Արդարախօս Ձեր Հայեացքին Մէջ Ես Կը Գտնեմ Մեր Պայքարի Ուղին Անյաղթ. Թամար Հերկելեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Մանուկ էի,

դեռ անգիտակ

Գաղափարին նուիրական,

մօտեցայ ձեր դէմքերուն՝

այնքա՜ն խոնարհ,

եւ անունները ձեր՝

թոթովանքիս միացած,

ընկեր դարձան

ջինջ երգերուս մանկական։

Դեռ պատանի,

ձեր աչքերուն կայծը տեսայ,

որ ժայթքեցաւ ու ջահ դարձաւ,

ու լո՜յս դարձաւ ու հո՜ւր դարձաւ,

ճամբուն վրայ՝ երազներուս պատանեկան։

Ու երիտասարդ…

ձեր հայեացքով ես պեղեցի

պարարտ հողը Հայրենիքիս,

որ ջրուած էր ձեր տաք արեամբ

եւ պահած էր յոյսեր արդար՝

ընդերքին մէջ աղմկարար։

Եւ ամէն օր, ամէն վայրկեան,

ակնածանքով կը մօտենամ

հոգիներուն ձեր խնկացող,

եւ պարուրուած ձեր ոգիով՝ կը վերանա՜մ,

կը հեռանա՜մ

լոզունգներէ՝ այնքա՜ն շռայլ

ու գործերէ՝ այնքա՜ն մռայլ։

կը վերանա՜մ, կը հեռանա՜մ…

Կը նայիմ ձեր դէմքերուն՝

այնքա՜ն խոնարհ,

ձեր աչքերուն՝ հրացայտ,

եւ արդարախօս ձեր հայեացքին մէջ,

ես չեմ տեսներ

ընկրկումի սեւն ու լեղին,

այլ կը գտնեմ

Գաղափարի սիւնը անխախտ,

մեր պայքարի ուղին անյաղթ։