Յոյս Ունինք, որ Հայաստանը Պիտի Ենթարկուի Հրադադարին եւ Որեւէ Սխալ Պիտի Չընէ. Թուրքիոյ ՊՆ

Աշխարհ, Հայաստան

Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարները այժմեան Թուրքիոյ Քոնիա քաղաքին մէջ ներկայ եղածեն իրենց ռազմաօդային ուժերու «TURAZ բազէ 2021» զօրավարժութիւններու ծիրէն ներս իրականացուող ձեռնարկին: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով milliyetcom.tr-ը։

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է թուրք-ազրպէյճանական զօրավարժութիւններու կարեւորութեան, երկկողմ յարաբերութիւններուն եւ Հայաստանէն ունեցած սպասելիքներուն:

Ան խօսած է նաեւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք գործարկուած ռուս-թրքական մշտադիտարկման կեդրոնի գործունէութեան եւ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ Թուրքիոյ՝ Ազրպէյճանին ցուցաբերուող աջակցութեան մասին.

«Յաջողութեամբ աւարտած ռազմական գործողութենէն ետք հիմնուած համատեղ կեդրոնին մէջ Թուրքիոյ զինուժը եւ ռուս զինուորականները միասին ծառայութիւն կ՝իրականացնեն՝ կը հետեւին հրադադարին, միասին ջանքեր կը գործադրեն հրադադարը մնայուն դարձնելու համար: Միաժամանակ, Թուրքիոյ զինուժը իր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ ջանքեր գործադրած է եւ կը գործադրէ ինքնաշէն պայթուցիկներու յայտնաբերման, վնասազերծման ու ականազերծման գործին մէջ»:

Աքարի դիտարկումով՝ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ կնքուած «Շուշիի հռչակագիրը» ցոյց կու տայ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան առկայ մակարդակը ու սահմանի վրայ յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման ճանապարհային քարտէզը:

Հայաստանի վերաբերեալ Աքար ըրած է հետեւեալ շեշտադրումները. «Կարեւոր է, որ մեր յարգարժան նախագահի եւ պարոն Ալիեւի կողմէ Հայաստանին մեկնուած խաղաղութեան ձեռքը, խաղաղութեան հասնելու համար եղած առաջարկը ստանայ փոխադարձ արձագանգ: Թէեւ առ այսօր, ցաւօք, որեւէ պատասխան չէ եղած, բայց կան որոշ նշոյլներ: Մեր նպատակն է, որ կողմերը ապրին խաղաղ, ապահով եւ բարեկեցիկ: Յոյս ունինք, որ Հայաստանը պիտի ենթարկուի հրադադարին, որեւէ սխալ պիտի չընէ, եւ տարածաշրջանին մէջ հրադադարը պիտի դառնայ մնայուն եւ պիտի ապահովուի կայունութիւնը»: