Էրտողանը Ընդունած է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Երկրորդը

Աշխարհ, Սփիւռք

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիբ Էրտողանը նախագահական նստավայրին մէջ ընդունած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանը: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին կը տեղեկացնէ Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնական կայքը:

Հանդիպումը փակ եղած է լրատուամիջոցներու համար:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն եւս հիւրընկալած է Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանը: Ան շնորհաւորած է Մաշալեանը 85-րդ պատրիարք ընտրուելուն առիթով:

Մեւլութ Չաւուշօղլուն լաւագոյն մաղթանքներ փոխանցած է Թուրքիոյ հայ համայնքին: