Մեր Կոմիտասը Որբ Չթողուցինք…

Սփիւռք

Այս տարի, Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ ամեակը` ըլլայ ան Հայրեիքի մէջ, թէ այլուր, ոգեկոչուեցաւ տարբեր տարողութեամբ, սակայն՝ պահանջատիրութեան նոյն ուժգին կամքով ու յանձնառութեամբ, հակառակ թագաժահրին պատճառած անպատեհութիեանց:

Գանատայի Քեպէգ քաղաքին մէջ, առտունէ մինչև իրիկուն, Կոմիտասի կիսանդրին եղաւ քեպէգահայերու ժամադրավայրը, որոնք իրենց ծաղկեփունջերով խոնարհեցան Կոմիտասին առաջեւ, «Հայր Մեր» մը արտասանեցին և իրենց յարգանքի տուրքը մատուցին մեր մէկ ու կէս միլիոն սուրբ նահատակներու անթառամ յիշատակին:

Առտու կանուխ, քիչ մը խոկալու եւ աղօթելու համար այցի գացի Կոմիտասին, եւ ամէն ինչ բնական էր, կէսօրէ ետք, Արմէնը (Քեպէգահայ մը), հեռաձայնեց ըսելով, թէ Կոմիտասի շրթունքը ճերմակ ներկած են: Արմէնը փորձած էր ալքոհոլով մաքրել ներկը, սակայն՝ չէր յաջողած: Ազնիւ Քեպէքուհի մը ջուր եւ քիմիական նիւթեր բերած էր, որպէսզի ներկը մաքրուի… եւ հարց տուած, թէ արդեօք հայե՞ր էք…

Ո՞վ եղած է այս արարքը կատարողը, կարելի՞ է կասկածիլ….

Սակայն, այս տարի եւս մեր Կոմիտասը որբ չթողուցինք…

Սեդա Թէլեան
Քեպէգ