Հայոց Հանրապետութեան Վերակայացման Համար. «Ազդակ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

20 Փետրուարի հանրահաւաքը, անկախ վայրի եւ թուականի հետ կապուած խորհուրդներէն, հայրենիքի եւ պետականութեան փրկութեան ուղղութեամբ առնուող քայլերու նոր ելակէտ կ՛ենթադրէ: Կը համոզէ, նախ եւ առաջ, որ արձանագրուածը սոսկ իշխանափոխութեան առաջադրանք չէ, այլ պետականութեան երթը վերադարձնել ազգային հուն: Փրկութեան գործողութիւն:

Դրսեւորուած վճռակամութիւնը` հակառակ եղանակային խստագոյն պայմաններուն, սկսուած երթի անտեղիտալիութեան մասին կը վկայէ: Երթ, որ կ՛առաջադրէ գերխանդավառ մթնոլորտի մէջ ընտրուած խորհրդարանի վերաձեւաւորումը, վերակայացումը: Եւ այդ ճամբով ազգային իշխանութիւններու հաստատումը` փրկելու համար հայոց պետականութիւնը:

20 Փետրուարը նոր ելակէտ կրնայ ըլլալ նաեւ այն առումով, որ շարժումի համաժողովրդայնացման նախադրեալները հաղորդեց: Անկախ փրկելու առաջադրանքին շուրջ համախմբուած քաղաքական բոլոր ուժերէն, ժողովրդային զանգուածն էր, որ երաշխաւորեց նոր երթի մեկնարկը` շարժումին ապահովելով նոր թափ, տարողութիւն եւ հեռանկարայնութիւն:

Ժողովրդային այս յենարանին վրայ պիտի կայանայ ամբողջ շարժումին յաջողութեան գրաւականը: Ժողովուրդն է, որ իր հետագայ գործողութիւններով պիտի հունաւորէ, ուղղորդէ եւ յաջողութեան հասցնէ ամբողջ համակարգի առողջացումը:

Ազատութեան հրապարակին վրայ համախմբուած ժողովուրդը ոչ թէ այս կամ այն պետական անձնաւորութիւն, կուսակցութիւն մերժելու կարգախօսով ոտքի ելած է, այլ փրկելու: Իսկ փրկելու համար գաղափարախօսութիւն պէտք է եւ ոչ թէ միայն մերժելու կարգախօս. այդ գաղափարախօսութիւնը կորսուած տարածքներու վերականգնումն է, ազգային պետականութեան վերադիմագծումը, բանակի հեղինակութեան վերականգնումը, բանակցային դիրքերու ամրացումը, ինքնիշխանութեան վերակայացումը:

Համախմբուած ժողովուրդն է, որ կը մղէ բողոքի գործողութիւնները համակարգողները նոր մարտավարութեան դիմելու, շարժումին անդադարութիւնը ծրագրելու, նոր զանգուածներով երթին համալրումը ապահովելու:

Միայն համապետական, համաժողովրդային պարտադրանքն է, որ կրնայ ստիպել անձնատուական իշխանութիւնները հեռանալու որոշում կայացնելու: Հանրապետութիւնը հանրութեա՛ն պետութիւնն է եւ հանրութիւնն է որոշումին տէրը: Այս հանրութիւնը որեւէ լիազօրութիւն չէր տուած գործող իշխանութիւններուն զիջելու ո՛չ միայն անվտանգութեան գօտիներ, այլ նոյնինքն արցախեան տարածքներ. որեւէ իրաւասութիւն չէր վստահած` Հայաստանի Հանրապետութենէն տարածքային կարգավիճակներ փոփոխութեան ենթարկելու, հայկական գիւղեր ազրպէյճանական տարածք համարելու, նոր սահմանագծումներ եւ սահմանազատումներ իրականացնելու:

Հանրութեան կամարտայայտութեամբ չեն իրականացած այս բոլորը: Սահմանադրութեան առընթեր խախտած են նաեւ հանրապետութեան կայացման սկզբունքները: Միայն հանրութիւնն է, ժողովուրդը, ազգը, որ իրաւասու է վերջ տալու այս գործընթացներուն:  Ժողովրդային շարժումի զանգուածայնացումը, որուն մեկնարկը ազդարարեց 20 Փետրուարի հանրահաւաքը, կը յաջողի կասեցնել այս կործանարար ընթացքը:

Ժողովրդավար կարգերը հանրութեան կամքը կը չափորոշեն ընտրութիւններու արդիւնքներով: Նոյն ժողովրդավար կարգերը, նման իրավիճակներու համար կը սահմանեն ինքնակամ հրաժարման, ինքնալուծարման, անցումի կառավարութիւններու փոխանցման դրութիւններ: Այս բոլորի բացառումը կ՛ենթադրէ իշխանութեան կառչածութիւն` հակառակ ամէնէն դժուար ու ծանր կացութիւններուն եւ տակաւին անորոշ գործընթացներուն:

Երբ չեն կատարուիր այդ բոլորը, կը մնայ հանրութեան պարտադրանքի եղանակը: Հանրութեան պետութիւնը` Հանրապետութիւնը անհրաժեշտ է որ վերակայանայ: Իսկ վերակայացման համար հանրապետական մակարդակով ժողովուրդը պիտի առարկայացնէ այդ կամքը:

20 Փետրուարը համոզեց, որ կրնայ դրսեւորուիլ այդ կամքը եւ ատով իսկ վերակայանալ Հայոց Հանրապետութիւնը: