ՍԼԱՔՆԵՐ.- Պսակաձեւ Ժահրը Կը Յիշեցնէ… Յ. Պարոնեանը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ս. Մ.

Սիրելի ընթերցող։ Ես ալ այս օրերուն, բոլորին նման, ինքնամեկուսացումի դատապարտուած եմ, գլխաւոր ժամանցս՝ պատկերասփիւռէն հաղորդուած լուրերուն հետեւիլն է։ Պսակաձեւ ժահրը իր տիրապետութիւնը տարածած է ամէն տեղ, մասնաւորաբար լրատուութեան միջոցներու վրայ։ Լուրերը կը սկսին ու կը վերջանան այս աղէտին մասին տեղեկութիւններով, երբեմն ողբերգութիւնը համեմելով ծիծաղելի եւ կատակերգական դրուագներով։
Ի տես եւ ի լուր հրամցուածներուն, գրեթէ ամէն օր կը մտաբերեմ մեր անմահ երգիծաբանը՝ Յակոբ Պարոնեանը եւ իր մէկ նշանաւոր խօսքը. կը նախընտրեմ դաստիարակուիլ խնդալով, քան թէ ծեծով, ու այդ ներշնչումով ալ, ահա կ’աշխատիմ քանի մը քաղուածք ընել աշխարհի առօրեայէն, ճշմարիտն ու երեւակայականը իրարու խառնելով՝ աղցան մը հրամցնել քեզի, որպէսզի այս «ծանր օրերուն» բերենք քիչ մը թեթեւութիւն։

***

– Տարածուած է այն յոռետես համոզումը, թը Պսակաւոր ժահրը միայն չարիք բերած է։ Սխա՛լ։ Պսակաձեւ ժահրը ահագին բարիք ալ բերաւ. սկսելու համար՝ անվիճելիօրէն բացայայտ դարձուց, թէ աշխարհի բազմաթիւ մեծ ու փոքր երկիրները կը կառավարուին համբակ եւ անատակ մարդոցմով։ Ժողովուրդը խուճապէ հեռու պահելու եւ ի՛սկապէս ճիշդ ցուցմունքներ տալու փոխարէն, շատեր օր աւուր պատկերասփիւռէն իրենք զիրենք կը ցուցադրեն դատարկաբանութիւններ բաշխելով։ Այդպիսիներուն կարելի է մէկ յանձնարարութիւն ընել. լաւ կ’ըլլայ որ ձեր բերանները միայն ձեր ատամնաբուժին առջեւ բանաք…
– Այլ բարի՞ք մը. լուրերու ցանկերէն զգալիօրէն նահանջ արձանագրած են ոճիրները, արկածները, գողութիւնները, պատերազմները, գաղթականները եւ նման «սերիալ»-ներ, որոնք այլապէս դիտողին լաւ… ժամանցը կը հայթայթէին։ Երանի՜ թէ անոնք իսկապէս նուազած ըլլային։
– Մի՜ աճապարէք։ Ուրիշ բարիքներ ալ կան։ Մարդիկ՝ պետական պատասխանատուներէ մինչեւ յետին համեստը անդրադարձան, որ այս վարակը խտրութիւն չի դներ ցեղերուն ու երկրամասերուն միջեւ, իրեն համար սեւ ու սպիտակ, յեղափոխական կամ հակայեղափոխական, անցեալ-ցի եւ ներկա-ցիներ չկան…
– Տխմարութիւնը միայն պետական կարգ մը դէմքերու մենաշնորհը չէ եղեր։ Ժահրով վարակուած մը ոստիկանի մը դէմ բողոքեր է, որովհետեւ ան յանձնարարած է տունէն դուրս չգալ. գանգատեր է, որ իր ազատութիւնն ու մարդկային իրաւունքները պէտք չէ բռնաբարուին, կաշկանդուին։ Մարդը հաւանաբար կը մտածէ, որ վարակելն ու վարակուիլն ալ իրաւունք է… (նման իրաւատէրեր մէկ-երկուք չեն. ձեր չորս դին փնտռեցէ՛ք, կրնան ձեր թաղին մէջ ալ բնակիլ)։
– Ժահրին տարածման հաւանականութիւններուն մասին ահազանգերը վստահաբար մեծ մասամբ չափազանցութիւն են։ Պատասխանատուներ հաւանաբար պէտք է շեշտը դնեն նախազգուշական միջոցառումներու վրայ, քան թէ սարսափ տարածելու՝ թէ վաղը-միւս օր, հարիւրաւոր-միլիոնաւոր մարդիկ պիտի վարակուին անխուսափելիօրէն, մահուան մանգաղը առատ հունձք պիտի ընէ ամէն տեղ։ Կը ստեղծեն այն հոգեվիճակը, որ կարծէք թէ ժահրը տանդ դրան առջեւ քեզ կը սպասէ եւ կոկորդէտ վար պիտի սահի՝ անմիջապէս որ գլուխդ դուռէն դուրս հանես։ Միւս կողմէ, ուրախալի է որ կան միտքեր հանդարտեցնող՝ անկեղծ խոստովանութիւններ, թէ վարակին դէմ տակաւին պատուաստ ու դեղ չկայ, այլ զգուշաւորութիւնն ու յստակ թելադրանքներու անսալը առայժմ միակ ձեւն է վտանգէ զերծ մնալու։
– Այս ժահրը, իր ձեւովն իսկ, տարհամոզողի ազդեցութիւն ունեցած է, կ’ըսեն, կարգ մը երկիրներու վարիչներուն մտայնութեանց եւ երազներուն վրայ։ Թուրքիայէն շշուկներ սպրդած են, որ Էրտողան որոշեր է հրաժարիլ սուլթանական-թագաւորական դիտաւորութիւններէ, երբ իմացած է, որ Պասկաձեւ ժահրին կը տրուի նաեւ… թագանման ժահր անունը։
– Իտալացիք, ժահրին ծանրութիւնը ամէնէն աւելի կրողները ըլլալով հանդերձ, աշխարհին յիշեցուցին, որ կարելի է ամէնէն աղէտալի վիճակներն իսկ դիմագրաւել զուարճութեամբ՝ պատշգամներուն վրայէն երգելով իրարու արձագանգել։ Բազմաթիւ արուեստագէտներ, նաեւ հայեր հետեւեցան այս աղուոր տրամաբանութեան եւ համացանցի միջոցով հաճելի երաժշտութիւն, մինչեւ իսկ «գիւտեր» հրամցուցին հարկադրաբար տուներուն մէջ մեկուսացածներուն։
– Ստեղծուած կացութեան մէջ, ինքնամեկուսացում պատգամը ամէն օր աւելի եւ աւելի՛ ուժեղ կը հնչէ։ Պէտք է աւելցնել նաեւ… ինքնաբանտարկութիւնը, մասնաւորապէս պետական այն մարդոց՝ որոնք ականջ չեն տար գիտնականին ու բժիշկին, կը դանդաղին անհրաժեշտ կանխամիջոցները յանձնարարելու ժողովուրդներուն։ Ինքնամեկուսացումը ներկայիս բարիք է. ինքնաբանտարկութեան մէջ պատիժի երանգ մը կայ…

***

Այս արագ «ծաղկահաւաքը» աւարտին հասնելու մօտ էր, երբ Հայաստանի պատկերասփիւռի կայանէ մը 22 Մարտին հաղորդեցին, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը որոշեր է դադրեցնել Արցախի օժանդակութիւնները։ Որոշումը վերագրուեցաւ Ատրպէյճանի ի նպաստ քարոզչութիւն ընողներուն։ Սխա՛լ մեկնաբանութիւն։ Շշուկներ կան, թէ Թրամփ եւ օգնականները այս քայլին դիմեր են, որպէսզի կարենան խնայուած գումարով… պետքարանի թուղթ գնել։