Պաշտպանական Պատեր` Սահմանամերձ Բերդաւանի Մէջ

Հայաստան

Այսուհետեւ Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Բերդաւան գիւղը աւելի պաշտպանուած է. գիւղի դպրոցը, մանկապարտէզը եւ բժշկական կեդրոնը ունին պաշտպանական պատեր:

Փետրուար 15-ին Բերդաւան գիւղին մէջ տրուեցաւ պաշտպանիչ պատերու տեղադրման ծրագրի մեկնարկը: Ծրագիրը կ՛իրականացուի պահապան զարգացման հիմնադրամ / Pahapan Foundation-ի նախաձեռնութեամբ եւ բարերար Գրիգոր Աւագեանի ընտանիքի աջակցութեամբ:

Արարողութեան մասնակցած են «Պահապան» հիմնադրամի տնօրէն, ՀՀ Տաւուշի մարզպետի խորհրդական Ինգա Յարութիւնեանը, ՀՀ Տաւուշի մարզպետի խորհրդական Նիկոլայ Գրիգորեանը, ՀՀ ԱԺ պատգամաւորներ Շիրակ Թորոսեանը, Սարգիս Ալեքսանեանը եւ Սոֆիա Յովսէփեանը, որ յատուկ ուշադրութեան կը դարձնէ Տաւուշի սահմանապահ գիւղերու խնդիրներուն:

Քննարկուած են նաեւ գիւղի բժշկական կեդրոնի եւ դպրոցի ապաստարաններու արդիականացման եւ վերազինման հնարաւորութիւնները: