Որեւէ Ուժ Ժողովուրդի Ներկայացուցիչը Չի Կրնար Կաշկանդել Լեռնային Ղարաբաղի Բանակցութիւններու Սեղանին Շուրջ. Փաշինեան

Հայաստան

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը վստահեցուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցութիւններու սեղանին շուրջ նստած է այն անձը, որ կը ներկայացնէ Հայաստանի ժողովուրդը: Հայաստանեան որեւէ ուժ, վարչապետին հաստատումով, չի կրնար կաշկանդել ժողովուրդին շահերը ներկայացնողը: Armenpress-ի հաղորդումով` այս մասին Փաշինեանը խօսեցաւ առցանց մամլոյ ասուլիսի ընթացքին` պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն: Ան նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ձեւաչափին մասին բազմիցս արտայայտած է իր կարծիքը, թէ Արցախի Հանրապետութեան ընտրուած ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը բանակցութիւններուն շատ էական եւ կարեւոր է:

«Ոմանք կը փորձեն Հայաստանի օրինական ներկայացուցիչները կաշկանդել բանակցային սեղանի շուրջ», ըսաւ վարչապետ Փաշինեան եւ կրկնեց` ոչ մէկ ուժ կրնայ զիրենք կաշկանդել:

Փաշինեան շեշտեց, որ որեւէ որոշում կայացնելէ առաջ պէտք է խօսիլ Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան խորհուրդներուն, խորհրդարաններուն եւ ժողովուրդին հետ:

«Ես Արցախի հարցի լուծման այնպիսի հրապարակային պայման կապած եմ մեր ժողովուրդին հետ, որ որեւէ շահարկման տեղ չի կրնար ըլլալ: Ի տարբերութիւն նախկին շարք մը դէպքերու, այսօր բանակցութիւններու սեղանին շուրջ նստած անձը կը ներկայացնէ Հայաստանի ժողովուրդը», ընդգծեց Նիկոլ Փաշինեան:

Ան յայտնեց, որ ինք չի պատկերացներ լուծում մը, որ ըլլայ առանց Արցախի ընտրուած ներկայացուցիչներու մասնակցութեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ինք պատրա՞ստ է Արցախի հարցով հանդիպելու Հայաստանի նախկին նախագահներուն հետ, Փաշինեան նշեց, որ խնդիր չի տեսներ, եթէ այդ անհրաժեշտութիւնը ըլլայ:

«Կայ այսպիսի հանգամանք` նախապէս տեղի ունեցած բանակցութիւններուն մասին հաստատութենական տեղեկատուութիւնը պետական կառավարման համակարգին մէջ առկայ է` ձեռքիս տակ է», նշեց վարչապետը:

Անդրադառնալով խաղաղապահ ուժերու հաւանական տեղակայման հարցին` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ նախապէս եղած փաստաթուղթերուն ու հրապարակային յայտարարութիւններուն մէջ խաղաղապահ ուժերու գաղափարը միշտ ալ ներկայ եղած է: