Առաւել Քան Կարիք Կայ Քաղաքական Տարբեր Հայեացքներու Տէր, Ընդդիմադիր Կամ Իշխանական Ուժերու Մէկտեղման. ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուս. Միութիւնը Կը Միանայ «Քորոնա» Ժահրի Դէմ Պայքարին

Այլեւայլ, Հայաստան

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան նախաձեռնած այս շարժման ծիրէն ներս՝ կ՝ախտահանենք հանրակառքեր, կանգառներ, անհատ Taxi ծառայութեան մեքենաներ, մարդոց կը բաժնենք ձեռնոցներ, դիմակներ՝ «քորոնա» ժահրի դէմ առաւել արդիւնաւէտ պաշտպանուելու համար։ Այս մասին, Yerkir.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին, նշած է ՀՅԴ ՆԱՈւՄ-ի վարչութեան ներկայացուցիչ Հռիփսիմէ Արշակեան, որ խումբ մը ՆԱՈւՄ-ականներու հետ Երեւանի մէջ կը մասնակցէր նախաձեռնութեան։

ՀՀ-ի մէջ օրեր առաջ յայտարարուած արտակարգ դրութեան պայմաններուն առաւել քան կարիք կայ քաղաքական տարբեր հայեացքներու տէր, ընդդիմադիր կամ իշխանական ուժերու մէկտեղման. Ասիկա կանգառներն ու մեքենաները ախտահանման դուրս եկած ՆԱՈւՄ-ի ներկայացուցիչներուն կարծիքն է։  

«Բնականաբար՝ ասիկա նաեւ տեսակ մը օժանդակութիւն է պետական միջոցառումներուն, հակահամաճարակային այն ծրագրերուն, որոնք կ՝իրականացնէ Առողջապահութեան նախարարութիւնը, արտակարգ իրադրութեան պայմաններուն՝ պարէտատունը եւ այլոք»,- փաստած է Հռիփսիմէ Արշակեան՝ աւելցնելով, որ իրենք այս օրերուն բարոյապէս անթոյլատրելի կը համարեն քաղաքական հողի վրայ հակադրուիլը եւ կողքի քաշուիլը։

Հասարակութեան արձագանգէն Հռիփսիմէն եւ ընկերները շատ գոհ են. մարդիկ ոչ միայն չափազանց դրական կ՝ընդունին, այլեւ շատերուն կողմէ կը լսուին երախտիքի խօսքեր: 

«Անգամ մարդիկ կան, որոնք հեռուէն իրենք կը մօտենան, կը խնդրեն պարագաներ կամ ախտահանել իր մեքենան, գրասենեակի կամ խանութի դռան բռնակները եւ այլն: Այսինքն՝ մարդիկ կարիք ունին նման ծրագրերու եւ աջակցութեան, եւ, կը կարծենք, պետական օղակները եւս պէտք է նկատի առնեն այս ամէնը», – եզրափակած է ՀՅԴ ՆԱՈւՄ-ի վարչութեան ներկայացուցիչը: