Թրքական Լրատուամիջոցը Շփոթած է Երեւանի ու Աղրը Քաղաքի Համայնապատկերները

Աշխարհ, Էրկիր

Հեղինակաւոր «Forbes» ամսագիրը, ըստ ապրելու ու գործի յարմարաւէտութեան, դասակարգած է Թուրքիոյ գրեթէ բոլոր նահանգներու կեդրոնական քաղաքները:

Թրքական «Sabah» թերթի կայքը ներկայացուցած է այդ դասակարգումը` ամէն մէկ քաղաքին կցելով իր համայնապատկերով լուսանկար մը:

Ներկայացուած հրապարակման մէջ առաջին տեղը Պոլիսն է, վերջին` 76-րդը` Թուրքիոյ ներկայիս Աղրը նահանգի կեդրոնը` համանուն Աղրը քաղաքը:

Քաղաքի համայնապատկերի փոխարէն, սակայն, օգտագործուած է Երեւան քաղաքի համայնապատկերը: Թրքական լրատուամիջոցին ամենայն հաւանականութեամբ շփոթութեան մատնած է այն, որ 2 քաղաքներէն ալ կ՛երեւի Արարատ լեռը:

Աւելցնենք նաեւ, որ այժմեան Թուրքիոյ Հանրապետութեան սահմաններու մէջ գտնուող պատմական Հայաստանի քաղաքները (Վան, Կարս, Արտահան, Իգտիր, Ուրֆա եւ այլն) նշեալ վարկանիշային դասակարգման մէջ վերջին տեղերու վրայ կը գտնուին։ Այս մէկը հետեւանք է երկրի արեւմտեան քաղաքներու համեմատ արեւելեան քաղաքներու ընկերա-տնտեսական մակարդակի նուազ զարգաց ըլլալը։