Անցեալի Հպարտութիւն Եւ Ներկայի Ափսոսանք (18 Փետրուար)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

… Փետրուարեան սերունդը,
քաղաքական անկախութեան սերունդն է:
ԿԱՐՕ ՍԱՍՈՒՆԻ

99-րդ ամեակն է պատմաքաղաքական դիպաշարի մը, որուն «իսկական» եւ «ամբողջական» պատկերի յստակացումը, ըստ երեւոյթին, կը կարօտի մանրազնին քննարկումի, խոր ու անաչառ վերլուծութեան:

Սա համեստ առաջարկ մըն է, որ կը ներկայացուի յետ երկար մտորումի եւ մտահոգութեան, անշուշտ, ուղղուած հայ պատմաբանին, քաղաքական գործիչին եւ ընդհանրապէս հայ ազգի ճակատագրին մասին մտածողներու, որոնց թիւը, շատ-շատ ըլլալով հանդերձ, կը մնան իրենց պատեանին մէջ քաշուած, լո՜ւռ ու մոլոր` սպասելով պատեհ առիթներու եւ աւելի պայծառ օրերու:

Ճիշդ է նաեւ այն, որ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք բազում երեւոյթներ փոխուեցան, ազգային արժէքներ վերագնահատումի արժանացան, պատմական սխրանքներ ու դէմքեր ժողովուրդի սեփականութիւնը դարձան` առ ի պաշտամունք, պատկառելի գրականութիւն եւ վաւերական փաստեր լոյսին եկան, ազատութիւնը իր թեւերը լայն բացաւ` բազմապիսի առիթներ ընձեռելով բոլոր անոնց, որոնք հաշտ աչքով չէին նայեր անցեալի տխուր օրերու եւ բանտարկուած ճշմարտութիւններուն: Այդուհանդերձ, յամեցող վիճակ կամ երեւոյթ կը մնայ այլամերժութիւնը, կամ, այսպէս ըսած, փոխադարձ ընկալումը (անցեալի թէ ներկայի), յատկապէս հայ աւանդական կուսակցութիւններու վերաբերող պատմութեան, մօտիկ անցեալին թէ ներկային:

Յայտնապէս վերոնշեալ տողերը չէին գրուեր, եթէ երբեք մեր սեղանին չըլլար եռահատոր հրատարակութիւն մը, որ կը վերաբերի աւանդական կուսակցութեան մը պատմութեան, եւ որուն էջերուն արձանագրուած չըլլային այնպիսի վերագրումներ եւ «հաստատումներ», յատկապէս Փետրուարեան ապստամբութեան մասին, որոնք ձեւով մը վիշտ ու ափսոսանք կը պատճառեն ոեւէ ընթերցողի, որ ունի դատելու համեստ կարողութիւն եւ պատմաքաղաքական դիպաշարերու դասական ընկալում, այսինքն` երեւոյթները ըմբռնելու խոր զգացողութիւն եւ արդարամտութիւն:

Յայտնենք, որ այս գրութիւնը մտադրութիւն չունի անցեալի ամուլ վէճերը վերաբորբոքելու կամ քրքրելու, որովհետեւ, ինչպէս նշեցինք, հայ պատմագրութիւնը պարտաւոր է լոյսին բերելու եւ միանգամընդմիշտ վաւերագրելու հայոց արդի պատմութեան պատկանող բոլոր փուլերը եւ անցուդարձերը` յանուն ճշմարտութեան եւ սերունդներու դաստիարակութեան: Փաստօրէն, ժամանակներու փոփոխութեան հետ, հարկ է յեղաշրջել նաեւ հին  ու բորբոսած մտայնութիւնը, որ, իր կարգին, աւերներ կը գործէ նորահաս սերունդի հոգեմտային աշխարհին մէջ:

Հարց կրնայ տրուիլ շատերու կողմէ, թէ ինչո՞ւ վերանայիլ կամ վերյիշել այնպիսի թուականներ ու դէպքեր, որոնց մասին հայոց պատմութիւնը կամայ-ակամայ իր խօսքը ըսած է արդէն, որոշ չափով յստակացուցած եւ վաւերագրած է:

Իրօք, մեր մտահոգութեան կիզակէտը այն է, երբ նոր օրերու հրատարակութիւն մը կ՛արձանագրէ այնպիսի տողեր ու բառակապակցութիւններ, որոնք, ցաւ ի սիրտ, կը փշաքաղեցնեն ընթերցողը, այդ ալ եզակի ապստամբութեան մը մասին, որուն անունը Փետրուարեան ապստամբութիւն է, ժողովրդային ըմբոստութիւն մը` ընդդէմ կարմիր հորդաներու, որոնք կ՛ուզէին բնաջինջ ընել հայութեան մնացորդացը` գիւղացին ու բանուորը:

«… ու դեռ կը գրեն», ըսուած է տեղ մը յիշեալ հրատարակութեան մէջ:

Այո՛, դեռ պիտի գրենք ու յիշատակենք այս սխրալի աքթին մասին, որովհետեւ անիկա հայ ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութեան, կամքին, ուժին, կեցուածքին ու տեսակին արտայայտութիւնն է, որ տեղի ունեցած է 18 փետրուար 1921-ին:

Ու դեռ պիտի շարունակենք, թէկուզ եւ առանձնաբար, ճշմարտութիւնը ըսել եւ ներկայի իրական կեանքին ագուցել ամէն նուիրական արժէք, որ կ՛առնչուի ե՛ւ անցեալին, ե՛ւ ապագային: Որովհետեւ, ի՛նչ որ տեղի ունեցան փետրուարեան օրերուն, «եղբայրասպան կռիւներ» չէին, «յաւելեալ քանդումներ» պատճառելու համար չէր, այլ պարտադրուած մարտեր էին ընդդէմ պոլշեւիզմի դրօշ ծածանած ոճրագործներու, որոնք աւերներ կը գործէին Երեւանի ու շրջակայ գիւղերուն մէջ:

Աւելի՛ն. կ՛ըսեն, որ «ժողովրդային տարերային պոռթկում չէր», «սարքուած ազգավնաս արկածախնդրութիւն էր, որ ամէն ձեւով վնաս պատճառեց երկրին», «խոր ատելութիւն պատճառեց, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր», իսկ քաղաքական կեանքի մէջ, «… պատճառ դարձաւ, որ չվերաքննուէր Ալեքսանտրապոլի դաշնագիրը, որ  յաւելեալ հողեր ունենալու առիթ մըն էր» եւ այլն:

Հապա դաւաճանի ու գործակալի աթոռին վրայ նստեցնելու բարբաջանքները, որոնց ծանօթ ըլլալով հանդերձ, կը շարունակուին տողանցել մարդոց բարդութաւոր ուղեղին մէջ եւ ապա տկլոր գրիչներու ծայրը` նպատակ ունենալով նսեմացնել այն կուսակցութիւնը, որ թիկունք կանգնեցաւ իր ժողովուրդի կանչին եւ իրաւունքին:

Կ՛ըսեն, որ «փետրուարեան ապստամբութեան մէջ ձեռք ունէին օտար ուժեր», «կանխամտածուած էր», «քեմալական Թուրքիոյ աջակցութիւնը կը վայելէր» եւ այլն:

Եւ մենք կ՛ըսենք, հակառակ բոլոր սուտասելուկներու, որ օրին հայութեան դէմ կատարուած համայնավար բարբարոսներու սպանդները ոչ միայն ճշմարտութիւն են եւ պատմութեան էջերուն ընդմիշտ արձանագրուած փաստ, այլ նաեւ ամօթի խարան են դրոշմուած ճակտին բոլոր անոնց, որոնք դեռ կը փառաբանեն համայնավարութիւնը, որ փետրուարեան օրերուն եւ հետագային` 1936-1937-ին նախճիրներ գործեց, հայ մտաւորականի, գրողի, բանաստեղծի, ազգային գործիչի եւ մանաւանդ` սրբազան ֆետայիի դէմ, որոնց յանցանքը ազատութեան դրօշն ու քաղաքական անկախութիւնը բարձր պահելն էր, ազգային արժանապատուութեան տիրութիւն ընելն էր:

Պահ մը երեւակայել է պէտք, որ եթէ երբեք «Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէ»-ն իր ամբողջական ներուժը չօգտագործէր եւ ժողովրդային ըմբոստութեան գլուխը չանցնէր` պաշտպանելու համար պատիւը, հացն ու արտը հայ գիւղացիին, որ արդէն կը գտնուէին ահաւոր չքաւորութեան մէջ, ինչպիսի՛ վիճակ պիտի պարզուէր:

Դրօ-Լքրան համաձայնութիւնը (2 դեկտեմբեր), խաղաղօրէն եւ առանց արեան հեղումի յանձնելու իշխանութիւնը, քիչ ժամանակ ետք ի՛նչ հետեւանք կ՛ունենար, իսկ Երեւանի բանտերուն մէջ ի՛նչ գործ ունէին հայ ազգի պանծալի ներկայացուցիչներ` Համօ Օհանջանեան, Նիկոլ Աղբալեան, Լեւոն Շանթ եւ շատ ուրիշներ:

Միթէ պոլշեւիկ-համայնավարներու ձեռամբ չէ՞ր, որ կացինահար եղան հայ ազգի ընտիր յեղափոխականներ ու ֆետայիներ, որոնք արիւնարբու թուրքին դէմ մարտնչած էին մայիսեան ճակատամարտերուն եւ հայոց փառքը հիւսած:

Ու դեռ մենք կը յիշենք աննման Համազասպի քստմնելի ոճիրին տեսիլը, որ արձանագրուած է մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ, երբ ան քաջաբար կ՛իյնար հայ դաւադիր ձեռքերու եւ պոլշեւիկեան մոլուցքով տարուածներու կողմէ` կացինահար:

Ի զուր եւ անհիմն զրպարտութիւն մըն ալ այս է, որ սիրտ կը ճմլէ եւ ցոյց կու տայ դեռ յամեցող հակադաշնակցականութիւնը, ուր անոնք կ՛ըսեն. «փետրուարեան ապստամբութենէն ետք, կազմակերպիչները, փախչելով Երեւանէն, իրենց հետ կը տանին Հայաստանի պետական դրամատան եւ գանձարանի դրամները, ոսկիները եւ արտասահմանեան դրամանիշերը» եւ այլն, եւ այլն:

Հաստատօրէն, դաշնակցական հրապարակագիրները յառաջիկայ տարի, ապստամբութեան 100-ամեակին առիթով, աւելի հանգամանալից կը պատասխանեն զրպարտութիւններու, նենգափոխումներու եւ չարաշահումներու, պարզապէս ըսելու ճշմարտութիւնը, իր դառն եւ պատշաճ երեսներով:

Ի դէպ, մենք ենք քաջաբար ըսողը եւ պահանջողը, որ մօտիկ անցեալի բոլոր անցուդարձերը պէտք է խորապէս քննուին ու պատմագիրներու անաչառ դատումին արժանին ըլլան, որպէսզի չշարունակուի կոյր ատելութիւնը եւ վերջ գտնէ ծիծաղելի ու դատապարտելի քաղաքական մտքի հոսհոսութիւնը: