Ամերիկեան Կառավարութիւնը Դադրեցուցած է Ականազերծման Ֆինանսաւորումը Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ. EURASIANET

Աշխարհ, Հայաստան

Ամերիկեան ներկայացուցիչները կը նշեն, որ նոր ֆինանսաւորումը ամենայն հաւանականութեամբ պիտի ուղղուի Հայաստանի մէջ լաւ կառավարումն ու թափանցիկութիւնը առաջ մղող ծրագիրներու համար, իսկ Ատրպէյճանի մէջ` ուժանիւթի անվտանգութեան  ծրագիրները ֆինանսաւորելու համար, որոնք պիտի նուազեցնեն երկրի կախուածութիւնը քարիւղէն եւ բնական կազէն:

«Մենք ականազերծման այս ծրագիրը կը համարենք յաջողած, սակայն միաժամանակ նաեւ կը կարծենք, որ հասած են այն սահմանագծին, որուն կրնային հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ»,- Eurasianet-ին փոխանցած է USAID-ի ներկայացուցիչը, որ ցանկացած է մնալ անանուն: «Եւ մենք անհամբերութեամբ կը սպասենք, թէ երբ պիտի կը կարենանք սկսիլ այլ աշխատանք տարածաշրջանին մէջ, եւ յոյս ունինք, որ անիկա պիտի օգնէ լուծելու որոշ տարածաշրջանային խնդիրներ: Halo-ի գործունէութիւնը շրջանին մէջ կը բաժնուի երկու կարգի․ գործունէութիւն, որ կը վերաբերին խորհրդային ժառանգութիւն մնացած ԼՂԻՄ տարածքին եւ գործունէութիւն, որ կ՛իրականացուի Ղարաբաղի շուրջ գտնուող տարածքներու մէջ, որոնք հայկական ուժերը կը վերահսկեն որպէս արգելակող գօտի:  USAID-ն կը ֆինանսաւորէ միայն առաջին մասը, իսկ երկրորդ մասը կը ֆինանսաւորուի մասնաւոր նուիրատուութիւններով, յատկապէս հայ համայնքի խումբ մը ներկայացուցիչներու կողմէ կատարուած»:

 Halo-ի ներկայացուցիչները պարբերականի գրաւոր հարցման, ուղարկուած Ե-նամակով, չեն պատասխանած, սակայն, Eurasianet-ի` նոյեմբերեան այցի ժամանակ Ստեփանակերտ, Halo-ի շտապ-բնակարան, անոնք մշտապէս յայտարարած են, որ դեռ շատ ընելիքներ ունին: Իր քսանամեայ  գործունէութեան ընթացքին Halo-ն ականազերծած է մօտ 2000 հակահրասայլային ական եւ մօտ 9000 հակահետեւակային ական, 48 միլիոն քառակուսի մեթր տարածք դարձնելով կրկին անվտանգ բնակչութեան համար, կը գրէ պարբերականը։