Ի՞նչ Կը Պատահի Հայոց Բանակին Մէջ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Ազատ օր»-ի խմբագրական

Տա­կա­ւին չէր մա­րած ար­ձա­գան­գը՝ ան­ցեալ շա­բաթ, Ար­ցա­խի մէջ ծա­ռա­յող պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի եր­կու զի­նո­ւոր­նե­րու անս­տոյգ պայ­ման­նե­րու տակ մա­հո­ւան լու­րէն, երբ Ուր­բաթ՝ 14 ­Փետ­րո­ւա­րին, դար­ձեալ Ար­ցա­խի մէջ զի­նո­ւո­րի մահուան դէպք մը եւս ե­կաւ ա­ւել­նա­լու տարուան սկիզ­բէն հա­յոց բա­նա­կը թա­լա­նող ե­րե­ւոյ­թին վրայ։

2020ի սկիզ­բէն, հա­զիւ 40 օ­րո­ւայ մէջ, ար­ձա­նագ­րո­ւած են 13 զի­նո­ւոր­նե­րու մա­հեր, ա­նոնք ալ, ինչ­պէս հայ­րե­նի մա­մու­լը կը նշէ՝ «ոչ հա­կա­ռա­կոր­դի զէն­քէն»։ ­Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը հան­դէս կու գայ կարճ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով՝ «ոչ պար­զո­ւած պայ­ման­նե­րու մէջ» մա­հե­րու մա­սին, կը խօ­սի դէպ­քե­րը պար­զե­լու հա­մար կա­տա­րո­ւե­լիք քննու­թիւն­նե­րու մա­սին եւ կ­՚ա­ւար­տէ ցա­ւակ­ցու­թիւն­ներ յայտ­նե­լով։

Վեր­ջին դէպ­քէն ետք, վար­չա­պե­տը յայտ­նեց, թէ «քրէա­կան են­թամշա­կոյթ» գո­յու­թիւն ու­նի բա­նա­կէն ներս, մինչ տա­րո­ւան սկիզ­բը ու­րա­խու­թեամբ կը յայտ­նէր… որ մա­հե­րու պա­տա­հար­նե­րը զգա­լիօ­րէն նո­ւա­զած են բա­նա­կին մէջ։

Յս­տակ է, որ «փտած կա­ցու­թիւն մը գո­յու­թիւն ու­նի ­Տա­նը­մար­քի թա­գա­ւո­րու­թեան մէջ»։ ­Մա­հե­րու ան­հանգստաց­նող թի­ւը միայն քրէա­կան են­թամ­շա­կոյ­թի խնդիր չէ, այլ ա­ւե­լի խոր եւ ա­ւե­լի մտա­հո­գիչ կա­ցու­թեան մը ցո­լա­ցումն է, որ ան­մի­ջա­կան եւ ար­մա­տա­կան լու­ծում­ներ կը պա­հան­ջէ։

Հայ­րե­նի մա­մու­լը կը մատ­նան­շէ, որ հայ­կա­կան բա­նա­կի գոր­ծե­լա­ձե­ւը յենո­ւած է նախ­կին սո­վե­տա­կան կամ ռու­սա­կան ձե­ւին վրայ, ուր «քա­նա­կը» իր տի­րա­կան նշա­նա­կու­թիւ­նը ու­նի, իսկ զի­նո­ւո­րա­կան պատ­րաս­տու­թեան խնդի­րը երկ­րորդ դիր­քի վրայ կը մնայ։ Ա­ւե­լի՛ն, փո­խա­նակ բա­նա­կի կեան­քը յստակ կա­նոն­նե­րու եւ զինուո­րա­կան վա­րո­ւե­լա­կեր­պի յար­գա­լիր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու վրայ խարս­խո­ւած ըլ­լայ, մի­ջանձ­նա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ա­նոր մէջ՝ զի­նուոր-սպայ, զի­նո­ւոր-զի­նո­ւոր, կա­ռու­ցո­ւած են «ան­գիր օ­րէնք­ներ»ու վրայ, ո­րոնք կա­մա­յա­կա­նու­թեան եւ յա­ճախ մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը ոտ­նա­կոխ ը­նե­լու առ­կայ ե­րե­ւոյթ­նե­րով, բա­րո­յա­հո­գե­բա­նա­կան վատ­թա­րա­ցող մթնո­լորտ մը կը պահ­պա­նեն բա­նա­կէն ներս։

Պա­կաս չեն նաեւ այն ձայ­նե­րը, ո­րոնք հայ­կա­կան բա­նա­կին մէջ դա­ւադ­րու­թիւն սար­քե­լու, զի­նո­ւոր­նե­րու բա­րո­յա­կան կե­ցո­ւած­քը ջլա­տե­լու, իսկ ժո­ղո­վուր­դին մօտ հա­յոց բա­նա­կին հան­դէպ վստա­հու­թիւ­նը վի­ժեցնե­լու փոր­ձեր կը տես­նեն։

Մին­չեւ այ­սօր՝ 13 մա­հե­րուն դի­մաց, զի­նո­ւո­րա­կան կա­նո­նագ­րա­յին ոչ մէկ քայլ ծա­նօթ դար­ձած է։ Ե­թէ ըն­դու­նինք քրէա­կան են­թամ­շա­կոյ­թի առ­կա­յու­թիւ­նը զօ­րա­մա­սե­րու տա­րած­քին, ե՞րբ եւ ո՞ր կա­նոն­նե­րու վրայ յե­նո­ւած ըլ­լա­լով՝ սպա­նե­րու կամ են­թաս­պա­նե­րու վրայ պատ­ժա­կան տնօ­րի­նում­ներ կա­տա­րո­ւե­ցան։ ­Բա­նա­կի հրա­մա­տա­րու­թիւ­նը ար­դեօք դադ­րե­ցո՞ւց տո­ւեալ զօ­րա­կա­յա­նի հրա­մա­նա­տա­րին պաշ­տօ­նա­վա­րու­թիւ­նը, կա՞մ տա­կա­ւին հե­տաքն­նու­թիւն­նե­րու մշու­շոտ տա­րածք­նե­րու վրայ կը շա­րու­նա­կէ եր­կա­րաձգել ծնող­նե­րու եւ ժո­ղո­վուր­դի ցաւն ու ցա­սու­մը։

Հայ­րե­նի պե­տու­թիւ­նը եւ բա­նա­կի հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը կրկնա­կի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն ու­նին ան­մի­ջա­կան քայ­լե­րուն դի­մե­լու հա­մար։

Նախ եւ ա­ռաջ, բա­նա­կի բա­րո­յա­հո­գե­բա­նա­կան մթնո­լոր­տի ա­ռող­ջաց­ման հա­մար նոր ռազ­մա­վա­րու­թիւն մը պէտք է մշա­կել, որ պի­տի ընդգրկէ ոչ միայն սպա­յա­կոյ­տը, այ­լեւ ա­նի­կա պէտք է տա­րա­ծում գտնէ հայ­րե­նի ըն­կե­րու­թեան մօտ, զի­նո­ւո­րա­կան եւ հա­մալ­սա­րա­նա­կան կրթա­րան­նե­րուն մէջ, որ­պէս­զի ար­մա­տա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րը խոր­քա­յին եւ ընդգր­կուն ըլ­լան, հա­ղորդ դարձ­նե­լով հայ­րե­նի ամ­բողջ ըն­կե­րա­յին եւ հա­սա­րա­կա­կան հա­մա­կար­գը։

Իսկ, ե­թէ պահ մը, շա­րու­նա­կո­ւող սպա­նու­թիւն­նե­րու շար­քին մէջ հա­մա­կար­գո­ւած եւ մի­տում­նա­ւոր ծրա­գիր­ներ տես­նե­լու վար­կած մը նկա­տի պի­տի ու­նե­նանք, ա­նի­կա ա­ւե­լի մտա­հո­գիչ կա­ցու­թիւն­ներ եւ բար­դու­թիւն­ներ ստեղ­ծե­լու վտան­գին առ­ջեւ կրնայ բե­րել բո­լորս՝ ազ­գո­վին։ ­Հայ­րե­նի պե­տու­թիւ­նը պէտք է դի­մէ ար­տա­կարգ քայ­լե­րու՝ բա­ցա­յայ­տե­լու հա­մար այս գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու հե­ղի­նակ­նե­րը եւ կան­խե­լու ա­պա­գա­յին ա­ւե­լի ող­բեր­գա­կան կա­ցու­թիւն­նե­րու ստեղ­ծու­մը։

«Ք­րէա­կան են­թամ­շա­կոյթ» կամ «դա­ւադ­րու­թեան փոր­ձեր»՝ մեր բա­նա­կին հա­մար ա­նըն­դու­նե­լի է 100 տա­րի վերջ 1920ի ող­բեր­գա­կան ի­րա­վի­ճա­կի կրկնու­մը։

Հայ քա­ղա­քա­ցին այ­լեւս չի կրնար հան­դուր­ժել բա­նա­կի բա­րո­յալք­ման ե­րե­ւոյթ­ներ կամ փոր­ձեր։

Պե­տու­թեան կող­մէ ո­րե­ւէ բա­ցա­յայ­տում եւ ա­նոր կող­քին պա­հան­ջո­ւած բա­րե­փո­խում­նե­րը պէտք է յե­նո­ւած ըլ­լան միայն ճշմար­տու­թեան վրայ, այ­լա­պէս՝ վեր­ջին եւ վճռա­կան խօս­քը… ժո­ղո­վուր­դին կ­՚իյ­նայ։