«Էրտողանը Կը Ձգտի Մեծ Թուրան Ստեղծելու». Հայ Քաղաքագէտը Հակադարձած է Լաւրովին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ռուսիա բնակող հայ քաղաքագէտ Սերգէյ Կուրղինեան արձագանգած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի այն յայտարարութեան, թէ Թուրքիան չի փափաքիր ստեղծել Մեծ Թուրան, Անգարան պարզապէս աշխոյժ կերպով կը զարգացնէ իր յարաբերութիւնները թիւրքալեզու երկիրներու հետ։ Ըստ Լաւրովի՝ ԽՍՀՄ-ի կազմին մէջ մտնող, իսկ այժմ անկախութիւն ստացած թիւրքալեզու երկիրները չեն աջակցիր այդ ամէնուն։

Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ Լաւրովի այդ յայտարարութեան պատասխանած է հայ քաղաքագէտ Սերգէյ Կուրղինեանը, «Россия 1» (ՌԱՍԻԱ 1) հեռուստաընկերութեան եթերով։ «Լաւրովը հիանալի մարդ եւ դիւանագէտ է։ Եթէ Լաւրովը ըլլար Թուրքիոյ նախագահ, ես պիտի հաւատայի իր բոլոր խօսքերուն, բայց որքան ես գիտեմ Թուրքիոյ նախագահը այլ ազգանուն ունի եւ ան կ՝ըսէ բոլորովին այլ բաներ։ Ան կ՝ըսէ, որ թիւրքական աշխարհը պէտք է միաւորուի եւ երբ ինծի կ՝ըսեն պէտք չէ հաւատալ իր խօսքերուն՝ հարց կ՝առաջանայ, ան շատախօս եւ դատարկաբա՞ն է, թէ՝ ոչ։ Էրտողանը կը ձգտի ստեղծել Թուրան, այդ պարագային ինչո՞ւ մենք անոր հետ յարաբերութիւններ կը կառուցենք»,- ըսած է քաղաքագէտը։