Նոր Օսմանականութեան Հին Նպատակները Լիբանանի Մէջ (Մայիս 6-ի Առիթով)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Ազդակ»-ի խմբագրական

Մայիս 6-ը կ՛ենթադրէ  համաարաբական ազգայնականութիւն․ հետեւաբար, օրուան պայմաններն ու բռնատիրական կարգերը նկատի ունենալով` հակաօսմանականութիւն: Կ՛ենթադրէ ինքնավարութեան ձգտում, կարծիքի ազատութիւն եւ օտար տիրապետութեան մերժում: Մայիս 6-ը համաարաբական  բնութագիր ունենալով, կ՛ենթադրէ իսլամ-քրիստոնեայ համատեղ խրամատ` ընդդէմ թրքական բռնատիրական կարգերու: Ընդդէմ լեզուական եւ մշակութային հարթիչ գլանային քաղաքականութեան դիրքորոշում եւ միացեալ պայքար:

Առանց կրօնական եւ դաւանական խտրութեան համաարաբական գաղափարախօսութիւնը բոլոր ժամանակներէ աւելի հրամայական դարձած է: Մայիս 6-ի  պատճառահետեւանքային դիպաշարերու առարկայական ուսումնասիրութիւնը կը համոզէ հանրութիւնը, որ օսմանականութիւնը կրօնը շահարկած է պարզապէս տարածելու, որդեգրել տալու թրքերէնը, թրքական մշակոյթը, թրքութիւնը: Թրքական ցեղապաշտ այս քաղաքականութեան դէմ պայքարելու համար կախաղան բարձրացան իսլամ եւ քրիստոնեայ հոգեւորականները, մտաւորականները, հասարակական գործիչներն ու լրագրողները:

104 տարուան հեռաւորութենէն մայիս 6-ի դիտարկումի փորձերը աւելիով կը համոզեն, որ  նոր օսմանականութիւնը պարզապէս կը շարունակէ այն, ինչ որ արաբական աշխարհին կատարեցին օսմանեան իշխանութիւնները: Օրին ամբողջ շրջանը ենթարկուեցաւ ցեղային զտումի առաջնորդող տարբեր գործողութիւններու` լեզուական-մշակութայինէն մինչեւ ջարդեր եւ սովամահութիւն:

Ցեղասպանութեան կիրարկման եղանակները կրնան տարբերիլ: Բռնի կրօնափոխութիւնը, ինքնութեան փոփոխութեան լեզուամշակութային եւ կրթական քաղաքականութիւնը,  բռնարարքներն ու ջարդերը եւ կանխամտածուած սովամահութիւնը կը համալրեն ցեղասպանական արարքներու շարքը: Ցեղասպանութիւն կրնայ տեղի ունենալ տեղահանութեամբ եւ հայրենազրկումով: Ցեղասպանութիւն է իր հայրենիքէն դուրս տարբեր աշխարհագրական միջավայրերու մէջ ազգաբնակչութեան մը բնաջնջումը նպատակադրող արարքներու ամբողջութիւնը: Ցեղասպանութիւն է իր բնօրրանին մէջ ամբողջ ժողովուրդ մը սովամահ դարձնելը:

Հաւաքական սովամահութիւնը կը նպատակադրէ իր բնօրրանէն առանց տեղահան ընելու արաբաթափում կատարել: Նոյն ձեռագիրն է, որ հայոց պարագային անհրաժեշտ կը գտնէր ապրիլ 24-ին գլխատել ազգը` սպաննելով մտաւորականութիւնը, եւ մայիս 6-ին կախաղան հանել համաարաբականութիւն քարոզող գաղափարախօսները: Ահա թէ ինչո՛ւ Լիբանանը բոլոր նախադրեալները ունի իր ժողովուրդին դէմ կիրարկուած ցեղային զտումի այս քաղաքականութիւնը որակելու իբրեւ լիբանանցիներու ցեղասպանութիւն: Նման նախաբան կատարեց հանրապետութեան նախագահը, երբ Մեծն Լիբանանի հիմնադրութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու նախապատրաստութեան ազդանշանը տուող իր ուղերձին մէջ պահանջեց իրերը կոչել իրենց անուններով եւ ընդգծեց օսմանցիներուն կիրարկած դաւադիր ու ջարդարար քաղաքականութիւնը` Լիբանանի ժողովուրդին նկատմամբ:

104 տարի ետք նոյն նպատակները կը փորձէ իրականացնել նոր օսմանականութիւնը տարածաշրջանին եւ այս պարագային Լիբանանի մէջ: Փոխուած են մեթոտները․ բարեսիրական, մշակութային, արխիւային եւ ակադեմական տեսքով նորօրեայ սուլթանները կը պահեն իրաւաժառանգորդի իրենց կարգավիճակը: Քաղաքացիութեան շնորհում, ուսանողներու հաւաքագրում, որոշ քաղաքներու կառավարական մարմիններու մէջ թափանցում, ծագումնաբանական պեղումներով օսմանցիներու ժառանգորդներու յայտնաբերում, թուրք գործիչներու արժեւորման փորձեր, Թուրքիոյ իշխանական կուսակցութեան անդամակցութիւն, սիւննի զանգուածին հովանաւորչութիւն կատարելու յոխորտանքներ, թրքական համայնքի ձեւաւորման միտող յայտարարութիւններ կու գան արթնցնելու տխուր յիշատակներ լիբանանցիներու հաւաքական յիշողութեան մէջ:

Մայիս 6-ի համաարաբական դիմագիծը խստօրէն կը մերժէ Թուրքիոյ տխուր դերակատարութիւնը զուտ քրիստոնեայ դիտանկիւններէ ներկայացնելու փորձերը: Մայիս 6-ի նահատակները թէ՛ քրիստոնեայ եւ թէ՛ իսլամ հոգեւորականներ ու մտաւորականներ էին: Այնուհետեւ, ամբողջ թրքացման քաղաքականութիւնը կիրարկուեցաւ ինչպէս քրիստոնեայ, այնպէս նաեւ իսլամ զանգուածներուն վրայ: Սովամահ դարձան բոլո՛րը:

Արաբական աշխարհին մեծ դռնէն մտնելու փորձ կատարող Անգարային պէտք է յիշեցնել մայիս 6-ը: Միաժամանակ վերամերժելով նոր օսմանականութեան հին նպատակները: