Ազգային Արժէքներու Պահպանմամբ՝ Սատարել Մարդկութեան. Մաքօ Մկրտիչեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Սէրը դէպի մեր նմանները եղել է եւ կը մնայ կրօնների եւ յեղափոխութիւնների հռչակած առաքինութիւններից գերագոյնը»,

Եւ՝ «Հայրենասիրութիւնը մարդկային առաքինութիւնների թագն ու պսակն է։ Մարդկային բարոյական յատկութիւնները իր մէջ միացնող այդ գերագոյն առաքինութիւնն է ազգերու գոյութեան անհրաժեշտ պայմանը եւ անսպառ աղբիւրը նրանց ուժի եւ մեծութեան։ Հայրենիքները ապրում են հայրենասիրութեամբ։ Մեր ժողովուրդը առանց հայրենասիրութեան այն է, ինչ որ մի մարմին առանց հոգու։ Հայրենիքը ապրում է հայրենասիրութեամբ, ընկնում՝ նիւթապաշտութեան, շռայլութեան, սեղմ ասած՝ բարքերի ապականութեան հետ». Գարեգին Նժդեհ

«Օգտակար անդամը ազգերի դաշնակցութեան մէջ նա է, որն ամենաուժեղ կերպով է թափանցուած ազգայնական գաղափարներով». Նախագահ Ռուզվելթ

«Հակահայրենասիրութեան տեսութիւնը, միշտ էլ հանդիսացած է մարդկային ստորնութեան տեսութիւնը». Եւրոպացի գրող

Դիմատէտրիս էջերը թերթատելու ընթացքին ուշադրութիւնս կեդրոնացաւ Հայաստանի կրթութեան փոխնախարար Ժաննա Անդրէասեանի «Նժդեհ» խորագրին։ Հետաքրքրութիւնս մեծ էր, որովհետեւ Գարեգին Նժդեհը ինծի համար մեր ազգի տիտաններէն մէկն է, որ իր մարգարտաշար իմաստուն խօսքերով, կեանքի օրինակով, նաեւ իբրեւ հզօր կամքի, հաւատքի ու պայծառ մտքի տէր առաջնորդ, այլ մեծերու կողքին, ցոյց տուած ու լուսաւորած է հայ ազգի յաւերժութեան ուղին, պատգամելով՝ մարդասիրութիւն, ազգասիրութիւն, ազատութիւն, անկախութիւն եւ յատկապէս՝ հայրենասիրութիւն։ Ազգայինը սիրելով եւ պինդ պահելով նպաստել համամարդկային արժէքներու զարգացման ու պահպանման։ Ի վերջոյ, ազգը մէկ մասնիկն է մարդկութեան. ծառայելով ազգին, ծառայած կ՛ըլլանք մարդկութեան։

Կը մէջբերեմ Գարեգին Նժդեհի խօսքերը. «Եթէ բոլորն էլ, ի դժբախտութիւնն աշխարհի, իրենց աշխարհաքաղաքացի յայտարարէին, այսինքն դադրէին իրենց ազգը սիրելուց, իրենց ազգային պարտականութիւնները կատարելուց, կը շահե՞ր մարդկութիւնը»։

Մտորումներէ եւ մէջբերումներէ յետոյ, ցաւով եւ ցասումով կ՛արձանագրեմ այ մեծ մարդուն, մեծագոյն հայուն մասին, Հայաստանի կրթութեան փոխնախարար Ժաննա Անդրէասեանի, քաղքենիի անփութութեամբ արտասանած հետեւեալ խօսքերը. «Գարեգին Նժդեհի գաղափարախօսութիւնը ֆաշիստական գաղափարախօսութիւն է, շատ վտանգաւոր մեր հասարակութեան համար։ Շա՜տ վտանգաւոր 21րդ դարու մեր հասարակութեան համար»։

Վտանգաւոր բառը այնքան շեշտեց ու կրկնեց, որ պահ մը ինծի թուեցաւ, որ համաճարակի մը մասին կը խօսի։

Շարունակելով, ան ըսաւ. «Նժդեհականութիւնը, սեփական գերազանցութիւնը մնացեալ հասարակութիւններու նկատմամբ սահմանելու մոլուցքով, ըստ էութեան մեր հասարակութեան մէջ ֆաշիստական գաղափարախօսութիւն է։ Նժդեհականութեան այլ ընտրանք պէ՛տք է, որպէսզի նոյնքան ուժգնութեամբ խօսի հասարակութենէն ներս։ Ժամանակի եւ բազմաշերտ աշխարհի հետ հարկ է քայլ պահել»։ Եզրակացնելով, ըսաւ. «Նժդեհի գեղեցիկ խօսքերու ետին կը մնայ կմախքը, որ ցոյց կու տայ աշխարհի հանդէպ յարձակողի, նախայարձակի բնոյթը», եւ այլ բացասական եւ ազգասէր ու հայրենասէր հայու ուղեղին մէջ չտեղաւորուող խօսքեր։

Այո՛, զայրոյթով ունկնդրեցի պետական բարձր պաշտօնեայի, յատկապէս հայ կնոջ կողմէ ազգային գաղափարախօսութիւնը իբրեւ ֆաշիստական գաղափարախօսութիւն ներկայացնելու ազգավնաս մտքերը։ Պահ մը ինծի թուեցաւ, թէ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի կինն է խօսողը, քանի որ Սիւնիքի մասնատման այս օրերուն, Ալիեւ վրէժխնդրութեամբ կը յիշէ Սիւնիքի ազատագրած, եւ ոչ թէ գրաւած, զօրավար Նժդեհին, որուն արձանն իսկ անհանգստութիւն կը պատճառէ Ալիեւին։ Հետեւաբար, զուգադիպութիւն կամ պատահականութիւն չէ փոխնախարարին ընտրած նիւթը, այլ շատ հաւանաբար զինք հովանաւորող իշխանութեան պատուէրն էր, որ կատարեց, հաճոյանալով իր տէրերուն եւ ուրախութիւն պատճառելով Ալիեւներուն, նաեւ արդարացնելով ազերիներու ոտնձգութիւնները Սիւնիքի վերաբերեալ։

Նժդեհը իբրեւ ֆաշիստ եւ յարձակող ներկայացնելով, ան կը միտի հասարակութեան մէջ տարածել այն միտքը, թէ Նժդեհը ոչ թէ մեր պապենական հողերը ազատագրած է, այլ Ատրպէյճանին վրայ յարձակելով գրաւած է այդ հողատարածքը, ինչպէս Շուշիի պարագային… Զուր չէ, որ Նժդեհը ազգին եւ հայրենիքին դաւաճանները կոչած է «հայու տականք»։

Անշուշտ առաջին անգամը չէ, որ միտումնաւոր ու նենգաբար կը վարկաբեկուին ու կը հալածուին մեր ապրող ու ննջող Մեծերը։ Ցաւալին ու ամօթալին այն է, որ ազատ ու անկախ Հայաստանի կարեւորագոյն նախարարութեան կողմէ կը հնչեն այս խօսքերը. ա՛յն նախարարութեան, որ կոչուած է ազգային գաղափարախօսութեան կիրառման ճանապարհով, պահելու եւ պահպանելու ազգային դիմագիծն ու ինքնուրոյնութիւնը։ Անցեալին կայսերապաշտ պետութիւններու, ներառեալ՝ սովետական իշխանութիւններու կողմէ արձակուած թունաւոր նետերը անընդունլի, սակայն մասամբ հասկնալի էին, որովհետեւ օտար բռնատէրերու եւ անոնց գործակալներուն կողմէ ուղղուած էին։ Այսօր «իւրացիներուն» կատարածը ոչ թէ անընդունելի է, այլ անհանդուրժելի եւ աններելի։ Ըստ տիկին փոխնախարարին, ազգային գաղափարախօսութիւնը արգելք է ժամանակին եւ աշխարհին հետ քայլ պահելու համար։ Սա համաշխարհայնացման գաղափարի հեղինակներուն յօրինուածքն է։ Անյուշ դարեր եկող մեր ժողովուրդը ազգայինին ամուր փարած, ժամանակին հետ քայլ պահելով է, որ հասած է 21րդ դար եւ հազարամեայ իր ճանապարհորդութեան ընթացքին աշխարհին տուած է բազում գիտնականներ, գիւտարարներ եւ այլ մասնագէտներ, որոնք նպաստած են մարդկութեան բարեկեցութեան, զարգացման եւ յառաջդիմութեան։

Այսօր ալ հայ ժողովուրդի տաղանդաւոր զաւակները, աշխարհի չորս ծագերուն, հպարտ իրենց ծագումով ու ազգանունով, կը ծառայեն մարդկութեան։ Ազգին ցաւերուն ու կարիքներուն, երազներուն ու տենչերուն իրազեկ հայը աւելի լաւ կը հասկնայ մարդկութեան նոյնանման կարիքները։ Այստեղ կը մէջբերեմ Պարոյր Սեւակէն քանի մը տողեր. «Հազարամեայ մեր պատմութեան ընթացքին, ուր որ էլ եղել, շինել ենք կամուրջ, կապել ենք կամար, ամենուր հերկել, հասցրել բերքեր, ամէնքին տուել միտք, առած, երգեր, պաշտպանել նրանց հոգեւոր ցրտից»։

Գալով զօրավար Նժդեհը յարձակող կամ նախայարձակ ներկայացնելուն, անոնք, որոնք նժդեհեան գրականութեան միջոցով ծանօթ են անոր սխրագործութիւններուն, ազատագրական մարտնչումներուն, գիտեն, թէ ան երբեք յարձակող կամ նախայարձակ չէ եղած, այլ թշնամիին կողմէ պարտադրուած ճակատամարտեր մղած՝ յանուն հայրենիքին, տառապած ու պաշտած ազգին, անոր հողին ու ջուրին պաշտպանութեան նուիրուած եւ իր գրչին արգասիքը եղող պատգամներով դաստիարակած հայապաշտ եւ հայրենապաշտ սերունդներ, որոնք, երբ տրուած է «զանգը, ահազանգը», իրենց հոգու պարտքը կատարած են ազգային վեհագոյն նպատակներուն։ Երանի, թէ իւրաքանչիւր հայ մարդ իր սեղանին վրայ ունենայ Նժդեհի գիրքերը եւ պարբերաբար կարդալով զանոնք, ներշնչուի ու տոգորուի անոր հրեղէն ոգիով, կամքով, արիութեամբ եւ խիզախութեամբ, ազգին ու հայրենիքին հանդէպ ունեցած անսահման սիրով ու հաւատքով, այն ատեն մենք աւելի լաւ կը հասկնանք զիրար, աւելի կը սիրենք ու կը յարգենք եւ ազգովին կը դառնանք աւելի հզօր ու անպարտելի, ազգերու մեծ ընտանիքէն ներս գրաւելով մեր ինքնուրոյն տեղը։

Լիայոյս ենք, որ Ժաննաներուն եւ նմաններուն կը փոխարինեն Հայաստանի անկախութեան 30 տարիներու, մասնաւորաբար վերջին մղձաւանջային երեք տարիներու սխալներէն դասեր քաղած հայամէտ ու ազգայնամէտ պետական այրեր ու կանայք, որոնք վերականգնելով եւ վերանորոգելով կազմալուծուած պետական բոլոր կառոյցները, անոնց կու տան ազգային դիմագիծ, ազգային ու միջազգային գետնի վրայ կը բարձրացնեն Հայաստանի պետութեան հեղինակութիւնն ու վարկը, կ՛ապահովեն ժողովուրդին անվտանգութիւնն ու բարեկեցութիւնը եւ իրենց կեանքի արդար ու բարի օրինակով կը վերածնին ժողովուրդը եւ անոր կը վերադարձնեն հաւատքն ու արժանապատուութիւնը, լոյս սփռողի, բարին սերմանողի, գեղեցիկն ու վսեմը արարողի իր աստուածատուր առաքելութիւնը։

Մինչ այդ, ազգը կը պահանջէ կրթութեան փոխնախարարէն, երկիւղածութեամբ մօտենալ Մեծն Նժդեհի արձանին ու կրկնելու՝ «Մեղանչեցի քո առաջ, ներէ ինձ». նաեւ կ՛առաջարկեմ, որ ան նոյն ուժգնութեամբ ու կիրքով պայքարի Հայաստանի արտաքին թշնամիներուն եւ ներքին ցեցերուն դէմ, որոնք կը փորձեն սասանել հայոց պետականութեան արմատները։

Այսօր ինծի նման հազարաւոր սփիւռքահայեր իրենց հայեացքները ուղղած են ձեզի, հայաստանաբնակ թանկագին ազգակիցներ, Երեւանի հրապարակը գրաւած, ցուրտին ու փուքին դիմադրող քաղաքական գործիչներ, հայ մշակոյթի պահապաններ, հայոց պետականութեան արթուն եւ քաջարի պահակներ. Բէլերու դէմ մաքառման մէջ դուք առանձին չէք։ Սփիւռքահայութեան հայրենապաշտ զանգուածը ձեզի հետ է, Հայաստան աշխարհէն հեռացնելու համար 21րդ դարու Բէլերն ու իրենց ծառայող ապազգայինները, որոնք կը փորձեն սասանել ազգային պետականութեան հիմքերը։ Սակայն կը հաւատանք, որ բարիի ու չարի, լոյսի եւ խաւարի, Հայկի եւ Բէլի այս պատմական ճակատամարտէն յաղթական դուրս պիտի գայ Հայկի երկիր Հայաստանը։

Աստուած պահապան ձեր բոլորին։