Հրատարակուած է «Կը Խօսին Քընալը Կղզիի Հայերը» Գիրքը

Աշխարհ, Էրկիր, Հայաստան, Սփիւռք

Այս գիրքը Հրանդ Տինք հիմնադրամի պատմութեան ծրագիրին ծիրէն ներս 2011-էն իրականացուող բանաւոր պատմութեան ուսումնասիրութեան արդիւնք է: Գիրքին մէջ, որ կը կազմէ «Լռութեան ձայնը» շարքին եօթներորդ հատորը, ամփոփուած են Քընալըատայի 19 հայերու հետ հարցազրոյցներէն 12-ը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ https://hrantdink.org/-էն։

Գիրքին մէջ, ի լրումն հարցազրոյցներու, որոնք պահպանուած են իրենց խօսակցական ձեւով եւ վերակազմաւորուած` ժամանակագրական ամբողջականութիւն ձեւաւորելու համար, ներառուած են նաեւ Նարօտ Աւճըի ներածական խօսքը Քընալըատայի պատմութեան մասին եւ Ռուտի Սայաթ Փուլադեանի ընդհանուր ակնարկը այս ուսումնասիրութեան եւ հարցազրոյցներուն վերաբերեալ:

Հարցազրոյցներուն ընթացքին զրուցակիցներուն օգտագործած հայերէն բառերը գրուած են շեղ տառերով։ Ծանօթագրութեան մէջ տրուած են անոնց բացատրութիւնը, ինչպէս նաեւ տեղի բարբառին յատուկ որոշ բառերու, յատուկ անուններու, տեղանքներու եւ իրադարձութիւններու մասին հակիրճ տեղեկություններ։

Քընալըատան աւելի քան մէկ դար Թուրքիոյ հայ համայնքի ամենանախընտրելի ամառնային հանգստավայրերէն է: Կղզիին մէջ հայերու բնակեցումը սկսած է 19-րդ դարու սկիզբէն, իսկ կղզիին մէջ առաջին կրթական ու պաշտամունքային կառոյցներուն պատմութիւնը՝ նոյն դարու կէսերէն: Կղզիին մէջ, ուր բնակչութեան մեծամասնութիւնը երկար տարիներ կազմուած եղած է հայերէ եւ յոյներէ, ժողովրդագրական լուրջ փոփոխութեան ենթարկուած 1964-ին Յունաստանի քաղաքացիներու՝ երկրէն վտարուելէն ետք, ապա բնակչութեան կտրուկ աճով, որ կապուած էր կղզիի յոյն բնակիչներու լքուած սեփականութիւններուն վրայ նոր շէնքերու կառուցումով՝ 70-ականներուն։

Այս գիրքը, ինչպէս «Լռութեան ձայնը» շարքին միւս գիրքերը, պատրաստուած է` նպատակ ունենալով լսելի ու տեսանելի դարձնել Թուրքիոյ տարբեր շրջաններու մէջ արմատներ ունեցող եւ Թուրքիոյ մէջ կամ այլուր բնակող հայերու պատմութիւնները: Այս ուսումնասիրութեան ծիրէն ներս իրականացած բանաւոր պատմութեան հարցազրոյցները լոյս կը սփռեն այս մշակոյթի տարբեր դրսեւորումներու վրայ՝ անցյալին եւ ներկայիս, կը մատնանշեն կղզիի կարեւորութիւնը հայ համայնքի համար եւ յատկապէս այն փոխակերպումը, որ ան կրած է վերջին յիսուն տարուան ընթացքին Քընալըատայի մէջ՝ հազուագիւտ բնակավայր, ուր արեւմտահայ մշակոյթը եւ լեզուն կը վերարտադրուի հանրային ոլորտին մէջ: