Վերանկախացման եւ Արցախեան Պայքարի Մեր Ուղին.- Ղարաբաղ Կոմիտէի Ձերբակալութիւնը Դատապարտելի Է. Խաժակ Մկրտիչեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ակնյայտ էր, որ Հայաստանը ցնցող երկրաշարժէն ետք, Խորհրդային Միութեան կեդրոնական իշխանութիւնները իւրայատուկ ճնշում կը բանեցնէին Սուրէն Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ գործող Խորհրդային Հայաստանի իշխանութեան վրայ, որ ինքնին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատկերացումով Արցախեան շարժման ներքին միասնականութեան պահպանման դերակատարներէն մէկը պիտի ըլլար: Հ.Յ.Դ.-ի համար շարժման ներքին միասնականութեան պահպանման նոյնքան կարեւոր դերակատար էին ժողովրդային շարժման ղեկավարութիւնը ստանձնած տարրերը, յանձինս Ղարաբաղ Կոմիտէի:

1988 Դեկտեմբեր եւ 1989 Յունուար ամիսներուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համար աստիճանաբար տեսանելի կը դառնար այդ ներքին միասնականութիւնը խախտուելու լուրջ վտանգը, մասնաւորաբար Խորհրդային Կեդրոնական իշխանութիւններու ճնշումներուն իբրեւ արդիւնք, բայց նաեւ այդ ճնշումներուն դիմաց Խորհրդային Հայաստանի իշխանաութեան տեղատուութեան պատճառով: Մինչ այդ, Դաշնակցութիւնը յոյս ունէր, որ Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւնները կրնան դառնալ այդ ներքին միասնականութիւնը պահպանող առանցք: Ղարաբաղ Կոմիտէի անդամներու ձերբակալութեամբ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համբերութեան բաժակը կը յորդէր: «Բաժակը կը Յորդի» խորագրին տակ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ը իր խմբագրականով կը գրէ. «Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւնները պարզապէս ինքնախաբէութիւն կը փորձեն, եթէ կը սնուցանեն այն յաւակնութիւնը որ այս ձեւով, Ղարաբաղ Կոմիտէի անդամները բանտերու մէջ պահելով, այսպէս կոչուած «պարետային վիճակ»ը երկարաձգելով եւ ընդհանրապէս բիրտ ուժի սպառնալիք գործածելով՝ կրնան ձեռնթափութեան եւ անձնատուութեան մղել Արցախեան պահանջատիրական շարժումը»:

Յստակ էր, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր ռազմավարական առաջնահերթութիւնը ճշտած էր, Արցախեան շարժումը պէտք էր պահել Արցախը Հայաստանին միացնելու յանձնառութեան ուղիին մէջ: Իր այս կեցուածքը Հ.Յ.Դ.-ն բազմիցս շեշտած ու ընդգծած էր, «որ հայրենի պետական-կուսակցական ղեկավարութեան մէջ պատրաստ է տեսնելու ամենայն հայոց կառավարութիւնը, պայմանաւ որ անիկա կանգուն մնայ Արցախեան Շարժումը իր արդար լուծումին հասցնելու պայքարին յառաջապահ դիրքերուն վրայ»:

Սուրէն Յարութիւնեանի յաջորդող բոլոր ելոյթներն ու հրապարակային քայլերը ցոյց կու տային այն ակնյայտ ճիգը, որ կը տարուէր Արցախեան Շարժումը իր իսկական էութենէն պարպելու եւ զայն տեղաւորելու Կորպաչեւեան վերակառուցման սոսկական տրամաբանութեան մէջ, համոզուած ըլլալով, որ   «կուսակցական կազմակերպութիւնները պէտք է ամէն ինչ անեն, որպէսզի իշխանութեան գերագոյն մարմնում ընտրուեն արժանաւոր մարդիկ, վերակառուցման իդէալներին, ժողովրդի եւ կուսակցութեան արմատական շահերին մինչեւ վերջ նուիրուած, մաքուր սրտի տէր ու վեհ գաղափարներով տոգորուած մարդիկ»:

Ուրեմն, Արցախեան Պահանջատիրութիւնը, որ ճամբայ ելած էր բացառապէս ազգային-քաղաքական պահանջով՝ Արցախը Հայաստանին վերամիացնելու պահանջով ու «միացում» կոչով, ճիշտ ուղիի վրայ պահելու խնդիրը ճակատագրական էր: Կեդրոնական իշխանութիւնները ամէն ձեւով կը փորձէին շարժումը մատուցել իբրեւ հակապետական եւ Ղարաբաղ Կոմիտէն վարկաբեկելու ամէն հնարք ի գործ կը դնէին: Միւս կողմէ, պէտք է ընդգծել, թէ Արցախը Հայաստանին վերամիացնելու հարցը միակն էր, որ կը միաւորէր ողջ հայութեան: Իսկ ընկերային, քաղաքական, տնտեսական կամ այլ նկատառումներով ճամբայ ելած այլ հոսանքներ, պարզապէս ստիպուած էին Շարժման միանալու, բայց նաեւ զայն շեղելու մտադրութեամբ: Ղարաբաղ Կոմիտէի ղեկավաներէն Իգոր Մուրատեան առիթով մը կ’ըսէր. «Ղարաբաղ Կոմիտէի նիստում ելոյթ ունեցան տարբեր մարդիկ. ոմանք յիմարութիւններ էին խօսում: Յիմարութիւններ, բայց բաւական հետաքրքիր բաներ էին ասում, ի դէպ: Եւ պէտք է ասել, որ ժողովուրդին դա դուր է գալիս: Ես չեմ բացառում, որ այդ մարդկանց գաղտնաբար խցկել են մեր մէջ, որոշակի նպատակով»: Առանց ամբողջութեամբ համաձայնելու Իգոր Մուրատեանի կասկածամտութեան հետ, բայց կարելի է բազմաթիւ ապացոյցներ բերել այնպիսի ելոյթներու, հարցազրոյցներու կամ յայտարարութիւններու, որոնց մէջ կ’երեւին Շարժումը իր առաջնահերթ նպատակէն շեղելու, հակախորհրդային, հակառուսական, արեւմտամէտ կամ ազատական ուղղութիւններով տանելու միտումներ:

Այս բոլոր իրողութիւններուն օրին քաջ կը գիտակցէր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը: Իր մտահոգութիւնները բարձրաձայն կամ յատուկ հանդիպումներու ընթացքին անկաշկանդ արտայայտած է Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ Արցախեան Շարժման ղեկին յայտնուած ղեկավարներուն: Պէտք է ըսել, որ Հ.Յ.Դ. այս կեցուածքը կողմերուն մօտ հաշտ չէ ընդունուած:

Այդու հանդերձ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր դիրքորոշումը կը ձեւաւորէր ազգային ընդհանուր շահի մեկնակէտով, Արցախը Հայաստանին միացած տեսնելու անշեղ սկզբունքով: Եւ իբրեւ այդպիսին, Արցախեան ժողովրդային շարժման վստահութիւնը վայելած եւ Ղարաբաղի անունը կրող կոմիտէի անդամներու ձերբակալութիւնը անընդունելի ու դատապարտելի կարմիր գիծ մը եղաւ Դաշնակցութեան համար, պահանջեց անոնց անյապաղ ազատ արձակումը եւ սուր քննադատութեան ենթարկեց Հայաստանի Խորհրդային իշխանութիւնը, որ «ոչ միայն խուլ կը ձեւանայ Արցախեան արդարութեան համար մարտնչող հայորդիները ազատ արձակելու պահանջին նկատմամբ, այլեւ՝ ճնշումի եւ հալածանքի իր քաղաքականութեան թիրախ կը դարձնէ բոլոր անոնք – մինչեւ իսկ համազգային վարկի տէր մտաւորականներ-, որոնք այս կամ այն չափով կը ձայնակցին Արցախեան Շարժումին»:

Ղարաբաղ Կոմիտէի անդամները ազատ արձակելու Հայաստանի քաղաքական հոսանքներու եւ յանձնառու մտաւորականութեան պահանջին կը միանար սփիւռքահայութիւնը՝ գլխաւորաբար Հ.Յ.Դաշնակցութեան դրօշի տակ, Խորհրդային Միութեան դեսպանատուներու դիմաց կազմակերպուած ցոյցերու եւ դաշնակցական մամուլի հրապարակումներու տեսքով: Դաշնակցութեան համար Ղարաբաղ Կոմիտէի ազատ արձակումը կարեւոր երաշխիք պիտի ըլլար Արցախեան Շարժման շարունակականութեան: Եւ այսպէս, Մայիս 31, 1989-ին, Ղարաբաղ Կոմիտէի անդամներու ազատ արձակումով ոչ միայն պաշտօնապէս կ’արտօնուէր Շարժման գոյութիւնը, այլ Արցախեան Շարժումը նոր շունչ կ’առնէր: