Նախ Բնութագրել «Ազգային Կրթութիւն» Հասկացողութիւնը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ա.Ա.

Ազգային կրթութեան սահմանները, բնոյթը, բովանդակութիւնն ու զէնքերը ճշդելէ առաջ, կարեւորագոյն խնդիրը կը վերաբերի համոզման մը, որ աւելի ազգային ռազմավարութեան դիտաւորութիւններու ծիրին մէջ պէտք է տեղաւորել։Ազգային կրթութեան կիրարկմամբ՝ ինչպիսի սերունդ կը պահանջուի։Մարդ մը, որուն ընկալումները դուրս կու գան հայրենիքի սահմաններէ՞ն՝ փնտռտուքներու ոլորապտոյտի մը մէջ շրջագայելով, թէ՞ անձ մը, որ զինուած ազգային պատկանելիութեան գիտակցական եւ ենթագիտակցական ամբողջական զրահներով, դուրս կու գայ արտաքին աշխարհ՝ չափուելու, շփուելու, ծանօթանալու, հարստանալու եւ հարստացնելու փոխադարձ հոլովոյթներ ապրելու համար։
Ազգային կրթութեան, հայեցի ու հայրենասիրական դաստիարակութեան զուգահեռ՝ ժամանակակից աշխարհաքաղաքացիութեան դրոյթներուն փոխանցմամբ, հայ-աշխարհաքաղաքացիներու պատրաստութեան հոլովոյթը ինքնին լուրջ հարցադրումներու կ՛առաջնորդէ, պէտք է առաջնորդէ հայրենի կրթական մարզին առնչուող իւրաքանչիւր մասնագէտ եւ պատասխանատու, որպէսզի երկու այս կարեւոր եւ պարտադիր ուղղութիւնները զիրար չխաչաձեւեն, ոչ ալ զիրար խանգարեն, այլ փոխադարձ ամբողջացումներ կատարելով՝ սերունդները պատրաստեն այնպէս մը, որ հայ ուսանողն ու ուսանողուհին ոչ մէկ շփոթ եւ անվստահութիւն ունենան ազգայինին հանդէպ, ու միեւնոյն ժամանակ՝ զինուած ըլլան գիտելիքներով, աշխարհաընկալման համար այնքան կարեւոր օտար լեզուներու տիրապետեն ու զանոնք գործածեն իբրեւ գիտութիւններու տիրանալու զէնք ու հաղորդակցութեան միջոց, եւ ոչ՝ ինքնութիւնն ու պատկանելիութիւնը ոտնակոխելու կեղծ դեղամիջոց։ Այլ խօսքով ազգայինն ու համաշխարհայինը զիրար պէտք չէ խանգարեն, այլ իբրեւ մէկ ամբողջութեան մը կարեւոր երկու բաղադրիչները՝ սերունդներու դաստիարակութեան զէնքին վերածուին։ Ազգայինը պէտք է ըլլայ պաշտպանիչ վահանը, իսկ համաշխարհայինը՝ զէնքը, որով հայ տղան ու աղջիկը ինքզինք պիտի դրսեւորէ։


Ազգային դաստիարակութեան սահմաններուն, բովանդակութեան եւ նպատակներուն չափորոշիչներուն մասին այս օրերուն բաւական բան կը գրուի եւ կը խօսուի՝ թեր ու դէմ կարծիքներու, տարաբնոյթ տեսակէտներու, յաճախ չպատճառաբանուած, յաճախ նաեւ խեղաթիւրուած եւ խորքէն ու իմաստէն պարպուած անբովանդակ նիւթերու այնպիսի քննարկումներով, որոնք ոչ մէկ առնչութիւն ունին հարցին էութեան հետ։ Ազգային դաստիարակութեան շտեմարանին՝ Հայոց Պատմութեան վերաբերեալ գիտական, հոգեբանական, մանկավարժական եւ այլ դիտարկումներէ առաջ, նախ՝ խօսքը եւ գործը պէտք է վստահուի ազգային դաստիարակութեամբ տագնապող իրական գիտնական պատմաբաններու, որպէսզի անոնք հայոց պատմութեան էջերէն դուրս բերեն այն բոլոր դրուագները, որոնց հերոսները ոգի ի բռին պայքարեցան ներքին պառակտումներու, անհամաձայնութիւններու, դաւերու, դաւաճանութիւններու, օտարամոլութեան դէմ, անհատականը ընդհանուրին շահերէն գերադասող նախարարակական տուներու միջեւ խուլ մրցակցութեան մէջ ազգայինն ու հայրենիքը գերադասող քաղաքական եւ զինուորական գործիչներուն կատարած աշխատանքը լոյսի բերելով։ Ոչ թէ ընթերցելու, պարբերութիւնները ընդգծումներով «ջարդելու» համար, այլ՝ վեր հանելու ազգային պատգամը, որ բոլորիս կը փոխանցուի, հայրենասիրութեան, իրարու հանդէպ հանդուրժողականութեան, փոխանակ օտարին դիմելու՝ ներքին միասնականութեամբ ճակատի կազմութեան ուսանելի դասերով։ Այսօր յատկապէս, այս բոլորը խօսքի եւ տեսութիւններու սահմաններուն մէջ չեն կրնար պահուիլ, եւ խիստ անհրաժեշտութիւնը կայ զանոնք մեր հաւաքական կեանքին մէջ գործադրելու՝ անշեղօրէն ու առանց երկմտելու օրինակները վերցնելու մեր պատմութեան հրաշալի դէմքերուն, անոնք ըլլան թագաւորներ, թագուհիներ, սպարապետներ, հոգեւորականներ թէ ժողովուրդին ծոցէն ծնած խոնարհ հերոսներ։


Ազգային կրթութեան եւ դաստիարակութեան չափորոշիչներուն չափերն ու սահմանները կարելի չէ գիտահոգեբանական շատ յաճախ անհասկնալի եւ հայկական մեր իրականութեան հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունեցող՝ արեւմտեան մտածողութեամբ եւ արեւմտեան հասարակութիւններու համար չափուած ու ձեւուած տեսութիւններու յարմարեցումներու ենթարկել, որովհետեւ նման բան ծնունդ պիտի տայ անբովանդակ դասագրքային նիւթերու կոյտի մը, որ աւելի շփոթի պիտի մատնէ, քան ուղղէ եւ դաստիարակէ նոր սերունդը՝ ստեղծելու համար ազգային վահանով պաշտպանուած եւ ժամանակակից գիտութիւններու հզօր զէնքը ի ձեռին հայ մարդը։


Չափորոշիչը կը դադրի ուղեցոյց ըլլալէ, եթէ անիկա պարպուած ըլլայ ազգայինէն, հիմնաւորուած չըլլայ ազգային դաստիարակութեան բովանդակութեամբ։ Կրկնութեան գնով պէտք է շեշտել՝ կարիքը չունինք ազգային պատկանելիութեան եւ հայկական ինքնութեան իմաստով շփոթահար սերունդներու, որոնց համար օտարամուտը՝ լեզու, մշակոյթ, նիստ ու կաց, մտածողութիւն, կրթութեան գաղափարախօսութիւն, գերադաս է ազգայինէն։ Նման սերունդներ պատուհաս են, քան բարիք։ Ասոր իրազէկ դառնալու համար՝ պէտք է վերադառնալ ու կառչիլ ազգայինին, առանց ազգայնամոլութեան։