«Սատարենք Մեր Հերոսներին» Կազմակերպութեան Դրամահաւաքը՝ Շորվողլեան Ընտանիքի Յարկին Տակ ԱՄՆ

Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի քառօրեայ պատերազմի երկրորդ օրն իսկ, 2 Ապրիլ 2016ին, Վիգէն Արապեան եւ Հրաչ Սիմոնեան բեռնատար մեքենայ մը ուղարկեցին Արցախ, մեր զինուորներուն անմիջական կարիքներ հոգալու նպատակով։ Մեքենան լեցուած էր հազարաւոր պահածոներով՝ խտացուած կաթ, մսեղէն եւ ջուր։ Այդ օրուընէ սկսեալ մէկը միւսին ետեւէն ընթացք առին օժանդակութեան բազմատեսակ ծրագիրներ, որոնք մինչեւ օրս կը ծաւալին ու կը շարունակուին ներկայի ճգնաժամային եւ ապագայի ուժեղացումի պէտքերուն հասնելու համար։ Հետեւաբար ստեղծուեցաւ «Սատարենք Մեր Հերոսներին» (Support Our Heroes, SOH) ոչ-հասութաբեր բարեգործական կազմակերպութիւնը։

 Այսպէս, արդէն իսկ Արցախի բանակին ուղարկուած են հետեւեալ օժանդակութիւնները.

 – 4400 քնապարկ (sleeping bags)

 – 3400 անձրեւանոց հագուստ (ponchos)

 – 400 զինուորական վրան

 – 1000 ջուրի դարաններ՝ 20 լիթր տարողութեամբ (cannisters)

 – 17,200 զինուորական ջրամաններ՝ 1 լիթր տարողութեամբ (water canteens)

 – 80 շարժական մարտկոցներ (power banks)

 – 6 Toyota 4×4 Landcruiser մակնիշի բժշկական կահաւորումով շտապ օգնութեան մեքենաներ

 – 28 «Ինվերտային» հոսանգածին շարժիչներ (generators):

  Ընթացիկ ծրագիրներն են.

 – Ստեփանակերտի Զինուորական հիւանդանոցի տարածքին մէջ մասնագիտացած վերականգնողական կեդրոն

 – Մարտակերտի Զինուորական հիւանդանոցի վերակառուցում

 – Արցախի վերաբնակեցման աշխատանքներ

 – Արցախի Նախիջեւանիկ գիւղին մէջ 16  3 ննջասենեականոց տուներու կառուցում, կահաւորումով եւ պարտէզով։

 – «Թեւեր» ծրագրաւորման դասընթացքներու եւ աշխատանքային կեդրոնի ծրագիր Նախիջեւանիկի մէջ։

2019ին անժամանակ մահացաւ այս կազմակերպութեան սատարող ընկեր մը՝ Հրայր Նալպանտեան։ Անոր հարազատ ընկերները եւ ընտանիքի պարագաները միասնաբար որոշեցին անոր անունով հիմնել Ստեփանակերտի զինուորական հիւանդանոցի վերականգնողական կեդրոնը, նոյն հիւանդանոցի ներքնայարկին մէջ։ Այս ծրագիրին առաջին հանգրուանը հազիւ աւարտած էր, երբ սկսաւ տխրահռչակ 44օրեայ պատերազմը։ Այդ ցաւալի օրերուն, հոն էր որ մեր բազմահարիւր վիրաւոր զինուորները կը բերուէին խնամք ստանալու համար, եւ նկատի ունենալով, որ անիկա ներքնայարկ էր, ուրեմն նաեւ համեմատաբար աւելի ապահով վայր մը կը սեպուէր։

Ծրագիրը արդէն իսկ բերած էր իր ողջախոհ օժանդակութիւնը։

Այս ծրագիրը, որ սկսաւ 1200 քառ. ոտք տարողութեամբ, ծաւալուեցաւ եւ ներկայիս մասնագիտացած այս կեդրոնը պիտի գրաւէ 12,000 քառ. Ոտք տարածք մը, որուն համար նաեւ պէտք է նոր գումարներ ապահովել։

Ահա այս նպատակին համար էր, որ 29 Օգոստոսին տեղի ունեցաւ դրամահաւաք հաւաքոյթ-ներկայացում՝ նուիրուած այս ծրագրին։

Տէր եւ Տիկին Սուրէն եւ Անի Շորվողլեանները սիրայօժար բացին իրենց բնակարանը եւ ցուցաբերեցին յոյժ գնահատելի հիւրասիրութիւն եւ զօրակցութիւն։ Կազմակերպութեան համահիմնադիր՝ Հրաչ Սիմոնեան ներկայացուց «Սատարենք Մեր Հերոսներին» իրագործումները եւ յառաջիկայ ծրագիրները։ Էտկար Խաչատրեան մեներգեց ազգասիրութեամբ լիցքաւորող երգեր։ Բոլոր հիւրերը բարձր գնահատեցին SOH-ի աշխատանքները եւ կատարեցին նուիրատուութիւններ։ Այդ օր հանգանակուեցաւ շուրջ 85,000 տոլար։

Այս հիւանդանոցի ծրագիրը աւարտելու համար տակաւին կարիքը կայ յաւելեալ 75,000 տոլարի։ Իսկ վերը նշուած, ընթացքի մէջ գտնուող մնացեալ ծրագիրներուն համար կարիքը կայ մօտաւորապէս մէկ ու կէս միլիոն տոլարի։

Այս կարիքներուն հասնելու համար, երաժիշտ Սեպուհ Սիմոնեան, իր ընկերոջ Սերժ Թանգեանի հետ, 26 Սեպտեմբերին ծրագրած է երգահանդէս-դրամահաւաք մը, մասնակցութեամբ բազմաթիւ յարգուած երաժիշտներու եւ արուեստագէտներու։

 «Սատարենք Մեր Հերոսներին»ի անդամները կը հաւատան անխոնջ, ամբողջական նուիրումով աշխատանքին՝ հայրենիքի վերականգման եւ զարգացման ի նպաստ։ Անոնք կը հաւատան, որ առանց հզօր հայրենիքի, բայց մանաւանդ առանց հողի վրայ ապրող եւ արարող ժողովուրդին կարելի չէ երկիր պահել։

SOH USA ոչ շահութաբեր, 501(c)3 կազմակերպութիւն մըն է։

Այցելեցէք www.SOH-USA.org յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար։

(Թղթակցութիւնը՝ կազմակերպութենէն)