Ի՞նչ Է Միտումը Հայաստանի Հայերէնի Դասագիրքերէն Արեւմտահայ Գրողներու Զանցառման

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Գրուեցաւ եւ դեռ պիտի գրուի Հայաստան պատրաստուած հայերէնի եւ գրականութեան դասագիրքերէն արեւմտահայ գրողներու գրեթէ զանցառման մասին:

Հարցը ծաւալուն է. հատուածական, ազգային, քաղաքական, մշակութային:

Թող ինծի չվերագրուի արդիականութեան, յառաջդիմութեան եւ որակի դէմ ըլլալու մեղքը: Իրաւունքներ վերականգնելու, միասնութիւն, ապահովութիւն եւ բարօրութիւն նուաճելու բազմաբնոյթ խնդիրներ դիմագրաւող մեր ժողովուրդը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), ենթադրեալ նորարարական խարխափումներով չի կրնար մօտենալ պետական, ազգային, տնտեսական, մշակութային հարցերուն, միասնութիւնը որպէս զարդարանք վերապահելով բեմերու:

Հայերէնի եւ հայ գրականութեան որակին եւ ազգային նշանակութեան մասին երբ կը խօսինք, պէտք է ըսել, որ անոնք փորձառական աշխատանոց չեն տարբեր աշխարհներէ բերուած հում նիւթերով նորը մշակելու եւ փոխարինելու նախկինը, առանց թափանցուած ըլլալու մեր պատմական, հոգեկան եւ ազգային արժէքներով: Ճաբոն ուսանած մասնագէտը կրնայ ըլլալ Հայաստանի պահածոյի գործարանը ղեկավարել, Հայտելպերկէն գալ, ըլլալ հմուտ եւ տաղանդաւոր լեզուագէտ, գրականագէտ, բայց կարելի չէ առանց մխրճուած ըլլալու հայոց պատմութեան եւ մշակոյթին մէջ, հայկական վարժարաններու հայերէնի եւ հայ գրականութեան ուսուցումը ղեկավարել եւ դասագիրք պատրաստել:

Բոլոր մակարդակներու հայերէնի դասագիրքը հայացման միջոց է, ներսը եւ դուրսը, իր լեզուով, իր նիւթերով, պատմութիւններով, «Քաջ Վարդան»էն «Կայծեր», մինչեւ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի»ն, Թէքէեանի «Տաղ Գրաբարին»ը, Մուշեղ Իշխանի «Հայ լեզու»ն, Կոստան Զարեանի «Նաւը լերան վրան», Արտեմ Յարութիւնեան… եւ բոլոր միւսները: Հայակերտում՝ հարազատ ժառանգութեան ստացումով եւ տաղանդի գնահատումով:

Գրականութիւն նաեւ, ընդհանուր, միջազգային ստեղծագործութեան արժէքներով:

Մովսէս Խորենացի կը խօսի մեր պատմութեան մասին եւ կը գրէ. «Թէպէտ եւ եմք ածու փոքր, եւ թուով յոյժ ընդ փոքու սահմանեալ, եւ զօրութեամբ տկար եւ ընդ այլով յոլով անգամ նուաճեալ թագաւորութեամբ, սակայն բազում գործք արութեան գտանին գործեալ եւ ի մերում աշխարհիս, եւ արժանի գրոյ յիշատակի…» Այս միտքով գնահատենք մեր գրականութիւնը, «արժանի գրոյ յիշատակի», Հայաստան եւ սփիւռք(ներ): Հայերէնի եւ գրականութեան գիրքը, բացուելով հանդերձ աշխարհի վրայ, հայ միտքի արգասիքը պիտի փոխանցէ, որպէսզի հայ աշակերտը կազմաւորուի անով եւ ըլլայ ժառանգորդ եւ շարունակող, որպէսզի միութիւնը բնականութեամբ ապրի զանազանութեան մէջ: Ժառանգել եւ շարունակել, ուղին՝ ազգի ինքնութեամբ տոկացող եւ տեւող սերունդներուն:

Ժողովուրդի մը բոլոր գրողները նոպէլեան դափնեկիրներ չեն, բայց անոնք պահու մը մեզ սեւեռած են, լուսաւորած: Հայ գրականութեան գիրքը այդ բոլորին համայնապատկերը պէտք է ըլլայ, անկախաբար մեր նախասիրութիւններէն, արժէքներու արդար գնահատում պէտք է ընէ, այդ ընելու ուղեցոյցը մեր մէջ որակաւոր գրական անաչառ քննադատութեան զարգացումը պէտք է ըլլայ, ըլլար, առանց տուրք տալու գաղափարաբանութիւններու, պալատականի քծինքի, միշտ՝ ներսը եւ դուրսը:

Այս մասին դեռ շատ բան կարելի է ըսել: Այսօր, կանգնած ենք արեւմտահայ գրողներու նկատմամբ,- բառը պէտք է գործածել,- բացասական վերաբերումի մը առջեւ: Կը խորհիմ, որ արեւմտահայ-սփիւռքահայ գրողը եւ իր գործը պէտք է ներկայացնել որպէս ազգային օրինակելիութիւն, քանի որ հայրենիքէ հեռու, օտար միջավայրի մէջ, հայ մարդիկ հարազատութեան եւ հաւատարմութեան գրականութիւն մշակած են անսալով իրենց ցեղասպանութեան ենթարկուածի եւ հայրենահանուածի իւրայատուկ իրաւազրկուածի եւ իրաւունք հետապնդողի կացութեան:

Հայաստանի մէջ գրականութեան կրթական ծրագրի մշակման առիթով ստեղծուած անհասկացողութեան այս նոր բաժանումներու դուռ բացող բանավէճը մտածել պէտք է տայ միասնութեան եւ համագործակցութեան կարգախօսներու ետին բացակայող սփիւռք(ներ)ի ընդհանրապէս մասնակցութեան մասին Հայաստանի կեանքին, երբ բարեկարգումներ եւ նախաձեռնութիւններ կ’ըլլան: Կրթական նախարարութիւնը շատ բան կը շահէր, բանավէճի դուռ չէր բանար, եթէ արեւմտահայերէն եւ արեւմտահայ գրականութիւն դասաւանդելու փորձ ունեցողներ, գրողներ, մասնակից դարձնէր ծրագիրներու մշակման եւ գործադրութեան, ի յառաջագունէ ընդունելով, որ անոնք ալ կրնան օգտակար ըլլալ, ճիշդ բաներ ընել, տարբերութեան դրական լոյս բերել: Այլ կարծիք եւ առաջարկ լսել ղեկավարական առաքինութիւն է, առանց յաւելեալ իրաւունքի, այլ՝ յաւելեալ պարտականութեան ըմբռնումով:

Առիթը պատեհ է յիշեցնելու, որ գրականութեան հայերէնը եւս ուշադրութեան առարկայ պէտք է ըլլայ, ներառնելով մամուլը: Գրականութիւնը ժողովուրդով կ’ըլլայ: Երբ հայերէնը աղճատուած է անհամար եւ անհաշիւ օտար բառերով եւ օտարաբանութիւններով, գրողն ալ կը հետեւի, ուսուցիչին գործը կը դժուարանայ, աշակերտ եւ ուսանող շուարումի կը մատնուին: Հայերէն բառագանձին մէջ խուժած են աւելի քան հազար երեք հարիւր բառեր, ինչ որ ես քաղած եմ (ինչպէս ասկէ առաջ ըսած եմ, հետաքրքրուողին կրնամ ել-նամակով ղրկել ցանկը):

Արեւմտահայ գրողներու զանցառումը, զոյգ քաղաքական նպատակներ կրնայ ունենալ: Արեւմտահայ գրականութիւնը, հիներու եւ նորերու, միայն գեղագիտական չէ, ունի ազգային-քաղաքական խորք, ուր կան թուրքը եւ Թուրքիան: Բարիդրացիական, հաշտեցման, կամ թրքամէտ քաղաքականութեան մը թելադրութեա՞մբ կ’արդարացուի արեւմտահայ  բացակայութիւնը, կամ արեւմտահայ եւ հիմա սփիւռք գրականութիւնը անտեսելի համարելով եւ ստորագնահատելով, սփիւռքի հայկական զանգուածներուն կը զլացուի ազգային-քաղաքական-մշակութային ազդակ ըլլալու իրաւունքը, չխանգարելու համար Հայաստանի ընտրանքները:

Այս խիստ կարեւոր հարցով յստակ որակով վերաբերում պէտք է ճշդել, բարեսիրականէ, երեւելիականէ եւ զբօսաշրջայինէ տարբեր:

Սփիւռք(ներ)ը ազգի լինելութեան, հետեւաբար քաղաքականութեան եւ մշակութային կառքին հինգերորդ անիւը չէ, Հայաստանը այդ դերը շնորհելով պէտք չէ այլասերէ սփիւռք(ներ)ը, իսկ վերջինները ազգային բարձրամակարդակ գիտակցութիւն ցուցաբերելով այդ դերը պէտք է մերժեն, չբաւարարուին անով, ի հարկին ընդդիմանալով այս հարցերէն հեռու էսթէպլիշմընթներուն, զորս Հայաստանի հին եւ նոր ղեկավարութիւնները միշտ համարած են խօսակից:

Խօսիլ՝ ոչ թէ պառակտելու համար, այլ ձգտելու՝ արժէքներու գնահատման եւ ոչ ամբոխավարական իրա՛ւ միասնութեան: