Տարեդարձներ եւ Աւելին – Ա. Պատմութեան Սրբագրումի Երթ եւ «Ծուռ Անիւ». (Ս. Մահսէրէճեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Քանի մը օր առաջ, սուգի եւ կորուստի տրամադրութիւններով նշեցինք Արցախի անկախութեան 30-րդ տարեդարձը: Տուեալ պայմաններուն մէջ, յիշատակումը բնականաբար հնչեղ չէր:

Քանի մը օրէն պիտի տօնենք Հայաստանի անկախութեան վերահաստատման 30-րդ տարեդարձը ( «գունագեղ» կամ «ողբերգական» որակումները մէկդի ձգենք պահ մը):

Շուտով պիտի յիշատակենք 44-օրեայ պատերազմին շղթայազերծման տարեդարձն ու ահաւոր հետեւանքներով վախճանին տասներորդ ամիսը (հոս չմտնենք ծանօթ բայց չմաշած, այժմէական մանրամասնութիւններուն մէջ):

Այս օրերուն կը յիշատակենք նաեւ բազում այլ իրադարձութիւններ: Օրինակ՝ ազերիական ուժերու Հայաստան թափանցումին եւ մեր հողերուն վրայ հաստատումին չորրորդ ամիսը: Նոր խորհրդարանի ընտրութեան երկրորդ ամիսը: Եթէ փնտռենք՝ օրացոյցին վրայ գրեթէ ամէն օր կամ ամէն շաբաթ կրնանք գտնել նման ուշագրաւ իրադարձութիւններու յիշատակման օրեր…: (Եթէ կարկինը տարածենք, կրնանք օրացոյցին վրայ աւելցնել Աֆղանիստանը, Ռուսիա-Պիելոռուսիա միութենական քայլերը, Ատրպէյճան-Թուրքիա զինակցութեան տարածումը՝ դէպի Հիւսիսային Կիպրոս, Փաքիստան եւ այլուր, Սուրիոյ նորագոյն զարգացումները, Լիբանանի մէջ նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը, Իրանի մասին իսրայէլեան նոր արշաւներ ցոյց տուող «բացայայտումները»: Վստահաբար մտածող ըլլայ՝ բայց նման իրադարձութիւններ՝ մեզի ի՞նչ…)

Այս պայմաններուն մէջ, եւ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններուն «փոշին գետին չիջած», Հայաստան շուտով պիտի մխրճուի տեղական-մարզայի ընտրութիւներու ոլորապտոյտին մէջ, ու պիտի պատահի այն՝ ինչ որ պատահեցաւ 20 Յունիսի ընտրութիւններու նախօրեակին. Ճիգ, ուշադրութիւն եւ կարողականութիւններ պիտի կեդրոնացուին այդ ոլորտին, լուսարձակները զգալապէս հեռացնելով ԲՈՒՆ ՀԱՐՑԵՐԷՆ, ՏԱԳՆԱՊԱԼԻ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ: Սա առիթ մը պիտի ըլլայ իշխանութեան՝ ընդարձակելու իր ենթահողը, որուն բացայայտ հետեւանքներուն մասին կրնանք երկար խօսիլ՝ առանց մարգարէի յաւակնութիւններու:

***

Վերոյիշեալ ու բազմաթիւ այլ իրադարձութիւններ, Հայաստանի համար առաւելաբար

աննպաստ զարգացումներ տեղի կ’ունենան մեր հայրենիքի ներքին բեմին վրայ այլապէս ընթացիկ եւ անխուսափելի քայլերու զուգահեռ. ընթացիկի խորագիրին տակ դասուող զարգացումները, որոնք խորքին մէջ որեւէ երկրի քաղաքական, մշակութային եւ տնտեսական-ընկերային ու յարակից իրադարձութիւններուն առօրեան կը կազմեն, ստեղծած են այնպիսի վիճակ մը, որ կը յիշեցնէ անգլերէնով ծանօթ խօսքը. «Ծառերը արգելք կ’ըլլան որ անտառը տեսնենք» (Cannot see the wood for the trees): Օրինակի համար, եւ փաստացի կերպով, համաճարակին (որ դարձեալ սկսած է մտահոգիչ տարածք ստանալ) դէմ պայքարը, հոս-հոն իրականացուող շինարարութիւններ ու անոնց շուրջ ստեղծուած աղմուկներ, շուկաներու վիճակ, դատական, օրինազանցներու հետապնդման, ջրամատակարարման եւ նմանօրինակ հարցեր (ցանկը չերկարենք) այնքան տեղ կը բռնեն մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին առօրեային մէջ (կրկնենք, ասոր մէջ անբնական բան չկայ), որ էական հարցերը երբեմն կը մնան ասոնց շուքին մէջ, կը լուսանցքայնանան (կամ կը լուսանցքայնացուին. Դիտումնաւո՞ր կերպով, թէ՞ անգիտակցաբար՝ կարեւոր չէ): Այլ խօսքով, այս «մանր հարցերը», որոնք կը ներկայանան իբրեւ առանձին ծառեր, այնքան մը կը գրաւեն հանրութեան տեսողութիւնը, որ տարածուն հայրենիք-անտառին դիմաց կանգնող բարդ հարցերը ձեւով մը կը դառնան անտեսանելի, դուրս կ’իյնան ամբողջութիւնը դիտելու տեսողութեան դաշտէն:

***

Եթէ փորձենք ամբողջ «անտառը» տեսնել, գետնի վրայ, ի՞նչ իրականութիւններու համայմապատկեր մը կը պարզուի մեր դիմաց:

Եւ քանի որ սկսանք յիշատակելի թուականներու նշումով, ու քիչ մըն ալ կրկնութիւն ընելու գնով՝ արձանագրենք քանի մը գլխաւոր հանգրուան եւ իրողութիւն:

30 տարի առաջ, Հայաստանի ժողովուրդը ջախջախիչ մեծամասնութեամբ որոշեց անկախանալ դէպի քայքայում գացող Խորհրդային Միութենէն: Ստեղծուած՝ անկախական եւ ինքնիշխանութեան, սեփական ճակատագիրին տէր կանգնելու երթին՝ հսկայական եւ անփոխարինելի նպաստ բերաւ Արցախեան Շարժումը, որ ծայր առած էր անկէ աւելի քան երեք տարի առաջ, Փետրուար 1988-ին, եւ որ աւելի ուշ վերածուեցաւ լայնածիր պատերազմի, մեզ հասցուց ստալինեան պատմական կարգ մը սխալներու արիւնո՛վ սրբագրումին. Արցախը, բազում զոհերով եւ անհաշուելի զոհաբերութիւններով, ինքզինք անջատեց Ատրպէյճանէն, յայտարարեց, որ պիտի ըլլայ ինքնիշխան, անկախ, վախճանական նպատակ ունի վերամիանալ Հայաստանին, որմէ անիրաւաբար խլուած էր (հիմա քիչ մը մոռցուած Նախիջեւանին նման) աւելի քան 65 տարի առաջ: Հայաստան բանիւ եւ գործով մասնակից էր այս ռազմաքաղաքական գործին: Պատմութեան յաջորդ հանգրուաններն ու փուլերը ծանօթ են եւ մաս կը կազմեն մեր ապրող պատմութեան, այսինքն՝ ապրող սերունդներու կեանքին:

Մեր պատմութինն ու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը իր ճիշդ հունին վերադարձնելու երթը, հակառակ այլանդակ «այլախոհներու» եւ մեզի պարտադրուող աննպաստ պայմաններուն, շարունակուեցաւ աննահանջ, կտրելով ցնցիչ փորձութիւններ՝ ներքին թէ արտաքին ոլորտներու մէջ (անկարելի է ներքիններն ու արտաքինները տարանջատել բոլորովին): Ու եղան մէկէ աւելի իշխանափոխութիւններ, եղան 27 Հոկտեմբերի ու 1 Մարտի դէպքեր, եղաւ «ֆութպոլային քաղաքականութիւն»-ը եւ անկէ բխած փրոթոքոլները, որոնք վիժեցան արդարօրէն: Եղան Հայաստան-Ատրպէյճան բազմահանգրուան բանակցութիւնները, որոնց հովանի տուաւ Մինսքի խմբակը, սակայն այդ գիծը անկարող եղաւ արգելակելու մեծ ու փոքր ճակատումները: Սահմանային բախումները դարձան «սովորական», յետոյ արձանագրուեցան աւելի արիւնալի ճակատումներ, որոնց մէկ գագաթնակէտը կազմեց 2016-ի քառօրեայ պատերազմը: Ունեցանք մարդկային եւ հողային կորուստներ, սակայն ըստ ամենայնի, հայկական կողմը այդ բոլոր հանգրուանները կտրեց յաղթականի՛ կամքով եւ իրականութեան գետնի վրայ: 2018-ի իշխանափոխութենէն ետք իսկ, եւ անկախ՝ «հին»-ի-«նոր»-ի մասին ճիշդ ու անտեղի յանկերգներէն, նոր յաղթանակ արձանագրուեցաւ 2020-ի ամառը, Տաւուշի մէջ, երբ նոր իշխանութիւնը մեր բանակը յաղթական գտաւ Ատրպէյճանի դէմ ճակատումին, մեր պաշտպանական ճակատը՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, հռչակեց անխորտակելի եւ անառիկ: Այս բոլորը հայութիւնը (եւ ոչ միայն նախկին ու նոր իշխանութիւնները) մեր պատմութեան մէջ արձանագրեցին հպարտանքով: Մեր նահատակներն ու հողային մանր կորուստները ԻՄԱՍՏ ունեցան: Անպայմա՛ն որ սգացինք նահատակներուն համար, ցաւեցանք կորուստներուն ի տես, սակայն նաեւ ԱՊՐԵՑԱՆՔ թշնամիին նպատակներուն վիժեցման բերկրանքը: Հոն, հինն ու նորը նո՛յն խրամատին մէջ էին, յաղթանակը ամբո՛ղջ հայութեանն էր, Արցախէն մինչեւ Հայաստան եւ Սփիւռքի չորս ծագերը, իսկ պարտութիւնը՝ Ատրպէյճանին ու մի՛շտ անոր զօրավիգ կանգնող Թուրքիոյ:

Պատմական այս իրականութիւնները կ’արձանագրենք ու պէ՛տք է յիշենք առանց չափազանցեալ զգացականութեան, այլ իբրեւ մեր կեանքին ու նորագոյն պատմութեան մէջ արձանագրուած փաստ:

***

Այդ բոլորէն ետք, հասաւ 44-օրեայ պատերազմը եւ մեր պատմութեան անիւը «ծուռ դարձաւ»:

Արդէն մօտաւորապէս տարի մը անցած է պատերազմին շղթայազերծումէն ասդին. հետեւանքները կը մնան գետնի վրայ, արձանագրուած են իբրեւ դաժան ժառանգութիւն: Բազում բացայայտումներ եւ հակասական տեղեկութիւններ հրապարակ եկած են պատերազմին պատճառներուն, գետին պատրաստող արարքներու, ներքին ու շրջանային շահերու խաչաձեւումին կամ զանոնք իրարու ներդաշնակելու իրական կամ սին ճիգերու մասին: Տարի մը ետք, անծանօթ բաները (ժամանակին ասոնք կը կոչուէին «պատմութեան սպիտակ էջեր») շատ աւելի են, քան իրականութիւններն ու լուսաբանողը: Բացայայտ է, որ իշխանութեան համար ձեռնտու չէ շատ մը իրակասնութիւններու բացայայտումը, եւ մեր խօսքը չի վերաբերիր միայն պատերազմական գործողութեանց (չ)պատրաստութեան, ընթացքին եւ անկէ բխած՝ երեւցող համաձայնութիւններուն, այլ նոյնքան մըն ալ թաքուն երեսներուն: Եւ ճիշդ հոն է որ կը դժուարանայ մեր դիմաց երկարող ճամբան լուսաւորելու նախաձեռնութիւնը, մեծ հարցականներ կը կախուին իր հասկցած ձեւով քննիչ յանձնախումբ մը կազմելու կառավարութեան իսկական դիտաւորութեանց վերեւ:

Չոր իրականութիւնը սա է. կորսնցուցած ենք (կը հաւատանք որ միայն ժամանակաւորապէս) Արցախի մեծագոյն բաժինը: Թշնամիին յանձնուած են ընդարձակ հողամասեր, որոնք չենք կորսնցուցած պատերազմի մէջ, այլ մաս մը զիչած՝ 9 Նոյեմբերի համաձայնագիրով: Աւելին, իշխանութեան իսկ խոստովանութեամբ, Ատրպէյճանի յանձնուած են հողեր, որոնք նկատի չէին առնուած համաձայնագիրին մէջ: Ունինք բազմահազար զոհեր, վիրաւորներ եւ հաշմանդամներ, կան տուն-տեղ կորսնցուցած հազարաւորներ, որոնք կը վերաբնակեցուին Արցախէն մնացած բաժինին (որ զերծ չէ «Դամոկլեան սուր»-է) եւ Հայաստանի մէջ: Կան անորոշ թիւով գերիներ, կորսուածներ: Ատրպէյճան չէ բաւականացած Արցախի մեծագոյն մասը կուլ տալով ու յայտարարելով, որ «Արցախի հարցը լուծուած է», այլ ոտք ու բանակները երկարած է դէպի Հայաստան, կ’անտեսէ Հայաստան-Արցախի, Մինսքի խումբի անդամներու եւ այլոց այն պնդումը, որ հարցը չէ լուծուած: Տաւուշէն մինչեւ Սիւնիք ու Արարատեան շրջան՝ թիրախաւորուած են իբրեւ անմիջական «ճաշատեսակ»: Անորոշ տարածքով հողամասեր բռնագրաւուած են, ազերիական ուժեր հաստատուած են նոյնինքն Հայաստանի պատկանող հողերու վրայ, գիւղացիներ հեռացուած են իրենց պապենական օճախներէն, բազմաթիւ գիւղեր ու աւաններ ինկած են ազերիական անմիջական հսկողութեան տակ. այս իրականութեան նորագոյն զարգացումին ականատես ենք վերջին օրերուն. Սիւնիքի մէջ, Հայաստանը Իրանին կապող կենսատու ճամբէն մաս մը ուղղակի բռնագրաւուած է Ատրպէյճանի կողմէ, հռչակուած է ազերիական հող, անցորդները կը խուզարկուին եւ տուրքի կ’ենթարկուին: Իրականութիւն է նաեւ, որ Հայաստանի վարչապետը եւ բարձրաստիճան պատասխանատուներ նախ՝ թրքական անունով կոչեցին կարգ մը գրաւեալ շրջաններ, յետոյ ալ նոյնինքին վարչապետը (անկախութեան 30-ամեակէն հազիւ շաբաթ մը առաջ), մոռնալով սահմանադրական իր երդումը, խորհրդարանին առջեւ յայտարարեց, թէ կ’ընդունի պաշտօնապէս, որ հարաւի այդ շրջանները «խորհրդային տարիներու վարչական բաժանումներու քարտէսներուն համաձայն ազերիական են» (իսկ ո՞ւր մնացին սահմանագծում ու սահմանազատում հասկացութիւնները…): Սա այն «ղեկավար»-ն էր, որ քանի մը ամիս առաջ պատրաստ չէր Սեւ Լիճին մէկ մասին համար պատերազմի մէջ մտնելու, այս կամ այն գիւղացիէն խլուածը պաշտպանելու, նաեւ կը խօսէր խաղաղասիրութեան (ու խաղաղութեան սիրոյն՝ գործնապէս ամէն զիչում կատարելու) եւ վերականգմումի, «Հայաստանի մէջ ապագայ կայ»-ի մասին, դէպի Վրաստան տանող ճամբաներուն վրայ քանի մը «կղզեակներու» ազերիներուն պատկանած ըլլալուն մասին:

***

Չոր իրականութիւններուն մաս կը կազմեն նաեւ այն «մանր հարցերը» (խորքին մէջ անոնք մանր չեն), որոնք օր աւուր կը յարուցուին քաղաքական բեմին վրայ եւ հանրութեան ու քաղաքական բեմի դերակատարներուն ուշադրութիւնը կը շեղեն դառն իրականութիւններէն, կ’արգելակեն ճիշդ ճամբուն վերականգնումը: Նման «հնարք»ներ են ընդդիմադիրներու բանտարկութիւնն ու հետապնդումները, խորհրդարանական յանձնախումբերու նախագահի-փոխնախագահի ընտրութեանց շուրջ ստեղծուած փոթորիկները, «իմաստո՜ւն» ՔՊ-ականներու կողմէ շռայլուող պատմութեան դասերը եւ վերջապէս՝ անկախութեան 30-րդ տարեդարձը «գունագեղ» կերպով տօնելու որոշումն ու անոր մասին տրուած ձախլիկ արդարացումները, չքմեղանքները, ներողամտութեան հայցերը:

Պարզ խօսքով՝ Հայաստանի մէջ այսօր կան տարբեր աշխարհներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը զարգանայ միւսէն անջատաբար, անհաղորդ՝ իրարու, մասն մըն ալ անհաղորդ՝ չոր իրականութիւններուն, որոնց «ծաժեր»-ը, ինչպէս ակնարկեցինք, արգելք կ’ըլլան որ ամբողջ անտառը դուրս իյնայ տեսողութեան դաշտէն («աշխարհներուն» մասին՝ յաջորդիւ):