Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց «Հայաատան» Համահայկական Հիմնադրամի Տնօրէնը

Հայաստան, Սփիւռք

Չորեքշաբթի, 9 Սեպտեմբեր 2020-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէն Հայկակ Արշամեանը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի:

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու ամիս մը առաջ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթումին եւ անոր հետեւանքով Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ կատարուած օժանդակութեանց` ընդհանրապէս Լիբանանի ժողովուրդին եւ յատկապէս հայ համայնքին:

Վեհափառ հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց պայթումէն ետք գաղութին իրավիճակը, ինչպէս նաեւ տարուող աշխատանքները: Ան գնահատեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ մէկ տարուան ընթացքին երրորդ անգամ ըլլալով Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ համայնքներուն կատարուած օժանդակութիւնները եւ մարդասիրական առաքելութիւնը:

Յայտնենք, որ հիմնադրամին կատարած օժանդակութիւնները պիտի տրամադրուին Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ համայնքներուն բոլոր հայկական դպրոցներու ուսուցիչներուն եւ պաշտօնեաներուն` իբրեւ նուէր: Իսկ Սուրիոյ պարագային, օժանդակութիւն պիտի յատկացուի նա