Սիմֆոնիկ Նուագախումբը Առցանց Պիտի Ներկայացնէ Հոլիուտան Սիրուած Շարժապատկերներու Մեղեդիները

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը կը հրաւիրէ միանալու «ԴասA կալա համերգ․ Hollywood Non-Stop» սիրուած եւ սպասուած համերգային ծրագիրի առցանց ցուցադրութեան, որուն երաժշտասէրները կրնան հետեւիլ Յուլիս 30-ին՝ ժամը 20:00-ին, նուագախումբի Facebook-ի պաշտօնական էջին միջոցով: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Armenpress.am-էն։

Համերգին պիտի հնչեն հոլիուտեան հանրայայտ ֆիլմերու մեղեդիները։

Նուագախումբը կը ղեկավարէ Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Սերգէյ Սմբատեանը։
Առցանց ցուցադրութեան յատուկ հիւրերն են ԴասA կրթամշակութային նախագիծի մասնակիցները։ Ցուցադրութեան կրնաք հետեւիլ նաեւ «DAS A» յաւելուածին միջոցով։