Չինաստան Պատրաստ է Հայաստանին Անհատոյց Տրամադրել Բժշկական Յատուկ Արտահագուստ եւ Թոքերու Սարքեր

Աշխարհ, Հայաստան

Մարտ 23-ին ՀՀ ԱԳ նախարարի տեղակալ Աւետ Ադոնց հեռախօսային տեսաքննարկում ունեցած է  Հայաստանի մէջ Չինաստանի դեսպան Թիեն Ըրլունի հետ։ Կողմերը անդրադարձան Հայաստանի եւ Չինաստանի մէջ նոր տեսակի “Քորոնա” ժահրի հետ կապուած իրավիճակին, տեղեկատւութիւն փոխանակած են այս ուղղութեամբ երկու երկիրներու կառավարութիւններու կողմէ ձեռնարկուող քայլերու շուրջ: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ ԱԳՆ կայքը։

Երկուստեք գոհունակութիւն արտայայտուած է նոր տեսակի “Քորոնա” ժահրի դէմ պայքարի ուղղութեամբ Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ հաստատուած սերտ համագործակցութեան կապակցութեամբ: Նախարարի տեղակալ Ադոնցը շնորհակալութիւն յայտնած է դեսպան Թիենին Հայաստանի մէջ Չինաստանի դեսպանութեան օգնութեամբ ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան անհատոյց տրամադրուած 1008 հատ նոր տեսակի տեսակի “Քորոնա” ժահրի փրձարկիչի համար, որոնք օրերս հասած են Հայաստան:

ԱԳ նախարարի տեղակալը բարձր գնահատած այն փաստը, որ չինական կողմը շարունակաբար կը կիսուի “Քորոնա” ժահրի դէմ պայքարի եւ կանխարգիլման միջոցառումներու իր լաւագոյն փորձով: Ան կարեւոր համարած է Չինաստանի կողմէ համավարակի դէմ պայքարի վերաբերեալ գիտելիքի առցանց տեղեկատուական հարթակի ստեղծումը (Knowledge Center for China’s Experiences in Response to COVID-19, https://covid19.alliancebrh.com), ինչպէս նաեւ Չինաստանի Ճըծեանգ նահանգի առաջին բժշկական համալսարանական հիւանդանոցի կողմէ “Քորոնա” ժահրի կանխարգիլման եւ բուժման մասին ձեռնարկի կազմումը, որու վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը վերջին շրջանին փոխանցուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան:

Կողմերը քննարկած են նաեւ բժշկական յատուկ արտահագուստի, դիմակներու եւ թոքերու արհեստական օդափոխութեան սարքերու մատակարարումներու հետ կապուած հարցեր: ՀՀ ԱԳ նախարարի տեղակալը խնդրած է չինական կողմին շարունակել այս ուղղութեամբ տրամադրուող աջակցութիւնը: Դեսպան Թիեն նշած է, որ Չինաստան պատրաստ է Հայաստանին յաւելեալ աջակցութիւն ցուցաբերելու` անհատոյց տրամադրելով բժշկական յատուկ արտահագուստ եւ թոքերու արհեստական օդափոխութեան սարքեր 110 000 տոլարի չափով: