Մոսկուայի եւ Կարսի Պայմանագրերը Անարդարութեան Դրսեւորումներ են Հայութեան Հանդէպ․ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան

Հայաստան, Սփիւռք

Քեմալաբոլշեւիկեան փոխհամաձայնեցուած ռազմաքաղաքական համագործակցութեան հետեւանք հանդիսացող՝ Մոսկուայի 1921թ. Մարտ 16-ի եւ անոր ածանցեալ՝ Կարսի 1921թ. Հոկտեմբեր 13-ի պայմանագրերը հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներու կոպիտ ոտնահարումներ են եւ Սեւրի դաշնագրի չէզոքացման փորձ։ Այս մասին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան՝ Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագրերու 100-ամեակին նուիրուած «Հայաստանը եւ տարածաշրջանը. դասեր, արժեւորումներ, հեռանկարներ» խորագրով միջազգային գիտաժողովին, որ ընթացք առաւ այսօր, Հոկտեմբեր 19-ին,
Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութեան Ազգային Ակադեմիային մէջ։

«Կարսի փաստաթուղթի վաւերականութեան հարցը արդիական է նաեւ մեր օրերուն, քանի որ անով պայմանաւորուած է ներկայ հայ-թրքական սահմանը»,- ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը։

Անոր դիտանկիւնէն՝ ակնյայտ իրողութիւն է, որ այդ պայմանագրերը անարդարութեան դրսեւորումներ են հայութեան հանդէպ, սակայն, ըստ անոր, հիմնախնդիրը ոչ այնքան այդ անարդարութեան վերահաստատումն է, որքան նոր անարդարութիւններէ խուսափելու ելքեր փնտռելը։