Երգի Մը Պատմութիւնը. «Հայորդիք» Երգին Մեսրոպաշունչ Պատգամը. Աւօ Գաթրճեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Հայորդիք» երգին նուիրուած այս նիւթը, ինչպէս խորագիրէն ալ յայտնի կը դառնայ, ուղղուած է հայ զաւակներուն: Այս երգին բառերը առաջին հերթին, պէտք է ըսել, հայկական սփիւռքի համար գրուած են եւ աւելի ծանօթ են սփիւռքահայուն:

Նախ բացատրենք, թէ ինչէ՞ մղուած այս երգը ծնունդ առած է:

Անհրաժեշտ է յիշել պատմական այն իրողութիւնը, որ 1915-ին եւ անկէ ետք Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան շրջանին այդ հողատարածքին ու յատկապէս Արեւմտեան Հայաստանի բնակչութեան` հայերուն դէմ, կատարուեցաւ ցեղասպանութիւն, տեղահանութիւն եւ բռնագրաւում: Այնուհետեւ հայ ժողովուրդի պատմամշակութային ժառանգութեան նկատմամբ երիտթուրքերու որդեգրած ոչնչացման քաղաքականութիւնը շարունակուեցաւ նաեւ հանրապետական Թուրքիոյ մէջ եւ միշտ: Նոյն քաղաքականութիւնը զանազան միջոցներով մինչեւ օրս ալ կը գործադրուի:

Հայոց ցեղասպանութիւնէ մազապուրծ ազատած տարագիր հայութիւնը, անտէր անտիրական, ապաստան գտաւ Մերձաւոր Արեւելքի հիւրընկալ ափերու վրայ: Հոն` անապատի աւազներուն վրայ կամ անշուք պատերու հովանիին ներքեւ սորվեցաւ հայոց լեզուն` այբուբենը, հայ մշակոյթը, պատմութիւնը, ազգային դաստիարակութիւն ստացաւ, կռանուեցաւ հայ պատանիին, երիտասարդին կամքը, անոնք հաղորդուեցան անցեալի փառքերուն, առաքելատիպ հերոսներու ոգիին հետ` ամէն օր վերանորոգելով իրենց ուխտը, ամէն օր քիչ մը աւելի հաստատուն համոզումի վերածելով վերջնական յաղթանակին անխուսափելիութիւնը բոլոր անոնց համար, որոնք գիտեն պայքարիլ ամբողջական եռանդով ու անսակարկ նուիրումով:

Սակայն քանի մը տասնեակ տարիներ ետք, Լիբանանի մէջ, յատկապէս 1975-ին ծայր առած քաղաքացիական պատերազմով պիտի արձանագրուէին հարիւրաւոր զոհեր եւ նիւթական ծանրագոյն վնասներ, այս ատեն ալ բազմահազար հայեր պիտի արտագաղթէին Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Ֆրանսա, Աւստրալիա եւ այլ հեռաւոր շրջաններ:

Հայերու զանգուածային արտագաղթը լիբանանահայ այդ օրուան պատասխանատուներուն համար շատ լուրջ մտահոգութիւն էր, որովհետեւ ազգային տեսակէտէն աղէտի մը բոլոր պայմանները կը լրացնէր:

Օրին լիբանանահայ մամուլին մէջ մեծ տեղ գտան գրութիւններ` արտագաղթի եւ հայութեան նօսրացումի մասին, հոն արձագանգեց յատկապէս հետեւեալ միտքը. «Ուշ կամ կանուխ, հեռաւոր երկիրները, որոնք այսօր իրենց տնտեսական որոշ հնարաւորութիւններով կը հրապուրեն մեր հայրենակիցները, դատապարտուած են դառնալու գերեզմանը բոլոր այն բաղձանքներուն, զորս իւրաքանչիւր հայու հոգիին մէջ կը գտնենք, որքան ալ ան փորձէ «իրապաշտ» ըլլալ, մտածել իբր թէ զաւակներուն մասին, որոնք վաղը անխուսափելիօրէն պիտի օտարանան ո՛չ միայն հայութեան, այլ նաեւ իրենց ծնողներուն համար»:

Վերոնշեալ իրադարձութիւններու պատճառով էր, որ ծնունդ պիտի առնէր «Հայորդիք» խորագրեալ երգը:

Ինչպէ՞ս ծնունդ առաւ այս երգը, եւ որո՞նք են իսկական հեղինակները:

1965-ին լիբանանահայ երիտասարդներէ կազմուած «Տը ֆայվ ֆինկըրզ» («The five fingers», «Հինգ մատներ») նուագախումբը կը ծնի, անոնք նախ կը նուագեն ակումբներու եւ սրահներու մէջ տարբեր տեսակի երաժշտութիւն` փոփ, լատինական, հայկական եւ անգլիական, ինչպէս նաեւ կ’երգէին ֆրանսերէն սիրային երգեր:

Պօղոս Շահմելիքեան եւ Միմօ (Միհրան) Գռուզեան

«Տը ֆայվ ֆինկըրզ» խումբը կը բաղկանայ հետեւեալ անդամներէ. Միմօ (Միհրան) Գռուզեան (երգիչ, երգի բառեր գրող, խումբի ղեկավար), Վագօ Տելլալեան (հարուածային գործիքներ, երգի բառեր գրող, մշակող), Յակոբ Անտեզեան (կիթառ, երգի բառեր գրող, երգող), Պօղոս Շահմելիքեան (պէյս կիթառ, մշակող), Ստեփան Ֆրունճեան (ստեղնաշարային գործիքներ, մշակող):

«Տը ֆայվ ֆինկըրզ» նուագախումբի պէյս կիթառիստ Պօղոսի հետ ազգական (հօրաքրոջս աղջկան ամուսինը) եւ շատ մօտ ըլլալով` յաճախ իր երաժշտական գործունէութեան եւ «Տը ֆայվ ֆինկըրզ» նուագախումբի մասին քննական մօտեցումներով զրոյցներ կատարած ենք, այդ զրոյցներէն մէկն ալ «Հայորդիք» երգի մասին էր ընդհանրապէս:

«Տը ֆայվ ֆինկըրզ» նուագախումբը Պէյրութի մէջ եղած է առաջին խումբերէն, որ գործածած է «CONTINENTAL» կոչուած երաժշտութիւնը, որ տարածուեցաւ Լիբանանի մէջ 1960-ական եւ 1970-ականներուն: CONTINENTAL բառին բառացի թարգմանութիւնը ցամաքային է, այլ խօսքով` աշխարհի բոլոր ցամաքները: Այս պարագային, սակայն, խումբի հաւաստիացումով, բառը շինծու է եւ խորքին մէջ կը ձգտի ըսել` «ամէն տեսակի երգ կ’երգենք»:

1969-ին, երբ խումբին կը միանայ երգի բառեր գրող եւ հարուածային գործիքներ նուագող Վագօ Տելլալեանը, խումբը կը վերակենդանափոխուի, նոր ձեւ կը ստանայ, եւ ահա ան կը դառնայ խումբին շարժիչ ու մղիչ ուժը` իր տեսութիւններով եւ գործելաոճով: Ըստ Վագոյի, իրենց պէս խումբ մը եթէ կ’ուզէ առանձնայատուկ ըլլալ, ապա անհրաժեշտ է, որ խումբին երգերը ինք` խումբը գրէ: Արդարեւ, այդ օրէն սկսեալ խումբին անդամները դարձան երգի բառեր գրող, յօրինող եւ մշակող: Նուագախումբը իր յատուկ ստեղծագործութիւններով եւ բարձրորակ կատարումներով հետզհետէ մեծ համբաւ վայելեց:

1974-ին «Տը ֆայվ ֆինկըրզ» նուագախումբին անդամները, քաջալերուած իրենց հրապարակած անձնական քանի մը երգերէն, որոնք կարճ ժամանակի ընթացքին յայտնի դարձած եւ ունկնդիրներու կողմէ բաւական մեծ ընդունելութեան արժանացած էին, կը մտայղանան նոր երգ մը յօրինել, մանաւանդ այն ժամանակաշրջանին, երբ Լիբանանի պատերազմի պատճառով օտարութեան գիրկը նետուող հազարաւոր հայորդիներ կը լքէին Մերձաւոր Արեւելքը եւ կը չուէին ովկիանոսներէ անդին:

Այս իրողութիւնը բնականաբար հոգեկան, աշխարհագրական, քաղաքական ու մանաւանդ հայ ինքնութեան համար լուրջ մտահոգութիւն պիտի յառաջացնէր` հայկական համայնքները պարպելով այդ շրջաններու հայութենէ:

Մերձաւոր Արեւելքէն ամերիկաներ, եւրոպաներ եւ Աւստրալիա ճամբորդողները, յատկապէս նորահաս հայ սերունդներ պիտի մոռնային իրենց մայրենի լեզուն, իրենց բարքերը, սովորութիւնները, եւ կ’ենթադրուէր, որ կամաց կամաց հեռանային իրենց ազգային պատկանելիութենէն: Ճիշդ ալ հոս էր «Տը ֆայվ ֆինկըրզ» նուագախումբին կարեւոր դերն ու որոշումը, որ յօրինեցին մեսրոպաշունչ «Հայորդիք»-ը` յիշեցնելով հայերուն, որ չմոռնան մեր անուշ հայ լեզուն:

Սակայն, նախքան ձայնագրութեան հրատարակուիլը, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով խումբի անդամներուն մէկ մասն ալ գաղթեց (հետագային բոլորը) արեւմտեան երկիրներ, եւ խումբը ցիրուցան եղաւ: 1976-ին «Տը ֆայվ ֆինկըրզ» նուագախումբը արդէն չկայ: «Հայորդիք» ձայնապնակը տակաւին հրապարակ չէ իջած, սակայն «թաքուն ձեռքեր»-ով արդէն ձայներիզները արձանագրուած կը ծախուին ու կը տարածուին:

Անկասկած որ արուեստի զարգացման եւ տարածման համար անհրաժեշտ է արուեստագէտի հեղինակային իրաւունքի գնահատումն ու պաշտպանութիւնը: Ունինք բազմաթիւ արուեստագէտներ, որոնց իրաւունքները միշտ չէ, որ յարգուած ու պաշտպանուած են:

Այդ շրջանին է, որ երգիչ Փոլ Պաղտատլեան,  օգտուելով «Տը ֆայվ ֆինկըրզ» նուագախումբի բաժանումէն, իր երգահանդէսներուն յաճախ յայտարարած է, որ «Հայորդիք»-ի բառերը իր գրչին կը պատկանին եւ, շատ մը երգարաններու մէջ երգի հեղինակ կը ներկայացուի «Փոլ»-ը:

Դժբախտաբար հայութեան մեծ տոկոսը տակաւին կը կարծէ, թէ «Հայորդիք»-ը Փոլ Պաղտատլեանին կը պատկանի:

«Հայորդիք» երգը իր հրապարակումէն անմիջապէս ետք մեծ արձագանգ գտաւ, եւ տարբեր երգիչներ սկսան երգել այդ երգը, որ բաւական ժողովրդականութեան արժանացաւ:

Երգի պատմագրութեան կարեւորութեան համար անհրաժեշտ է նշել, որ հայ ժողովուրդի բազմատեսակ երգարուեստին մէջ ունեցած ենք օտարներէ փոխ առնուած երգեր, հետեւաբար «Հայորդիք» երգն ալ փոխ առնուած է 1966-ին հրապարակուած ֆրանսերէն` «Էօն կրեն տը պլէ» երգէն, եղանակը կը պատկանի ֆրանսացի հանրայայտ երգիչ Էնրիքօ Մասիասի (ֆր.` Enrico Macias, իսկական անունը` Gaston Ghrenassia), ծնած է 1938-ին, Քոսթանթինա, Ալճերիա:

Իսկ հայերէն բնագրին բառերը գրուած են «Տը ֆայվ ֆինկըրզ» խումբի երգիչ Միմօ Գռուզեանի եւ պէյս կիթառիստ Պօղոս Շահմելիքեանի կողմէ:

Ծանօթանանք մեծատաղանդ հեղինակներու կենսագրութեան:

Միհրան Գռուզեան, ճանչցուած` Միմօ անունով, երկար տարիներ «Տը ֆայվ ֆինկըրզ» նուագախումբին երգիչը եղած է: Հակառակ իր տաղանդին, իբրեւ երգիչ եւ յօրինող, նախընտրած է միշտ համեստօրէն նուագախումբի անդամներուն հետ մէկ յիշուի: Միմոն` իբրեւ տաղանդաւոր արուեստագէտ, չէ նախընտրած երբեք նուագախումբի անունէն առաջ անցնիլ, միշտ նախընտրած է, որ նուագախումբին հետ յիշուի: Միմոն կրնար անձնական ձայնապնակներ կամ ձայնասկաւառակներ արձանագրել եւ իբրեւ երգիչ` իր անձնական անունը նուագախումբէն զատ պահել, սակայն մնաց հաւատարիմ նուագախումբի ընկերներուն եւ ինքզինք օր մը չգերադասեց: Հոս հարկ է նշել, որ Միմօ երաժշտութեան կողքին եղած է շատ լաւ գծագրիչ, որ մինչեւ օրս իւղաներկով կը գծէ:

Պօղոս Շահմելիքեան ծնած է Պէյրութ, 1945-ին: Նախ բնակած է Էշրեֆիէ թաղամասը, ապա կանուխ պատանեկութեան տարիներուն փոխադրուած են Պուրճ Համուտ: Յաճախած է Նշան Փալանճեան ճեմարան, իսկ երկրորդականի վերջին երեք տարիները` Մխիթարեան վարժարան, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է:

Բացառիկ սէր ունեցած է հայ գրականութեան, նաեւ արեւմտեան գրականութեան, նոյն ժամանակ երաժշտութեան նկատմամբ: Ճեմարանին մէջ բախտաւոր եղած է ունենալով Մուշեղ Իշխանի եւ Գառնիկ Բանեանի նման ուսուցիչներ, որոնք իր մէջ արթնցուցած են հայ գրականութեան սէրը: Այդ մէկը նաեւ կու գայ իր ընտանիքէն: Ընթերցասէր ընտանիքի մէջ հասակ առած է:

1981-ին հաստատուած է Լոս Անճելըս, ուր որոշ շրջան մը կը շարունակէ երաժշտական ասպարէզը` ընկերակցելով գաղութի զանազան հայ երգիչներու, իսկ աւելի ուշ, երբ ընտանիք պիտի կազմէր, որոշեց հրաժարիլ իր այնքան սիրած երաժշտական ասպարէզէն:

Պօղոս Շահմելիքեան «Տը ֆայվ ֆինկըրզ»-ին հետ մնացած է 12 երկար տարիներ, մինչ այդ աշխատակցած է շատ մը նուագախումբերու եւ հայ երգիչներու հետ, սակայն այդ բոլորը ժամանակաւոր են եղած:

«Տը ֆայվ ֆինկըրզ»-ը եղած էր իմ հիմնական խումբը, որուն վրայ այնքա՜ն քրտինք թափած է: Նուագախումբի անդամներուն հետ փորձած են միասնաբար նուաճումներ արձանագրել: Արձանագրած են բազմաթիւ ձայնապնակներ: Միասնաբար երգեր յօրինած, միասին ճամբորդած եւ ճաշակած են լաւն ու վատը: Յաջողութիւններու կողքին, ունեցած են նաեւ ձախողութիւններ: Լաւ յիշատակներու կողքին, ունեցած են յուսախաբութիւններ եւ դժուար օրեր: Իրարու հետ միշտ համակարծիք չեն եղած: Կռուած ու հաշտուած են, սակայն եղած են լաւ ընկերներ:

Պօղոս Շահմելիքեան եւ Աւօ Գաթրճեան

Պօղոս Շահմելիքեանի մասին հոս լուսարձակի տակ կ’առնենք մեր նիւթին հետ առնչուած երաժշտական բնագաւառը միայն, քանի որ Շահմելիքեան գրական ասպարէզի մէջ եւս մեզի ժառանգ ձգեց երկու հատորներ` «Յիշատակներ. անցած օրեր» (հայերէնով), որուն անգլերէն թարգմանութիւնն ալ կայ, եւ` «Ճամբորդութիւն յիշողութեան մէջ»:

Միմոյի եւ Պօղոսի գրչին պատկանող երգի առաջին երկու տողը` «Հայորդիք, որ կ’ապրիք դուք հեռուն, մի՛ մոռնաք մեր անուշ մայր լեզուն» պատգամով մը կը սկսի` ուղղուած այն հայորդիներուն, որոնք արտագաղթած են ընդհանրապէս Մերձաւոր Արեւելքէն ու մասնաւորապէս` Լիբանանէն: Հոն շատ կարեւոր սլաքներ եւ ընդգծումներ կան, կը խօսուի տէր դառնալու մեր հայոց պատմութեան, օտարութեան մէջ չլուծուելու, զիրար սիրելու, մեր սուրբ պատիւը բարձր պահելու եւ այլ անհրաժեշտ թելադրանքներ` ուղղուած ազգային դաստիարակութեան:

Երգին երաժշտութեան ընտրութեան եւ ոճի մասին կարեւոր կը նկատենք այստեղ մէջբերել Միմօ Գռուզեանին հետ մեր հաղորդակցութիւնը` յատուկ այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ մասնաւորապէս Էնրիքօ Մասիասի «Էօն կրեն տը պլէ» երգին երաժշտութիւնը ընտրուած եւ փոխ առնուած է:

Միմօ մեզի կը յայտնէ, թէ ինք եւ Պօղոս «Հայորդիք» երգին նախ առաջին քանի մը տողերը գրած են այն հանգամանքով, որ համապատասխան երաժշտութիւն մը գտնելէ ետք շարունակեն մնացեալ բառերը գրել: Ապա սկսած են երաժշտութեան կտորներ փնտռել, հոն եւս պայման դրած են, որ երաժշտութիւնը ըլլայ քայլերգային ոճով:

Հակառակ լայնատարած երաժշտական կտորներու փնտռտուքին` կարելի կ՛ըլլայ գտնել «Էօն կրեն տը պլէ» երգը, որուն երաժշտութիւնը այնքան կը համընկնի իրենց գրած հայերէն տողերուն` կարծէք երաժշտութիւնը յօրինուած ըլլայ յատուկ «Հայորդիք» երգին համար: Այսպիսով, Միմօ եւ Պօղոս կը շարունակեն մնացեալ բառերը գրել եւ ամբողջացնել երգին տուները: Միւս կողմէ` անոնք դիտումնաւոր կերպով երգին բառերը ընտրած են պարզ ու դիւրահաղորդ, որպէսզի երգի ոգիին հաւատարմութիւնը ներթափանցէ ունկնդրին:

Երգին երաժշտական տեսակը եռանդուն է, ժամանակի ընթացքին նոյնիսկ փոփոխութեան ենթարկուած է, եւ քայլերգային ոճը աւելի շեշտադրուած է, որուն շնորհիւ երգին բառերն ու երաժշտութիւնը միաձուլուելով` աւելի խանդավառ ու ռազմունակ կը ներկայանայ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք երգին բառերը իր ամբողջական տուներով.

ՀԱՅՈՐԴԻՔ

Խօսք` Միմօ Գռուզեանի եւ Պօղոս Շահմելիքեանի
Երաժշտ. Էնրիքօ Մասիասի

Հայորդի՛ք, որ կ’ապրիք դուք հեռուն,
Մի՛ մոռնաք մեր անուշ մայր լեզուն,
Երգեցէք եւ միշտ խօսեցէք,
Կը տեսնէք, թէ որքա՜ն է անուշ:

Մենք քիչ ենք, բայց կը մնանք միշտ հայ,
Չենք մոռնար մեր մայրենի լեզուն,
Մենք անվերջ ձեռք ձեռքի տալով,
Մեր ազգը միշտ բարձր պահելով:

Բարձր ենք, միշտ բարձր մենք մնանք,
Չլուծուինք, իրար սիրենք,
Մեր սուրբ պատիւը բարձր պահենք:
Չլուծուինք, իրար սիրենք,
Մեր սուրբ պատիւը բարձր պահենք:

Հայորդի՛ք, որ կ’ապրիք դուք հեռուն,
Մի՛ մոռնաք մեր հայոց պատմութիւն,
Պատմեցէք ձեր զաւակներուն,
Որ գիտնան արժէքը հայերուն:

Մենք քիչ ենք, բայց կը մնանք միշտ հայ,
Չենք մոռնար մեր մայրենի լեզուն,
Մենք անվերջ ձեռք ձեռքի տալով,
Մեր ազգը միշտ բարձր պահելով:

Բարձր ենք, միշտ բարձր մենք մնանք,
Չլուծուինք, իրար սիրենք,
Մեր սուրբ պատիւը բարձր պահենք:
Չլուծուինք, իրար սիրենք,
Մեր սուրբ պատիւը բարձր պահենք:

«Հայորդիք» երգը երգուած է բազմաթիւ երգիչներու եւ երգչախումբերու կողմէ:

Խիստ կարեւոր կը զգանք ընդգծել, որ այս երգը տարիներ շարունակ Փոլ Պաղտատլեանի վերագրուած է, ոչ միայն երգահանդէսներու ընթացքին յայտարարուած, այլ շատ մը երգարաններու մէջ կը հանդիպինք երգին կողքին գրուած` «Փոլ»: Ինչպէս նաեւ ըստ ոչ ստոյգ տեղեկութիւններու, երբեմն ալ` առանց խօսքի հեղինակներու նշումով, իսկ երբեմն ալ` բաւարարուած` միայն «Մ. Գռուզեան» յիշատակումով:

Ահաւասիկ այս աշխատութեամբ երեւան կը հանենք Էնրիքօ Մասիասի հեղինակութեամբ ֆրանսերէն «Էօն կրեն տը պլէ» երգը, որ փոխ առնուած է, եւ Միմօ Գռուզեանի ու Պօղոս Շահմելիքեանի բառերու հեղինակութեամբ ծնունդ առած է «Հայորդիք» հայերէն երգը: Երգը բնականաբար հայացուած է կատարելապէս ու կ’երգուի մինչեւ այսօր: Կ’երգուի` հայ ինքնութեան, հայկական անհատականութեան եւ մեր հետապնդած խնդիրներուն առնչութեամբ իր ներկայացուցած այժմէականութեան եւ դիւրահաղորդ ըլլալուն համար: Այստեղ կայ այլ կարեւոր հանգամանք մըն ալ, որ խիստ անհրաժեշտ է նշել. հայացուած երգը` «Հայորդիք»-ը հայութեան շրթներուն վրայ է տասնեակ տարիներէ ի վեր, իսկ ֆրանսերէն երգը, կարելի է ըսել առանց չափազանցութեան,  ընդհանրապէս վերացած է եւ չի սփռուիր ո՛չ ձայնասփիւռի կայաններէն, եւ ո՛չ ալ երգիչներ կը յիշեն այդ երգը:

Մեր աշխատութեան արդիւնքներէն կ’եզրակացնենք, որ «Հայորդիք» երգը իր ազդարարական հնչեղութեամբ, հայագիտական հայեցակարգով, ազգային եւ քաղաքական հոլովոյթով ու բնութագրումով սփիւռքի մէջ ապրող հայ անհատի ձեւաւորման հզօր ազդակ հանդիսացաւ: Միւս կողմէ` մեծ նպաստ ունեցաւ գիր-գրականութեան, հայկական կրթօճախներու եւ զանազան միութիւններու կողքին, որոնց հիմնական պարտականութիւնը սփիւռքի մէջ հայապահպանումը եւ հայութեան գոյատեւման առաքելութիւնն է եղած:

Վերջապէս, այս գեղեցիկ երգը, որ Միջին Արեւելքէն արտագաղթողներուն համար յօրինուած էր այն մտածումով, որ հեռուն` այսինքն ամերիկաները գտնուող հայերուն պէտք է խրատել, որ չմոռնան իրենց մայրենի լեզուն: Ափսոս, որ այսօր սփիւռքի տարածքին ու Հայաստանի մէջ, աշխարհագրական հեռաւորութիւններ ըլլան, թէ ոչ, դժբախտաբար հայոց լեզուի` արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի անկում գոյութիւն ունի: Մանաւանդ սփիւռքի մէջ չի բաւեր «Հայորդիք» երգը լոկ տրամադրութիւններ բարձրացնելու համար երգել ամէն օր, այլ այս երգը, գեղեցիկ լոզունգէ անդին, կեանքի պէտք է վերածուի:

Այլ խօսքով, երգին խորհուրդն ու պատգամը մեզի կը թելադրեն, որ խօսքը գործի վերածենք, անոնք յատկապէս մայրենիին ու ազգային արժէքներու կառչելու, անոնց հաւատարիմ մնալու պատգամ են ու հրաւէր` սփիւռքէն մինչեւ Հայաստան: