Արցախի «Սանդերք» Ընկերութիւնը Կառավարութեան Պատուէրով Բժշկական Դիմակներ Կը Կարէ

Հայաստան

Կտորեղէնի արտադրութեամբ զբաղող Ստեփանակերտի «Սանդերք» ընկերութիւնը այս օրերուն կը զբաղի նաեւ բժշկական դիմակներու պատրաստմամբ: Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ ըսած է ընկերութեան փոխտնօրէն Արմէն Խաչատրեան:

Անոր խօսքով` ընկերութեան պատրաստած դիմակները բարձրորակ են. եթէ դեղարաններու մէջ վաճառուող բժշկական դիմակները մէկ անգամեայ օգտագործման համար նախատեսուած են, ապա «Սանդերք»-ի արտադրածը համապատասխան ախտահանելու պարագային կարելի է օգտագործել քանի մը անգամ:

«Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան պատուէրով` Փետրուարի վերջէն մենք սկսանք արտադրել բժշկական դիմակներ: Այս օրերուն դիմակներու պատրաստման հարցերով մեզի դիմած են տարբեր գերատեսչութիւններու, հանրային սնունդի կէտերու, ծառայութիւններ մատուցող ըներութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ֆիզիկական անձիք: Ներկայիս ընկերութեան արտադրողականութեան պայմանները կը բաւարարեն համապատասխան պատուէրներ ընդունելուն: Արտադրութեան հնարաւորութիւնը թոյլ կու տայ օրական միջինը արտադրել 5.000 բժշկական դիմակ, սակայն այժմ կը կարենք 2400-3000 դիմակ: Արտադրութեան հիմնական հումքը կը բերենք Հայաստանէն: Անցած շաբաթուան ընթացքին մեզի դիմած են հանրապետութեան մէջ գործող 9 հիմնարկներ, որոնք տարբեր քանակի (սկսած 100-էն մինչեւ 10 հազար) դիմակներ պատուիրած են: Ընկերութեան արտադրած բժշկական դիմակը արժէ 150 դրամ»,- մասնաւորապէս ըսած է Ա. Խաչատրեանը` նշելով, որ իրենք այդ աշխատանքները պիտի իրականացնեն այնքան ժամանակ, մինչեւ նոր “Քորոնա” ժահրի հետ կապուած խնդիրները վերանան:

Անոր խօսքով` ընկերութեան համար բժշկական դիմակներ պատրաստելը ոչ թէ եկամուտ է, այլ, իրավիճակէն մեկնած, հասարակութեան առողջութեան ապահովում: