Մինեսոթայի Ծերակոյտի Անդամ Մերի Քիֆմեյըր Արցախի Անկախութիւնը Ճանչցող Բանաձեւ Հեղինակած է

Աշխարհ, Հայաստան

Մինեսոթայի Ծերակոյտի անդամ Մերի Քիֆմեյըր հեղինակած է Արցախի անկախութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ամերիկայի հայկական համագումարէն:

«Բանաձեւը ողջունելի եւ կարեւոր խորհրդանշական ժեստ է, որ կ՝ընդունի եւ կ՝աջակցի արցախցիներու մարդու հիմնական իրաւունքները ՝ ապրելու, ինքնակառավարուելու եւ ազատօրէն ու ապահով կերպով բարգաւաճելու եւ հարեւաններու հետ խաղաղութիւն հաստատելու»,- ըսած է Համագումարը:

Բանաձեւը նաեւ կը յիշեցնէ, որ Քալիֆորնիա, Ճորճիա, Հաուայ, Լուիզիանա, Մէյն, Մասաչուսէթց, Միշիկըն եւ Ռոտ-Այլընտ նահանգները ճանչցած են Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը: