ՀՅԴ Հայ Դատի Աuստրալիոյ Յանձնախումբի Կազմակերպած Հանդիպման Ընթացքին Թաթոյեանը Ներկայացուցած է ՀՀ Սահմանային Բնակիչներու Իրաւունքներու Խախտումներուն Փաստերը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ Հայ Դատի Աւստրալիոյ Յանձնախումբը՝ այդ երկրի խորհրդարանի անդամներուն հետ՝ Յուլիս 26-ին կազմակերպած է քննարկում ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանի մասնակցութեամբ ազրպէյճանական պատերազմական յանցագործութիւններու, ինչպէս՝ ահաբեկիչներու ներգրաւմամբ, սահմանային բնակիչներու իրաւունքներու եւ գերիներու ազատ արձակման թեմաներով։

Արման Թաթոյեան ներկայացուցած է ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ ՀՀ սահմանային բնակիչներու իրաւունքներու խախտումներուն փաստերը: Մասնաւորապէս, Պաշտպանը ներկայացուցած է ապացոյցներ, որոնք կը հիմնաւորեն, որ Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի գիւղերու հարեւանութեամբ, Սիւնիքի համայնքներու միջեւ ճանապարհներուն ազրպէյճանական զինուորականներ, դրօշներ ու ցուցանակներ պէտք չէ ըլլան: Անոնց ներկայութիւնը ինքնին կեանքի իրաւունքի խախտում է:

Ազրպէյճանական զինծառայողները պարբերաբար կ՝առաջացնեն բերքահաւաք եւ խոտքաղ իրականացնելու խոչընդոտներ, կը կատարեն կենդանիներու գողութիւններ, կը հնչեցնեն բնակիչներու նկատմամբ սպառնալիքներ եւ այլն: Ազրպէյճանական զինծառայողներու այս յանցաւոր արարքները ուղղուած են ՀՀ քաղաքացիական բնակիչներուն կեանքի, սեփականութեան եւ այլ կենսական իրաւունքներէն, անասնապահութեամբ զբաղելու եւ ընտանիքի եկամուտը վաստակելու հնարաւորութենէն զրկելուն:

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը մանրամասն ներկայացուցած է մարդասիրական ու մարդու իրաւունքներու ոլորտի միջազգային այն կանոնները, որոնք կը պահանջեն գերիներու անյապաղ ազատ արձակում ու անվտանգ վերադարձ: Ի դէպ, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի ու գերիներու իրաւունքներու կոպիտ խախտում է անոնց «ահաբեկիչներ» կամ «դիվերսանտներ» ներկայացնելը, քանի որ խօսքը շարունակուող զինուած հակամարտութեան մասին է: Ան նշած է, որ հայկական կողմի բոլոր զինծառայողները եւ քաղաքացիական անձինք կարգավիճակով գերիներ են, պէտք է անյապաղ ազատ արձակուին եւ վերադարձուին հայրենիք՝ առանց որեւէ քաղաքական կամ այլ նախապայմանի:

Ազրպէյճանական իշխանութիւնները արհեստական կը ձգձգեն, կը քաղաքականացնեն գործընթացը՝ կոպտօրէն ոտնահարելով գերիներու եւ անոնց ընտանիքներու իրաւունքները, անոնց պատճառելով տառապանքներ եւ յառաջացնելով լարուածութիւն հասարակութեան մէջ:

Արման Թաթոյեան մէկ անգամ եւս վերահաստատած է իր այն եզրակացութիւնը, որ Արցախի խաղաղ բնակչութեան թիրախաւորելն ու անոնց նկատմամբ արգիլուած զինատեսակներ կիրառելը, վարձկան ահաբեկիչներու ներգրաւումը, հայատեացութիւնն ու համատարած վայրագութիւններն ու անմարդկային վերաբերմունքը, դաժանութիւնները կը վկայեն Արցախի մէջ ահաբեկչական եղանակներով ցեղական զտումներ իրականացնելու ազրպէյճանական քաղաքականութեան մասին, որ կըշարունակուի մինչ օրս:

Պաշտպանը նշած է, որ Պաքուի մէջ պատերազմին վերաբերող այսպես կոչուած «ցուցահանդէս-պուրակ»-ի բացումը պետական աջակցութեամբ հայատեացութեան ու ազրպէյճանական ցեղասպան քաղաքականութեան ապացոյց է:

Ան նաեւ ընդգծած է, որ ատիկա մարդկային տառապանքներու թանգարան է, որ նպատակ ունի ատելութիւն առաջացնելու հայի նկատմամբ եւ նուաստացնելու մարդկային արժանապատւութիւնը:

Հայ Դատի յանձնախումբը եւ Աւստրալիոյ խորհրդարանի անդամները կարեւոր համարած են ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գործունէութիւնը պատերազմի ժամանակ եւ անկէ ետք մարդու իրաւունքներու խախտումները արձանագրելու հարցով:

Արման Թաթոյեանի զեկոյցին յաջորդած է քննարկում՝ Պաշտպանի եւ խորհրդարանականներու միջեւ: