէ նաեւ համացանցը, քանի որ հեռատեսիլ, մամուլ, գրականութիւն ունենալով անհամեմատօրէն լայն հնարաւորութիւններ, արեւելահայերէնը սովետառուսական բառապաշարով եւ ուղղագրութեամբ, առանց ոեւէ սահմանափակումի, կը տարածուի, ոչ միայն արտագաղթածներու շրջանակին մէջ, այլ նաեւ՝ դասական սփիւռքի:

            Հայաստան խօսուած եւ գրուած արեւելահայերէնը պետական լեզու է եւ կը տարածուի այդ նեցուկով: Կրկնենք. իր սիթըզըն դարձած հազարաւոր նորահայերէն բառերով, ուղղագրութեամբ եւ շարահիւսութեամբ: Արեւմտահայերէնը պետական նեցուկ չունի, պետական տարածում չունի: Այս ալիքին դէմ, նկատի ունենալով նաեւ ընդհանրապէս հայերենի նահանջը, արեւմտահայերէնի շրջանակը հետզհետէ կը սեղմուի: Մեծ ընկերաբան կամ լեզուաբան ըլլալու կարիք չկայ նախատեսութիւններ ընելու եւ հարց տալու՝ մինչեւ ե՞րբ

            Հայաստանի իշխանութիւններուն համար, անցեալին եւ այսօր, արեւմտահայերէնի պաշտպանութիւնը եւ ուսուցումը օրակարգ չէ եղած: Անոնց համար ռուսերէնով հաղորդակցիլ, հիմա օտար լեզուներով, մասնաւորաբար անգլերէնով, աւելի բնական է, հեզասահ, քան՝ արեւմտահայերէնով, եւ՝ յառաջդիմութիւն: Այսօր խօսուած եւ գրուած արեւմտահայերէնի մէջ խուժած են, ֆրանսաբանութիւններ, թրքաբանութիւններ, ամերիկաբանութիւններ, արաբաբանութիւններ, եւ հիմա՝ արդի «արեւեւլահայերէնաբանութիւններ», եթէ ներելի է այսպէս արտայայտուիլ:

            Յարձակումներու թիրախ արեւմտահայերէնը այսօր ինքնապաշտպանութեան միջոցներ չունի: Հաւատաւորներ կը փորձեն զայն պահել հետզհետէ նեղցող շրջանակներու մէջ: Մարդորսական պատեհապաշտութիւններով, յաջորդական տեղատուութիւններով, արեւմտահայերէնը ե՛ւ կ’աղճատուի ե՛ւ կ’աղքատանայ: Հոս մեծ է պատասխանատութիւնը սփիւռքի ղեկավարութիւններուն, որոնք, կեղծ արդիականութեան տուրք տալով, որպէս հաղորդակցական լեզու կը գործածեն տեղական կամ «համաշախարհային» համարուած լեզուները, կամ՝ իրենց չտիրապետած արեւելահայերէնը:

            Բացի երկու կամ երեք, ոչ աւելի, փակ շրջանակներէ, արեւմտահայերէնը եւ անոր պաշտպանութիւնը ո՛չ օրակարգ են եւ ո՛չ ալ անմիջական կենսական մտահոգութիւն: Գործնապաշտական հրամայականներու մէջ օղակուած զանգուածներուն համար այս խնդիրը երկրորդական անգամ չէ: Եթէ ըլլար՝ հաշիւ կը պահանջէին: Արեւմտահայերէնի վերջին ովասիսները դեռ կը փորձեն կուրծք տալ հոսանքին: Ովասիներու մէջ, բախտաւոր պարագային փոքրամասնութիւն մը կը զբաղի այս հարցով, ընտրանիի մը համար՝ որ պիտի շարունակէ արեւմտահայերէն խօսիլ եւ գրել: Բայց այս հարցով ազգային-քաղաքական խորքային քաղաքականութիւն չկայ:

Արեւմտահայերէնի հարցը Հայաստանի իշխանութիւններուն համար իրաւ օրակարգ չէ եւ օրակարգ պէտք է ըլլայ: Ան ցարդ ցեղասպանութենէն վերապրածներու լեզուն էր, անով կը շարունակուէր այդ ժողովուրդի գրականութիւնը, որ հայ գրականութիւն էր եւ է, եւ հոգեմտաւոր ժառանգութիւն կը փոխանցէր: Արեւմտահայերէնի կորուստը իրեն հետ կը տանի ե՛ւ Արեւմտհայաստանի ե՛ւ ցեղասպանութեան յիշողութիւնը, եւ տփիւռքը կը դադրի ազգի շարունակութիւն ըլլալէ, կը վերածուի իր ինքնութենէն պարպուած հաւաքականութիւններու, ժամանակ մըն ալ շաբաթավերջին հայերէն երգելով եւ հայկական ծէսով մկրտութիւններով, ամուսնութիւններով եւ թաղումներով:

            Հայաստանը եթէ ազգային-քաղաքական հեռանկարային միութեան գիտակցութեամբ յայտարարէ, որ նաեւ Արեւմտահայերէնը բանիւ եւ գործով պետական լեզու է, հեռատեսիլ, ձայնասփիւռ եւ մամուլ լայն տեղ բանան արեւմտահայերէնի, ան շուտով կը գտնէ իսկական վերականգնումի ճամբան:

Իսկ եթէ ազգային բարձրամակարդակ գիտակցութեամբ հայերէնի ուղղագրութիւնը վերագտնէ իր հարազատութիւնը, եթէ խօսուած եւ գրուած լեզուն ազատագրուի այն հազարաւոր օտար բառերէն, որոնք հայերէնի հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունին եւ փոխարինուին հայերէն բառերով, ժամանակին հետ քայլ պահելու համար հայերէն արմատներու վրայ ստեղծուած բառերով, արեւելահայերէն-արեւմտահայերէն տարբերութիւնը կը նուազի եւ կ’իրականանայ մերձեցումը:

            Այս արմատական բարեփոխումները օտարները պիտի չընեն: Այս ազգային-քաղաքական-հեռանկարային խնդիր է: Մե՛նք պիտի ընենք: Եթէ չընենք, ժամանակի ընթացքին, ազգը կը կորսնցնէ իր հզօրանալու եւ միանալու հնարաւորութիւնները:

            Այս խնդիրները պէտք է դարձնել զանգուածներու խոր մտահոգութիւնը եւ անոնց գիտակցուած պահանջին կռթնած համազգային շարժումով պարտադրել եւ ստեղծել միացման եւ վերականգնումի հակա-էսթէպլիշմընթային նախաձեռնութիւնները:

Շրջանցելով նահանջող եւ նահանջած ասպետները, խօսիլ ժողովուրդի ողջախոհութեան:

            Այս հարցը մեծ կամ փոքր դիրքապաշտութիւններէն եւ ախտաւոր հաշուեյարդարներէ վեր է: Լինել-չլինելու համազգային հարց, ներսի եւ դուրսի համար:

            Մեր պատշաճեցումներէն եւ կապկումներէն պահ մը ձերբազատուելով, մտածենք Ավետիք Իսահակեանի հետ, որ ըսած է. «Սուտ է այն լուսաւորութիւնը, որ պիտի լինի օտարի լեզուով: Այդպիսի դիպուածում դուք ձեր զաւակները օտարացնում էք ձեզանից: Նրանց զաւակները անունով միայն կը լինին հայ, իսկ յաջորդ սերունդները աւելորդ կը համարեն այդ անունը կրել իւրեանց վրայ: Ուրեմն խելամիտ եղէ՛ք, եւ թող ձեր դպրոցներում հնչի մայրենի լեզուն»: