ՀՅԴ Հայ Դատի Նիտըրլանտներու «Գարեգին Նժդեհ» Երիտասարդական Միութան Անդամներու Ցոյցը Հաագայի Միջազգային Դատարանին Առջեւ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Հայ Դատի Նիտըրլանտներու «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութեան անդամները ցոյց ըրած են Հաագայի միջազգային դատարանին առջեւ, ուր տեղի կ՝ունենային «Ազրպէյճան ընդդէմ Հայաստանի» գործով հրատապ միջոցներու վերաբերեալ բանաւոր լսումները: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Երկիր»-էն։

Յիշեցնենք, որ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ մեկնարկած են Ազրպէյճան ընդդէմ Հայաստանի գործով հրատապ միջոցներու վերաբերեալ բանաւոր լսումները: Դիմողին կողմէ ներկայացուած են հրատապ միջոցներ կիրառելու վերաբերեալ պահանջները, որոնց ի պատասխան՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացուցած է հիմնաւոր հակափաստարկներ:

Լսումներուն ընթացքին ՄԻԵԴ-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան ներկայացուցած էր բազմաթիւ ապացոյցներ, որոնք կը վկայեն Ազրպէյճանի կողմէ ցեղական զտման մտադրութեան, հայ գերիները խոշտանգելու, նուաստացնելու մասին:

«ՄԱԿ-ի Միջազգային դատարանը պէտք է միջանկեալ միջոցներ ձեռնարկէ Ազրպէյճանի դէմ ՝ Հայաստանի կողմէ ներկայացուած ռասայական խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման միջազգային պայմանագրի խախտման վերաբերեալ հայցի քննարկման ընթացքին: Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն հայերուն հանդէպ դաժանութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ իրենց վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական պատմամշակութային արժէքները ոչնչացնելու քաղաքականութիւնը: Ազգութեամբ պայմանաւորուած՝ ատելութիւնը այնքան տարածուած է, որ անկէ կը տառապի գրեթէ ողջ ազրպէյճանական հասարակութիւնը։ Սերունդէ սերունդ կը սերմանեն վախ եւ ատելութիւն ամէն ինչի նկատմամբ, որ կապուած է Հայաստանի հետ»,- յայտարարած էր Կիրակոսեանը։