Արցախի Լրատուական Դաշտը Համալրուած է Տպագիր Նոր Պարբերականով Մը

Այլեւայլ, Հայաստան

Արցախի մէջ, Փետրուած 17-ին, լոյս տեսած է «ԱՀ խորհրդային սպաների միութիւն» ՀԿ «Պատիւ ունեմ»-«Честь имею» երկլեզու թերթի անդրանիկ թիւը։ Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։

Պարբերականը տպագրուած է Ստեփանակերտի «Դիզակ պլիւս» հրատարակչութեան տպարանին մէջ՝ իբրեւ սկիզբ առայժմ 1 մամուլ ծաւալով եւ 250 օրինակ տպաքանակով։ Նոյն օրը, տպարանին մէջ, տեղի ունեցած է նոր լուսընծայ պարբերականին գինեձօնը՝ հիմնադիրներուն մասնակցութեամբ։

Թերթի խմբագիր Միքայէլ Հաճեանի տեղեկութիւններով՝ պարբերականը կոչուած է ընթերցողներու ուշադրութեան ներկայացնելու խորհրդային ու յետխորհրդային շրջաններուն հայրենիքի պաշտպանութեան նշանակալի ծառայութիւններ մատուցած հայ սպաներու եւ զօրավարներու, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարին մէջ կարեւոր աւանդ ներդրած այլազգ ռազմական գործիչներու անցած մարտական ուղին։

Անոր խօսքով՝ նկատի առնելով, որ երկարամեայ արժանապատիւ ծառայութիւն անցած հայ սպաներէն շատերը ներկայիս վաստակած հանգիստի մէջ են, թերթը պիտի անդրադառնայ նաեւ անոնց առօրեային մէջ առկայ կենցաղային հոգերուն ու խնդիրներուն՝ հրաւիրելով իշխանութեան եւ հասարակութեան աջակից ուշադրութիւնը։

Մ. Հաճեան ըսած է, որ կենսաթոշակի անցած զինուորականները պատրաստակամ են իրենց հարուստ գիտելիքներն ու փորձը անմնացորդ մատուցելու իրենց փոխարինելու եկած նոր սերունդներուն, ինչպէս նաեւ էական նպաստ բերելու աճող սերունդի ռազմահայրենասիրական դաստիարակութեան առկայ գործընթացին։ Ուստի՝ թերթը իր թիւերուն մէջ պարբերաբար պիտի լուսաբանէ հին ու նոր սերունդներու այդ կապերն ու համագործակցութիւնը՝ ի շահ մեր հայրենիքի ներկայ եւ յետագայ ապահովութեան ու անվտանգութեան։ Բացի այդ, պարբերականը իր հրապարակումներուն մէջ պիտի անդրադառնայ նաեւ աշխարհի այլ երկիրներու զինուած ուժերուն մէջ ծառայող եւ բարի համբաւ վայելող հայ ռազմական գործիչներու կեանքին ու գործունէութեան։

Խմբագիրին հաղորդումով՝ անիկա պիտի առաքուի նաեւ ՌԴ հայկական համայնքներ՝ հանգամանքներու բերումով մայրենի լեզուին ոչ միշտ հաղորդ մեր հայրենակիցներուն եւ, առհասարակ, ռուսալեզու ընթերցողներուն համար՝ ծառայելով իբրեւ եւս մէկ օղակ հայ եւ ռուս ժողովուրդներու բարեկամութեան դարաւոր շղթային։