Հայաստանը Գրանցած է Freedom House-ի Զեկոյցի Պատմութեան Մէջ Ժողովրդավարացման Ամենաբարձր Ցուցանիշը

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

«Freedom House» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը յետխորհրդային երկիրներու ժողովրդավարութեան բարելաւման վերաբերեալ իր զեկոյցին մէջ բարձր գնահատած է Հայաստանի վերջին երկու տարիներու ձեռքբերումները այս ոլորտէն ներս: ԵՌԱԳՈՅՆ-ը այս մասին կը տեղեկանայ Armenpress.am-էն։

Ամերիկեան հանրայայտ իրաւապաշպան կազմակերպութիւնը իր «Անցումային երկիրներ 2020» զեկոյցի հրապարակման առնչութեամբ ընդգծած է, որ Հայաստանը արձանագրած է զեկոյցի պատմութեան մէջ ժողովրդավարութեան բարելաւման ամենաբարձր երկամեայ ցուցանիշը։

Զեկոյցը նուիրուած է յետխորհդային եւրասիական 29 երկիրներու մէջ ժողովրադավարական զարգացումներուն: Կը նշուի, որ Հայաստանը վերջին երկու տարիներուն մեծ առաջընթաց արձանագրած է ընտրութիւններու իրականացման եւ կաշառակերութեան դէմ պայքարի ոլորտներուն մէջ, դատական համակարգի շուրջ զարգացումները, սակայն, մտահոգութիւններու տեղ տուած են զեկոյցի հեղինակներուն:

«Freedom House»-ի գնահատմամբ՝ քաղաքական փոփոխութիւններու, օրէնքի գերակայութեան եւ համակարգուած կաշառակերութեան դէմ պայքարի շուրջ հանրային համաձայնութիւնը հիմք ստեղծած է Հայաստանի մէջ թաւշեայ յեղափոխութեան համար: Հանրային այս պահանջը պատմական հնարաւորութիւն է ժոողովրդավարութեան զարգացման առումով:

Զեկոյցը կոչ կ՝ընէ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելու կառավարման համակարգի անցումային փուլի մէջ գտնուող երկիրներուն՝ առանձնացնելով Հայաստանն ու Ուքրանիան, որոնք վերջին երկու տարիներուն արձանագրած են ժողովրդավարացման բարձր ցուցանիշներ: Այս երկիրներու առաջնորդները այսօր կանգնած են առանց ժողովրդավարական չափանիշներու խախտման քաղաքացիներու սպասումները արդարացնելու, վստահութիւնը պահպանելու եւ փտած համակարգերը փոխելու մարտահրաւէրներու առջեւ:

«Freedom House»-ը կոչ կ՝ընէ ծրագրային ծաւալուն աջակցութիւն ցուցաբերելու Հայաստանին օրէնքի գերակայութեան եւ հիմնարկներու հզօրացման ուղղութեամբ, ներառեալ դատական ու ոստիկանական համակարգերու բարեփոխումները: Թաւշեայ յեղափոխութեան աջակցած ԱՄՆ-ի ու եւրոպական երկիրներու ծրագրերը պէտք է ներառեն նաեւ հանրային միասնութեան պահպանման եւ քաղաքական բեւեռացման վերացման նպատակներ, որոնք պիտի օգնեն յաջողութեամբ իրականացնելու այլ բարեփոխումներ:

Զեկոյցը կ՝ընդգծէ՝ եւրոպական եւ եւրասիական տարածաշրջանին մէջ աւելի շատ առաջնորդներ արդէն բաց յարձակում կը գործեն ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ արժէքներու վրայ: «Freedom House»-ի նախագահ Մայքլ Աբրամովիցը կոչ կ՝ընէ արեւմտեան ժողովրդավարութիւններուն չանտեսելու իրենց հարեւանութեամբ ընթացող հակաժողովրդավարական գործընթացները, իսկ Միացեալ Նահանգներուն՝ վերստանձնելու իր առաքելութիւնը ժողովրդավարութեան պաշտպանութեան հարցով: Չբացառելով ժողովրդավարութեան զարգացման տեսանկիւնէն իրավիճակի վատթարացումը «քորոնա» ժահր համավարակին պատճառով՝ Աբրամովիցը յոյս կը յայտնէ, որ այս փորձութիւնը ի ցոյց պիտի դնէ թափանցիկ ու պատասխանատու կառավարման կարեւորութիւնը՝ պահանջարկ առաջացնելով նոր փոփոխութիւններու համար: