Եռատօնի Վերականգնումին Հեռանկարով․ «Ազդակ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Մայիսեան եռատօնը Արցախի վերջին պատերազմէն ետք վերաիմաստաւորուած է, բացասական իմաստով անշուշտ: Բուն իմաստը վերականգնելու համար այսօր դժբախտաբար չկայ համազգային մօտեցում:

Եւրոպական խորհրդարանի վերջին բանաձեւը աշխատանքային ուղիի հարթումի տեսակէտէն ուշագրաւ է: Խորհրդարանը  այս ձեւով կը հաստատէ, որ Արցախի էջը փակուած չէ, եւ Ազրպէյճանը յստակ պարտաւորութիւններ ունի Արցախի ժողովուրդին հանդէպ: Այդ բանաձեւը այնքան անհանգստացուցած է Պաքուն, որ այս բոլորին դիմաց որոշած է իր յարաբերութիւնները խզել Եւրոպական խորհրդարանին եւ համապատասխան կառոյցներուն հետ, մինչեւ Արեւելեան գործընկերութիւն, առկախել իր համագործակցութիւնը:

Քաղաքականօրէն հասկնալի է, որ նոյն բառապաշարներով, եզրերով եւ բովանդակութեամբ հանդէս պիտի չգային Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչները` գործակցութեան կամուրջները պահպանելով կազային եւ ուժանիւթային այլ աղբիւրներով հարուստ Ազրպէյճանի հետ: Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչներու կամ անդամ պետութիւններէն ոմանց Երեւանէն անմիջապէս Պաքու մեկնումը այդ տարբերութիւնը յստակօրէն կ՛ընդգծեն:

Այնուամենայնիւ, Եւրոպական խորհրդարանը ճնշամիջոցային խաղաքարտ կը հրամցնէ իր գործադիր թեւին, Ազրպէյճանի հետ իր տնտեսական եւ քաղաքական առեւտուրներու ընթացքին օգտագործելու համար: Այս մասով տեսականօրէն պիտի համընկնէին Երեւանի եւ Պրիւքսելի մօտեցումները: Այդպէս չէ սակայն իրականութիւնը:

Երեւանը կ՛ուզէ փակուած նկատել Արցախի էջը: Ոչ միայն Արցախի ազատագրումը, այլ նաեւ այնտեղէն բռնատեղահանուած ժողովուրդի իրաւունքներու արծարծումը կը նկատուի թշնամական վերաբերում, ռազմատենչութիւն, Հայաստանի անվտանգութեան գլխաւոր սպառնալիք: Արցախը, որ մեր հայրենիքի անվտանգութեան երաշխիք էր, հիմա դարձած է անվտանգութեան սպառնալիք Երեւանի համար:

Դէպի Եւրոպա իր քայլերը ուղղող Երեւանը չ՛ուզեր անդրադառնալ, որ Եւրոպական խորհրդարանի վերջին բանաձեւը կը խօսի Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքի, ռազմագերիներու անմիջական ազատ արձակման եւ մշակութային ցեղասպանութեան դատապարտումին ու Ազրպէյճանը քրէականօրէն պատասխանատուութեան կանչելու մասին:

Երեւանը կ՛անտեսէ նաեւ այն իրողութիւնը, որ Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ այս հարցերուն արծարծումը չ՛ենթադրեր Եւրոպայի կողմէ պատերազմի յայտարարութիւն Ազրպէյճանի դէմ: Իր յարաբերութիւնները խզած Պաքուն կը շարունակէ եւ պիտի շարունակէ համագործակցիլ եւրոպական միւս կառոյցներուն հետ:

Նման բանաձեւ որդեգրած էր նաեւ Զուիցերիոյ խորհրդարանը եւ յորդորած կառավարութեան, դիմելու Արցախի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներու միջեւ երկխօսութեան հարթակի տրամադրումին: Արցախի ներկայացուցիչները անոնք են, որոնք այս օրերուն դարձեալ կը բանակցին զուիցերիացի խորհրդարանականներուն հետ` իրենց իրաւունքներու պաշտպանութեան համար: Ահա այստեղ է, որ կը շեշտուի Արցախի պետական կառոյցներու գործունէութեան շարունակութիւնը պահպանելու հրամայականը: Արցախի հրաւիրուելիք ներկայացուցիչները Արցախի ժողովուրդին կողմէ ընտրուած ներկայացուցիչներն են, որոնք կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը Արցախի ժողովուրդի կամարտայայտութեամբ, ընդունուած Սահմանադրութեան դրոյթներու հիման վրայ:

Շատ են հանգամանքները Արցախի էջը բաց պահելու: Եռատօնի իմաստի վերականգնումի հեռանկարին ընդառաջ, այսօր անյետաձգելի է`

– Արցախի ընտրուած պետական կառոյցներու պահպանումն ու անոնց գործունէութեան շարունակութիւնը,

– Ռազմագերիներու վերադարձի աշխատանքի աշխուժացումը,

– Միջազգային կառոյցներու մօտ Ազրպէյճանի մշակութային ցեղասպանութեան թէ ընդհանրապէս ռազմական յանցագործութիւններու քրէականացման աշխատանքները,

– Արցախի բռնատեղահանուած ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի ապահովումը` միջազգային երաշխաւորութիւններով:

Եթէ Երեւանը կ՛ուզէ փակ պահել Արցախի էջը, ապա հետզհետէ կը շեշտուի անհրաժշտութիւնը նոր կառուցակարգով աշխատելու: Համակարգումը կ՛ընթանայ արդէն Արցախի պետութեան ներկայացուցիչներու եւ սփիւռքեան կազմակերպութիւններու, այս պարագային Հայ դատի համակարգին միջեւ: