Դասէն Անդին

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Նորա Թաշճեան

Մարտ 3-ին կը  պատրաստուէինք նշելու Ճեմարանի 90-ամեակը, որուն առթիւ նախատեսուած էին հանդիսութիւններ, զարգացման մրցումներ, ինչպէս նաեւ ծրագրուած էր աշակերտներուն հետ այցելել Նշան Փալանճեան ճեմարան` ծանօթանալու անոր պատմութեան:

Փետրուարը չաւարտած` մեր ծրագիրները  եւ մեր դռները փակեցինք ու նստանք մեր տուները: Առողջական ապահովութիւնը պահպանելը առաջնահերթութիւն դարձաւ: Մտահոգութիւններու եւ մտավախութիւններու առընթեր, ժամանակակից ու արհեստագիտական կարելիութիւններով օժտուած աշխարհ մը կամաց-կամաց սկսաւ ծլիլ ընկերային ցանցերու միջոցով եւ մօտեցուց աշխարհաքաղաքացիները: Մարդկային կեանքը շարունակեց հոսիլ այլ իրականութեան մէջ` այլ ձեւաչափերով:

Ահա այս թոհուբոհին մէջ որոշուեցաւ դիմել առցանց դասաւանդումին: «Դասաւանդութիւնը պիտի շարունակուի, պէ՛տք է շարունակուի»:

Երկար տարիներու ուսուցչական փորձառութիւն ունենալով հանդերձ, պահ մը  ինքզինքս անփորձ եւ ապազինուած զգացի: Գլխուս մէջ սկսան իրարու յաջորդել իրենց կարեւորութեամբ հաւասար եւ իրարու հետ սերտօրէն կապուած հարցեր. «Կրթական տարեշրջա՞նը պէտք է փրկենք, թէ՞ աշակերտներուն հոգեվիճակը եւ ի՞նչ ձեւերով»: Սկսայ փնտռտել առցանց տեղադրուած նախակրթարանի գիտութեան դասերուն վերաբերող տեսերիզներ: Տրուած ըլլալով, որ Ճեմարանի մէջ նախակրթարանի կարգերուն գիտութիւնը կը դասաւանդուի երկլեզու` համացանցի վրայ գտած տեսերիզներս գոհացում չտուին մեր պահանջներուն, բայց անոնք տուին շատ լաւ միտք մը` «ինչո՞ւ չպատրաստել մերը»:

Նկատեցի, որ այս ծրագիրը  առանձինս ընելու բաւարար պատրաստութիւն չունիմ եւ, ինչպէս դժուարութեան մէջ մայր մը պիտի փնտռէր  իր զաւակները, գտայ ճեմարանաւարտ աշակերտներս, որոնք թեւ եւ թիկունք եղան նախաձեռնութեանս ու ապահովեցին իրենց մասնակցութիւնը` թռիչք տալով բոլորիս:  Լիբանանի մէջ եւ աշխարհի չորս ծագերուն ապրող բազմաթիւ շրջանաւարտներ մէկ դիմումով դրական արձագանգեցին եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին պատրաստելու պահանջուած տեսերիզները: Իւրաքանչիւր շրջանաւարտ իր մասնագիտական բնագաւառին առնչուող զեկոյցով մը կամ փորձարկումով մը մասնակցեցաւ մեր  դասապահուն եւ  նպաստեց կենդանի ու առողջ մթնոլորտի ստեղծման: Մինչ ուրիշներ իրենց թելադրանքներով եւ մատնանշումներով դիւրացուցին համացանցի վրայ նիւթերու զետեղման գործընթացը եւ ինծի սորվեցուցին արհեստագիտական կարգ մը ծրագիրներու օգտագործման եղանակը:

Միւս կողմէ, այս անբնական պայմաններուն մէջ զուտ դասագրքային նիւթերուն անդրադառնալը  եւ միայն  ծրագիրի հետապնդումով տագնապիլը անբաւարար նկատելով,  դասին մատուցման նոր ուղի գտնելը դարձաւ հրամայական: Այսպէս, դասին զուգահեռ աշակերտներուն ուղարկուեցաւ «դասէն անդին» խորագրով բաժին մը, ուր  անդրադարձանք օրուան հետ առնչակից զանազան նիւթերու: Այս բոլորը իրագործուեցան նաեւ շնորհիւ շրջանաւարտներուն, որոնք հիւրաբար ներկայ գտնուեցան մեր դասերուն: Նիւթը եւ անոր մատուցման մակարդակը ճշդելէ ետք, շրջանաւարտները  լծուեցան տեսերիզներու (հայերէնով եւ ֆրանսերէնով) պատրաստութեան: Իրենց  մասնագիտական խօսքով զարգացուցին աշակերտին գիտական միտքը եւ այժմէական տեղեկութիւններ փոխանցեցին սննդականոնի ու մարմինի դիմադրողականութեան, «Քորոնա» ժահրի եւ պատուաստներու, ինքնամեկուսացումի պայմաններուն մէջ առօրեան կազմակերպելու, ուտելիքները պահպանելու եւ նման այլ նիւթերու շուրջ` միեւնոյն ատեն ստեղծելով լաւ տրամադրութիւն եւ ժպիտ:

Վերացական կապը հետզհետէ փոխուեցաւ մտերմութեան: Ճեմարանական աշակերտներու եւ ճեմարանաւարտներու միջեւ «միջնորդութիւնս»  երկար չտեւեց, անոնք արդէն բջիջայինի թիւեր փոխանակեցին եւ սկսան անձամբ դիմել իրարու: Չուշացան աշակերտներուս շնորհակալական նամակներն ու գնահատական խօսքերը:

Մասնագիտական միջամտութիւնը արդէն փոխակերպուած էր մարդկային յարաբերութեան եւ մօտեցուցած էր նոյն նստարաններուն ետին նստած, բայց տարբեր վայրերու մէջ գտնուող տարբեր սերունդներ: Ճգնաժամային այս օրերուն  նոյն վարժարանի նախկին եւ ներկայ աշակերտներ` անտեսելով «ֆիզիքական հեռաւորութիւն»-ը, ձեռք-ձեռքի բռնած գիտութեամբ եւ մարդկային արժէքներով «վարակեցին» զիրար:

Հասկնալի դարձաւ, որ մարդկութեան  պատուհասած այս աղէտը իր դրական կողմն ալ ունեցաւ. ստեղծուեցան փոխանակումի նոր կարելիութիւններ, յառաջ եկան նոր մօտեցումներ, ծնան նոր գաղափարներ:

Գոյացած էր ոգեղէն Ճեմարան մը, որ ո՛չ սահման, ո՛չ ալ տարածութիւն կը ճանչնար:

Շօշափելի դարձաւ մեր աշակերտութեան մօտ իրարու օժանդակելու անսակարկ պատրաստակամութիւնը, շնորհակալ ըլլալու գիտակցութիւնը եւ պատկանելիութեան ազնիւ զգացումը:

Շնորհաւոր 90-ամեակ, սիրելի՛ Ճեմարան: