Թուրքիան Իր Փոքրամասնութիւնները Սնանկացուցած էր Ահռելի Մեծ Հարկեր Պարտադրելով

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան

1915-23 թթ․ Օսմանեան կայսրութենէն փոքրամասնութիւններու գրեթէ ամբողջական ֆիզիքական ոչնչացումէն ետք, Թուրքիոյ կառավարութիւնը 1941-ին ձեռնամուխ եղաւ մնացեալ հայերու, յոյներու, հրեաներու եւ որոշ թուրք մահմետականներու նիւթական կործանման:

Անցեալին Անգարայի մէջ բնակող թուրք լրագրող եւ քաղաքագէտ Ուզէյ Պուլութը համապարփակ յօդուած տեղադրած էր greekcitytimes.com կայքին մէջ՝ «Ունեցուածքի հարկի մասին» օրէնքը․ ինչպէս Թուրքիան հեռացուցած է ոչ մահմետականները տնտեսութենէն» խորագիրով։

Այն ժամանակուան վարչապետ Շուքրու Սարաչօղլուի ազգայնամոլական ​​կառավարութիւնը, 1942 Նոյեմբեր 11-ին, ընդունեց «Ունեցուածքի հարկի մասին» օրէնքը։ Թէեւ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ մէջ վերջին տասնամեակներուն ընթացքին մեծ ուշադրութեան արժանացած է միջազգային հանրութեան կողմէ, սակայն հարկերու միջոցով անոնց ունեցուածքի բռնագրաւումը այդքան ալ լաւ չէ լուսաբանուած։ Պոլսոյ մէջ բնակող փոքրամասնութիւնները զանգուածային տեղահանութիւններու չեն ենթարկուած Օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ՝ այդ քաղաքին մէջ օտարերկրեայ դեսպանութիւններու ներկայութեան պատճառով, որ այն ժամանակ Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաքն էր:

Թուրք մտաւորական Պաշաք Ինչէն գրած է, որ յայտարարուած նպատակն էր` «հարկել նախապէս չհարկուող առեւտրային ունեցուածքը եւ զսպել Երկրորդ աշխարհամարտի գնաճը։ Սակայն, ատոր հիմնական պատճառը փոքրամասնութիւններուն տնտեսութենէ հեռացնելն էր եւ ոչ մահմետական պուրժուազիայի փոխարինումը իր թուրք գործընկերներով»։

Թուրք ուսումնասիրող Ռիտուան Աքարը, որ գիրք գրած է չափազանց մեծ «Ունեցուածքի հարկ»ի մասին, զայն անուանելով «Տնտեսական ցեղասպանութիւն փոքրամասնութիւններու դէմ»:

Ահա չորս խումբերը եւ անոնց նկատմամբ կիրառուած հարկերու տոկոսները 1941թ․ հարկային օրէնսդրութեան համաձայն` հայեր (232 տոկոս), հրեաներ (179 տոկոս), յոյներ (156 տոկոս) եւ մահմետականներ (4,94 տոկոս):

«Օրէնքի կիրառման եղանակը խայտառակութիւն էր», գրած է քաղաքագիտական գիտութիւններու դասախօս Ինչէն։ «Հաւատափոխները կը վճարէին մօտաւորապէս երկու անգամ աւելի, քան մահմետականները, մինչդեռ ոչ մահմետականները՝ տասն անգամ աւելի շատ։ Բացի այդ, ոչ մահմետականները պարտաւոր էին 15 օրուան ընթացքին իրենց հարկերը վճարել կանխիկ գումարով. ինչի հետեւանքով անոնք ստիպուած էին ցած գիներով վաճառել իրենց գործարարութիւնները կամ ունեցուածքը մահմետական գործարարներուն՝ պարտքը փակելու համար։ Օրէնքը կը կիրառուէր նաեւ շատ աղքատ ոչ մահմետականներու նկատմամբ (26,000 հոգի), ինչպիսիք էին վարորդները, բանուորները եւ նոյնիսկ մուրացկանները, մինչդեռ անոնց մահմետական գործընկերները պարտաւոր չէին վճարելու որեւէ հարկ»:

Անոնք, որոնք չէին կրնար վճարել հարկերը, կ՝ուղարկուէին Էրզրումի մօտակայքը գտնուող Ասգալէ քաղաքի աշխատանքային ճամբարները, կ՝արտաքսուէին կամ անոնց ունեցուածքը կ՝առգրաւուէր կառավարութեան կողմէն», գրած է Պուլութը։

Հեղինակ Սիտնի Նովիլը նկարագրած է աշխատանքային ճամբարը իբրեւ «տարածք մը, ուր ձմեռը աւելի դաժան է, քան Մոսկուայի մէջ»։ Հարկային պարտապաններուն ստիպած են քարեր կոտրել, սակայն ողբերգութիւնը ատով չէ աւարտած․․․

Ինչէն գրած է՝ «40 հազար հարկային պարտապաններէն մօտ 5 հազարին ուղարկեցին այս ճամբարները, եւ բոլորն ալ ոչ մահմետական համայնքներու անդամներ էին։ Դժբախտաբար, 21 մարդ մահացաւ այդ ճամբարներուն մէջ, իսկ կառավարութիւնը իւրացուց անոնց ունեցուածքը եւ զայն ցած գինով վաճառեց թուրք մահմետականներուն»։

Բացի այդ, «Կառավարութիւնը բռնագրաւեց նաեւ հարկային պարտապաններու մերձաւոր հարազատներուն ունեցուածքը, նոյնիսկ եթէ անոնք ուղարկուած էին աշխատանքային ծառայութեան»:

Պուլութ մէջբերած է նաեւ պատմաբան Քորի Կուտշդատին, որ իր՝ «Թուրքիան, հրեաները եւ Հոլոքոսթը» գիրքին մէջ գրած է Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու ոչ մահմետական քաղաքացիներու՝ «Ունեցուածքի հարկ»ի պատճառած նիւթական եւ հոգեբանական կործանման մասին։ «Մարդիկ, որոնք ի վիճակի չէին վճարելու, դիմումի պարագային կը ստանային երկշաբաթեայ երկարաձգում, սակայն տոկոսադրոյքը կը գանձուէր նաեւ այս ժամանակահատուածի համար։ Բազմաթիւ ընտանիքներ ստիպուած էին վաճառելու իրենց խանութներն ու գործարարութիւնները, իրենց տուները, նոյնիսկ գորգերը, կահոյքը եւ կենցաղային այլ իրեր, որպէսզի հաւաքեն հարկերուն գումարները… Որոշ մարդիկ յուսահատութենէն անձնասպան կ՝ըլլային։ Արտասովոր հարկեր կը գանձուէին նաեւ օտարերկրեայ հրեաներէն, եւ եթէ անոնք ի վիճակի չէին վճարելու, անոնց ունեցուածքը կը բռնագրաւուէր մինչեւ մահճակալներն ու պահարանները: Թէեւ օրէնքը կը սահմանէր, որ 55-էն բարձր տարիքի մարդիկ ազատուած են աշխատանքային ծառայութենէն, սակայն 75 եւ 80 տարեկան տղամարդոց եւ նոյնիսկ հիւանդ մարդոց քարշ կու տային  երկաթուղային կայարան եւ կ՝արտաքսէին»։

Թուրքիոյ վարչապետ Սարաչօղլուն այն ժամանակ յայտարարած էր. «Այս կերպ մենք պիտի վերացնենք օտարերկրացիներու խիստ վերահսկողութիւնը մեր շուկային մէջ եւ թրքական փողերը պիտի դնենք թուրքերու ձեռքը»։

Թուրք ուսումնասիրող Սայիթ Չեթինօղլուն շատ ուսումնասիրած է եւ գրած Թուրքիոյ կառավարութեան «Ունեցուածքի հարկ»ի քաղաքականութեան մասին՝ պատմական փաստաթուղթերու եւ զոհերու վկայութիւններուն հիման վրայ: Յունական ծագումով թուրք կնոջ մը՝ Մարիգա Շիշմանօղլուի խօսքերով, անոր հայրը հարկադրուած էր վճարելու ահռելի մեծ հարկ՝ 30 հազար թրքական լիրա, եւ ստիպուած եղած է վաճառելու ինչպէս իր երկու տուները, այնպէս ալ խանութը, եւ դեռ չէ կրցած վճարել ամբողջ գանձուող գումարը։ Ուստի, անոր արտաքսած են Ասգալէի աշխատանքային ճամբար։ Անոր հօրեղբօր վրայ եւս աննախադէպ մեծ հարկային բեռ դրուած է եւ անոր հասցուցած են նիւթական կործանման։ Զինք եւս արտաքսած են Ասգալէ։ Անոր հայրը սրտի կաթուածէն մահացած է Սիվրիհիսարի աշխատանքային ճամբարին մէջ, 57 տարեկանին:

««Ունեցուածքի հարկ»ը չեղեալ յայտարարուեցաւ 1944 Մարտին՝ Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու քննադատութեան ճնշման ներքոյ», գրած է Պուլութ: «Ատիկա, այսպէս կոչուած, «աշխարհիկ» Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութիւնն էր (CHP), որ սահմանեց այս «ճիզիա-kafir (անհաւատ) հարկ»ը Թուրքիոյ ոչ մահմետական քաղաքացիներուն վրայ»:

Թուրք լրագրող Պիւլթ եզրափակած է. «Թուրքիոյ հիմնադիրներն ու գաղափարախօսները, 1923-ին Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը հիմնելէն ի վեր, քարոզած են խտրական եւ թրքական գերազանցութեան մտածողութիւն, որ բացայայտած է զինք՝ «Թուրքիան՝ թուրքերու համար» կարգախօսին ներքոյ: Բոլոր յաջորդ կառավարութիւնները գիտակցաբար փորձած են կեանքի կոչել այս կարգախօսը՝ կրօնական փոքրամասնութիւններու կեանքը վերածելով դժոխքի երկրի վրայ։ Իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» (AKP) կուսակցութեան կառավարութեան յարձակողական քաղաքականութիւնը ընդդէմ ոչ մահմետականներու՝ պարզապէս այս մտածելակերպի շարունակութիւնն է»։

 

Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը