Հայաստանի Դրական Քայլերուն Ազրպէյճանի Հետ Միասին Դրական Կ՝արձագանգենք. Չաւուշօղլու

Աշխարհ, Հայաստան

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն Թուրքմենիստանի ԱԳ ղեկավար Ռաշիտ Մերետովի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսին անդրադարձած է նաեւ Արցախի հարցով վերջին զարգացումներուն: ԵՌԱԳՈՅՆ-ը այս մասին կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

Պատասխանելով այն հարցին, թէ հնարաւո՞ր է
Լեռնային Ղարաբաղի հարցով համագործակցութեան ծրագիր Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Թուրքմենիստանի միջեւ, Չաւուշօղլուն ըսած է.

«Այժմ խաղաղութեան, տարածաշրջանի զարգացման, վերակառուցման եւ կայունութեան համար կայ հնարաւորութիւն: Մեր կոչը միշտ այս ուղղութեամբ է: Եթէ Հայաստանն ալ շարժի այս ուղղութեամբ՝ այդ երկիրն ու իր ժողովուրդը կը շահին տարածաշրջանի կայունութեան եւ տնտեսութեան զարգացման հարցով: Կ՝ակնկալենք, որ Հայաստանը կը գործէ՝ հաշուի առնելով այս բոլորը: Հայաստանի կողմէ ձեռնարկուելիք դրական քայլերուն մենք ալ կրկին Ազրպէյճանի հետ միասին համակարգուած ձեւով դրական պատասխաններ պիտի տանք»,- ըսած է ան:

Չաւուշօղլուն՝ հերթական անգամ յիշեցնելով Թուրքիոյ անվերապահ աջակցութիւնը Ազրպէյճանին՝ յայտնած է, որ Թուրքիան պիտի աջակցի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ տարածաշրջանի վերակառուցման, խաղաղութեան եւ բարօրութեան համար: Նաեւ տեղեկացուցած է, որ թեմային շուրջ զարգացումները քննարկուած են երկկողմ ու եռակողմ հանդիպումներու ընթացքին: