ՀՀ Կառավարութիւնը Առողջապահական 10 Շտապ Օգնութեան Ինքնաշարժներ Կը Նուիրէ Արցախին

Հայաստան

Հայաստանի կառավարութիւնը կը նախատեսէ Առողջապահութեան նախարարութեան պատկանող, 2020-ին ձեռք բերուած 10 հատ Ford transit տեսակի ինքնաշարժները վերցնել եւ նուիրել Արցախի Հանրապետութեան` գոյքի նպատակային նշանակութեամբ օգտագործման պայմանով: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես”-ը, այդ մասին որոշման նախագիծը ընդգրկուած է կառավարութեան Սեպտեմբեր 10-ի նիստի օրակարգին մէջ:

Ըստ հիմնաւորման, նախագիծի նպատակն է աջակցիլ Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան համակարգի շտապ բժշկական օգնութեան ծառայութեան ծիրէն ներս իրականացուող ամենօրեայ աշխատանքներուն, նպաստել անոնց որակի եւ հասանելիութեան բարձրացման:

Նախագիծը մշակուած է Արցախի Հանրապետութեան հետ համագործակցութեան եւ աջակցութեան ծիրէն ներս:

Նուիրաբերուող 10 շտապ բժշկական օգնութեան ինքնաշարժներուն ընդհանուր արժէքը 300 միլիոն դրամ է: