Իրաքի Էրպիլ Քաղաքին Մէջ Հայաստանի Հիւպատոսութիւն Բանալու Աշխատանքները Ընթացքի Մէջ Են

Աշխարհ, Հայաստան

 Իրաքեան ինքնավար Քիւրտիստանի մայրաքաղաք Էրպիլի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութիւն բանալու աշխատանքները ընթացքի մէջ են:  «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղտալեան:

Գլխաւոր հիւպատոսութիւնը Էրպիլի մէջ պիտի բացուի մօտ օրէն: «SHAFAQ» լրատու գործակալութեան համաձայն՝ Էրպիլի նահանգապետ Ֆիրսաթ Սոֆին Իրաքի մօտ Հայաստանի դեսպան Հրաչեայ Փոլատեանի հետ հանդիպման ընթացքին կարեւոր նկատեց Երեւանի եւ Էրպիլի միջեւ պատմական եւ բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացումը` առեւտուրի, արդիւնաբերութեան եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ: