Վերլուծելով Անցնող Տարին

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Գէորգ Պետիկեան

Այդպէս ալ եղաւ։ Անձնապէս, բոլորին նման ես ալ նոր տարուայ առաջին իսկ վայրկեաններէն սկսեալ, հոսկէհոնկէ, բարեկամ- ծանօթ – ընկեր – ազգականներէ սովորական եւ դասական նկատուած շնորհաւորական հեռաձայններ ստացայ, տեսակաւոր բարի մաղթանքներով շաղախուած, որոնք դէմքիս նոր ժպիտներ բերին, ու հոգիիս ալ նոր ուրախութիւն եւ հրճուանք տուին։

Ի՜նչ լաւ բան է եղեր նման հեռաձայններ ստանալը, կ՚ըսէի մտովի, երանի՜ մարդ ամէն օր միայն նման «բաներ» ստանայ։ Բայց, այդ բոլորին մէջ, սակայն ամէնէն հետաքրքրականը Երեւանէն, ինծի ծանօթ դասախօսներէն մէկունն էր, որ բովանդակութեամբ, բոլոր միւսներէն տարբեր էր։

Բարեկամս, երկարբարակ խօսելէ ու զիս ալ լսելէ ետք աւելցուցած էր.

Էհ, հըմի ասա՛ տեսնեմ, Գէորգ Ճա՛ն, անցած տարի, ձեր մօտ ո՞նց էր գրական կեանքը…։

Վայրկեանին չպատասխանեցի, միայն քաղաքավար ըսի. «կը խօսինք… վերջը՝ կը գրեմ»։ Այսչափ։ Որովհետեւ չէի գիտեր, թէ ի՞նչ պէտք էր պատասխանէի։ Ապա երկուքով շարունակեցինք մեր սովորական նիւթերու ճոխ խօսակցութիւնը։ Անկեղծօրէն նոր տարուան առաջին ժամերս, ինքզինքս նոր հարցերով ու յուզումներով չխճողելու համար, չէի պատասխանած։

Բայց ըսեմ, որ ինծի համար շատ յստակ էր, թէ. հեռուն, հայրենիքէն ներս կային «մարդիկ», որոնք կը հետեւէին մեր «շարժումներուն»։ Կ՚ուզէին գիտնալ, իմանալ, թէ իրենցմէ հազարաւոր մղոններ հեռու, մեր այս հայութեամբ «լեցուն» եւ կամ «հարուստ» գաղութէն ներս գրական կամ մտաւոր մեր աշխարհին մէջ ի՞նչ կը պատահէր եւ կամ ինչե՜ր «կ՚ընէինք»։ Որոշեցի ինծի համար քիչ մը շատ անակնկալ այդ հարցումին պատասխանս «պատրաստել»։ Ու քանի մը օրեր ետք, սենեակս առանձանցած՝ յիշողութեանս վրայ յենելով անցնող տարուան ընթացքին կատարուած գրական ձեռնարկներու վերաքաղին սկսեցայ։ Մէկ խօսքով, փորձեցի ամփոփել միտքս։

«Գրական կեանք»։ Արդեօք այս բարեկամս ի՞նչ ըսել կ՚ուզէր։ Իր փնտռածը ի՞նչ էր։ Ի՞նչ պէտք էր, որ հասկնայի «գրական կեանք» ըսելով։ Ի՞նչ էր իր այս խօսքին չափը, սահմանն ու սահմանումը։ Եւ տակաւին արդեօք մեր շրջանէն ներս նման կեանք մը կա՞ր եւ որուն ես տեղակ չէի, կամ չէի «ապրած» եւ կամ «շնչած…»։ Արդեօք մշակութային քաղաքականութիւն «ըսուածը» կա՞ր
Անկեղծ ըլլալու համար ըսեմ, որ լսած եւ նոյնպէս ալ մամուլի էջերուն հետեւելով տեղեկացած էի, թէ անցեալ տարի մեր գաղութէն, ներս հոսհոն, քանի մը սրահներէ, կեդրոններէ եւ կամ հայկական գրախանութներէ ներս մեր գրական մշակներու ծննդեան յոբելենական թուականներու հրապարակային շատ մը նշումներ եղած էին, գրական զանազան երեկոներու եւ յուշ երեկոներու կողքին։ Պէտք չէ ուրանալ։ Բոլորին վարձքը կատար։

Եւ տակաւին, շրջանիս կարգ մը գրողներն ալ իրենց անհատական քրտինքով եւ կամ մշակութային միութեան մը ճիգերուն յենած գրասէր եւ կամ մշակութասէր հայ հասարականութեան գէշ աղէկ ներկայացուցած էին իրենց մտքի արգասիքը՝ իրենց նոր լոյս ընծայած հատորը։

Բայց… Արդեօ՞ք ա՛յս է «գրական կեանք» կոչուածը։ Արդեօք նման «բաներու» նախաձեռնութիւնները, յատկապէս հայրենի բարեկամիս համար գրական կեա՞նք կը բնորոշեն։ Չեմ գիտեր։ Ես մեծապէս կը ցանկայի, որ շրջանիս հայ գիրին ու գրականութեան նուիրուած, կամ զբաղող մարդոց համախմբում մը ստեղծուէր։ Չկայ։ Ցարդ չտեսայ։ Տեղ մը չէ գրուած, մտածուած կամ ծրագրուած։ Պակաս է։ Մեր կեանքէն, մեր առօրեայէն բացակայ է այս մէկն ալ, ուրիշ շատ մը «բաներու» կողքին։ Որովհետեւ՝ մշակութային քաղաքականութիւն չունի մեր գաղութը։ Կայ միայն ներքին իրականութիւն մը.արտաքին աշխարհը մեզ «խեղդած է»։

Միւս կողմէ սակայն տեսանելի է, թէ գաղութի իւրաքանչիւր գրող, արեւելահայ կամ արեւմտահայ գրիչ «շարժող», կարծես իր պատեանին մէջ կ՚ապրի։ Կղզիացած կեանք։ Գրողներ կան եւ չկան։ Յատկապէս արեւմտահայը։

Համեստօրէն յիշենք ու անպայման՝ յիշեցնենք, որ գրողը իր ժամանակի տարեգիրքն ալ է։ Ան է, որ իր շրջանի հոգիի թարգմանը ըլլալով հանդերձ իրականութիւնը կը տեսնէ, ու ժամանակի շունչով եւ իր իսկ անկեղծ պատկերացումով ճերմակ թուղթին կը յանձնէ իր մտածումները։

Ահա թէ ինչո՞ւ մեծ հիացում մը ունիմ հայահոծ քանի մը երկիրներու եւ գաղութներու, ուր գրական երուզեռ կայ։ Ունին եւ կան գրախանութներ, գրատարածներ։ Կը հետեւինք։ Կը կարդանք։ Կը կազմակերպուին ծրագրուած նոյնիսկ հերթական ասուլիսներ եւ դասախօսութիւններ։ Այլ խօսքով՝ մշակութային քաղաքականութիւն։ Նախանձելի եւ նոյնքան ալ ողջունելի։

Արդ, եթէ լուծում մը կ՚ուզենք կամ կը փնտռենք, նախ եւ ամէնէն առաջ մեզի կ՚իյնայ դուրս գալ այս մեր ներկայի մակերեսէն։ Նման գիտակցութեան մը պակասը հեգնանքի կը վերածէ մեր մթնոլորտը։
Ահա թէ ինչո՞ւ անհանգիստ «ջիղ» մը, միտքս կը չարչարէ։

Անկեղծօրէն կը կարծեմ, որ մեր բոլոր ձախողութիւններու գլխաւոր պատճառը, որովհետեւ մեր շրջապատն ու մթնոլորտը նիւթապաշտ դարձուցած ենք։ Սկսած ենք ամէն «բան» նիւթով չափել ե՛ւ ձեւել ե՛ւ գնահատել։ Մեզ կլանած են ախտեր։ Չենք անդրադառնար, որ կեղծիքն ու կեղծաւորութիւնը մեր գիտակցութիւնը կը վրդովեցնեն։ Պատրանք մը ստեղծուած է։ Կարծես հոսանքէ մը տարուած ենք եւ տակաւին կը շարունակենք տարուիլ, որմէ՝ չենք անդրադառնար, որ կը տուժէ գաղութի հայ միտքն ալ եւ իր կարգին իր հարազատ ազդեցութիւնը կը ձգէ մեր գիրին ու գրականութեան եւ ընդհանրապէս մեր մշակոյթին վրայ։

Որովհետեւ, պէտք է ականջի օղ ընել, թէ մշակոյթ ըսուածը առարկայ չէ…։ Չե՛ս կրնար շուկայ երթալով, հայ մշակոյթ գնել։ Չե՛ս կրնար զայն փոխանցել, եթէ անոր ոգին մաս չի կազմեր հայ հողին, հայ գիրին, հայ կեանքին, ջուրին եւ պատմութեան։

Տեսնուած է, որ այս բոլոր «ծուռ» բաներուն արդիւնքն է, որ սփիւռքեան գաղութներէ ներս «կը կաղանք»։ Մարդիկ ժամանակ «չունինք»ով ինքզինքնին կ՚արդարացնեն, որովհետեւ նման կենսական բաներով զբաղելու ո՛չ «հաւասը» ունին եւ ո՛չ ալ «սիրտը»։

Սակայն, պատիւ իրեն, չմոռնանք, որ հայ ընթերցողը միշտ «բան» մը կը սպասէ իր գրողի կամ մտաւորականի խօսքէն։ Անձնապէս կրնամ վկայել։ Հայ ընթերցողը միշտ հայ գրողը փնտռած է եւ տակաւին կը փնտռէ, որովհետեւ իրեն համար հայ գրողը հայ խիղճն է, հայ հաւատքի կողքին։ Ուստի նախապայման է, որ այս վերաբերմունքը պահել։

Ամէն առիթով խօսած եւ արտայայտուած եմ, որ պէտք է շրջանի հայ միտքերը համախմբել։ Խանդախառ մթնոլորտ ստեղծել։ Տրամադրուիլ։ Ներշնչել եւ մտերմանալ։ Գուրգուրալ եւ հաղորդակից դառնալ։ Այլ խօսքով՝ նման հարցերով մտահոգ մարդոց համախմբել։ Ի մի բերել, քով քովի բերելով համադրել անոնց բառերն ու ծրագիրները, տեսութիւններն ու մատնանշումները, որպէսզի բարգաւաճ եւ առողջ հաւատք ստեղծուի գաղութէն ներս, եւ անոր ազգային գիտակցութեան շեփորումի կողքին հայեցի իմացութիւնն ալ նորոգուի։

Կը կարծեմ։ Ու միշտ կը կարծեմ, որ գրական ալիք ստեղծող համխմբումի մը կարիքը կայ։ Ուրեմն՝ պէտք է ենթահող պատրաստել։ Հին վէճերէն հեռանալ։ Ու այս մէկը սկսելով մշակութային միութիւններէն, հասնելով մինչեւ հայկական վարժարանները։ Արդեօք տեղի՞ն է յիշեցնել, թէ հայ գրողն է, որ կրնայ մարդոց հոգիներուն խորը կանչել, պաշտպանել հայ մարդուն վաղը, հաւաքական առողջ կարծիք կազմել տալ, առանց խտրութեան։

Պարզապէս ցանկութիւն է պէտք։ Կարծես մեր մօտ ցանկութիւնը ձեռքերը ծալլած յոյսի շուքին տակ նստած կը մտածէ։ Կարծես կը սպասէ, որ ստեղծուի ժամանակը։ Բայց չենք գիտեր չենք անդրադառնար, որ ժամանակը հիմա է, որպէսզի մեր ունեցած հաւատքը իր հոգեկան կայքը ապրի բոլորին հոգիներուն մէջ։ Այս ձեւով է, որ նոր շունչ կրնանք տալ ազգային մեր ոգիին։ ժամանակը մեզի շատ բաներ կը թելադրէ, եթէ անշուշտ մեր ականջները լայն բացած ենք նոյն այդ ժամանակէն հասնող արձագանգը լսելու:

Կը կարծեմ՝ նման որդեգրումով կը ստեղծուի նաեւ «գրական կեանք» ըսուածը։

Մնացեալը, դուք գիտէ՛ք։