Տօն Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Ս. Պատարագ Անթիլիասի Մէջ

Սփիւռք

Հինգշաբթի, 20 Փետրուար 2020-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Սրբոց Վարդանանց Տօնին առիթով Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ պիտի մատուցուի հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։

Նախագահութեամբ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Պիտի պատարագէ ու քարոզէ
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ

Կարեւորութեամբ կ՚ուզենք նշել, որ յաւարտ Ս. Պատարագին, Վեհարանի Դահլիճին մէջ, գեղարուեստական յայտագրով հանդէս պիտի գան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի սաները։ Աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պիտի ուղղէ իր Հայրապետական պատգամը։

Կը հրաւիրենք մեր սիրելի ժողովուրդը ներկայ գտնուելու եկեղեցական արարողութեան, որպէսզի Վարդանանց ոգիով լիցքաւորուած՝ ազգովին շարունակենք մեր եկեղեցանուէր եւ ազգաշէն առաքելութիւնը։

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ