Գ.- Մեծն Կոմիտաս Եւ Մեզ Յաճախ Շնչահեղձ Ըրած Եւ Ընող Ընկերութիւնը. Հօտն Անհովիւ

Յօդուածներ – Զրոյցներ
Թափառումներ Թէոդիկի «Տարեցոյց»-ներու Էջերով

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Տարիներ առաջ, Հայաստան, բարեկամ մը, հիմա չեմ ալ յիշեր, թէ ո՞վ, Կոմիտասէն պարբերութիւն մը տուաւ ինծի: Այդ տողերը քանի մը անգամ յիշած եւ մէջբերած եմ, այնքա՜ն իրաւ եւ յուզիչ գտած էի զանոնք: Կոմիտասի իմացական եւ ստեղծագործական թռիչքին չէին կրնար հետեւիլ իր ժամանակակիցները: Տաղանդը եւ նորը միշտ որպէս յեղափոխութիւն կը դիտուին հանգչած ընկերութեան կողմէ, ուր դերերը ճշդուած կ՛ըլլան եւ հաստատուած կ՛ըլլայ պահպանողականութիւնը: Կրնանք աւելցնել` կը յառաջանան ճահճացում եւ ընդարմացում:

Այսօր ալ խրամատ կայ, եղած է միշտ` նպարավաճառի հոգեբանութեամբ ապրողներու, այդ ըմբռնումով հաւաքականութիւն կառավարողներու, եւ յառաջդիմութեան, արդարութեան եւ վերանորոգման գաղափարները կրողներու միջեւ, ինչպէս պիտի ըլլար սոխակի եւ փքուած հնդկահաւի, կամ արծիւի եւ կրիայի դրացնութեան պարագային:

Թէոդիկի «Տարեցոյց»-ներու մէջ վերստին գտայ Կոմիտասի հոգեկան ահաւոր ալեկոծութիւն յառաջացնող խօսքերը: Արուեստագէտ հոգի մը, որ անձնատուր չ՛ըլլար բամբասանքի, բայց կը պոռայ իր ցաւը վատասերած շրջապատ-ընկերութեան դիմաց: Ինչպէս երէկ եւ այսօր եւ շատ հաւանօրէն` նաեւ վաղը:

Որքա՜ն լաւ պիտի ըլլար հայկական ընկերութեան իսկական վերանորոգման համար, որ մամուլը, իրաւ հանրային գործիչները, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), իրենց խօսքին մէջ, թերթով, հեռատեսիլէն, ամպագոռգոռ ժողովներու բեմերէն որպէս բնաբան ընտրէին Կոմիտասի ճիչը, ինչպէս Ս. Գիրքէն բնաբաններ կ՛ընտրեն եկեղեցականները իրենց քարոզներուն համար:

Առաջին անգամ երբ կարդացի Կոմիտասի ընդվզումի խօսքը, սեւեռեցի մեր անցեալը եւ ներկան, նաեւ երկար մտածեցի, որ մեր առհաւական առաքինութիւններուն կողքին, ունինք նաեւ նոյնքան առհաւական բացասականութիւններ:

Կոմիտասի խօսքը կը գտնուի Թէոդիկի 1916-1920-ի «ԱՄԷՆՈՒՆ ՏԱՐԵՑՈՅՑ»-ի 61-րդ էջին վրայ: Պարբերութիւնը խորագրուած է «Ազգին վիճակը»: Հաւանօրէն Թէոդիկ ինք ընտրած է այդ խորագիրը: Նոյնութեամբ կ՛արտագրեմ:

Ազգին Վիճակը

… Հօտն անհովիւ` մոլոր ու շփոթ, աներեւոյթ եւ անզուսպ ալիքներ յախուռն կը յուզին ի խորս մեր հալածական եւ ողբալի կենաց ծովու: Անմիտ որսորդներ բոլորած` միամիտ ձկներ ցանցած: Մթնոլորտը թոյն կը տեղայ, բուժիչ ուժ չկայ: Աւերած, սարսափ ու սանձարձակ կեղեքում մէկ կողմէն, անտարբերութիւն, օտարամոլութիւն ու ցեխոտ սրտեր միւս կողմէն: Փառասիրութիւն, փութկոտութիւն մէկ երեսէն, ապիկարութիւն, տգիտութիւն միւս երեսէն: Իւրաքանչիւր ոք իր պաշտօնն զգեցած է իբր հանդերձ, յոր մերկութիւն մտաց ծածկի ի միամիտ աչաց: Մեր մարմինը նեխած է, մեր հոգին ապականած, մեր կեանքը դիակնացած…: Ո՞ւր է մեր խոհական Խորենացին. թող ելլէ՛ արիւնաքամ հողու տակէն եւ ողբայ մեր խակերու սիրտն ու հոգին, միտքն ու գործը: Մեր նախնիք իրենց պաշտօնին փարած էին անձնահեղձութեամբ, իսկ մենք կը յափշտակենք գործն` ընչաքաղցութեամբ:

Սիրտս փլած է:

Կոմիտաս վարդապետ

Գրուած իւրաքանչիւր բառ կրնայ բնաբան ըլլալ, գէթ` մտածելու, երբեմն ալ բարձրաձայն մտածելու, եթէ հետեւինք Կոմիտասի յուզման ալիքին: Եթէ տարուինք քիչ մը իրատեսութեամբ, հեռանանք բաժակաճառային ամբոխ քնացնող լաւատեսութենէ, Կոմիտասի խօսքերուն մէջ կրնանք տեսնել նաեւ մեր անմիջական ներկան, մի՛շտ` Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):

Ողբերգական թատրոնի մուտքի պատկեր է կարծէք Կոմիտասի բանաձեւած «Հօտն անհովիւ»-ը, որ խտացումն իսկ է անոր յաջորդող դառն, դառնացած եւ դառնացնող միտքերուն: Ամբողջ պարբերութիւնը խտացեալ ախտաճանաչում է, իր ժամանակին համար, եթէ մեր աչքերու կապանքներ քակենք, նաեւ` մեր ժամանակին:

Երբ կրկին եւ կրկին կը կարդամ, կը տարուիմ մտածելու, որ երէկ եւ այսօր տառապած ենք եւ կը տառապինք Կոմիտասի իսկ բանաձեւումով` անբուժելի ախտէ: Եթէ փորձ մը ընենք Կոմիտասի միտքերը մէկ առ մէկ առնելու եւ անոնց լոյսին տակ բռնելու մեր ներկան, կրնանք եզրակացնել, որ ինչ որ Կոմիտաս կ՛ըսէ, ազգային, քաղաքական եւ հոգեբանական խոր ու անշպար վերլուծում է, քիչ մը ճոռոմաբանութեամբ` մարգարէի դատողութիւն:

Կոմիտաս վարդապետ, առանց պատկերազարդ լեզուագարութիւններու, կը խօսի ազգի մոլոր ու շփոթ կացութեան մասին, կոպիտ կերպով վեր կ՛առնէ հաւաքական եւ հեռանկարային ծրագրի մը եւ ղեկավարումի բացակայութիւնը, երբ կը խօսի «անմիտ որսորդներ»-ու եւ անոնց «ցանցած միամիտ ձկներ»-ու մասին, «խառնակութենէն օգտուողներ եւ յուսալքուած զանգուածներ», այսինքն` էսթեպլիշմընթ եւ «լքումներու յանձնուած զանգուածներ»: Եւ Կոմիտաս կը շարունակէ խփել մեխին վրայ, երբ կ՛ընդգծէ ներազգային կեանքի ողբերգական հակասութիւնները. «աւերած, սարսափ ու սանձարձակ կեղեքում, անտարբերութիւն, օտարամոլութիւն, ցեխոտ սրտեր…»: Իրատեսը այսօր կրնա՞յ տարբեր բան ըսել:

Երբ կանգ կ՛առնեմ Կոմիտասի տողերուն վրայ, կը խորհիմ, որ մեր ծինային ախտն է անտարբերութիւնն ու օտարամոլութիւնը: Կարծէք հաւաքական-ազգայինի նուազագոյն զգացողութիւնը չունինք, ի գին ամէն բանի անձնականը կը հետապնդենք, որուն հետեւանքն է անտարբերութիւնը մեր նմանին, հաւաքականութեան, ազգին եւ հայրենիքին նկատմամբ, տէր չենք ըլլար մեր քաղաքին, անոր մաքրութեան եւ տեսքին: Անտարբերութեան հետեւանք է եսի գերութիւնը, կը լքենք լեզու, մշակոյթ, հայրենիք, եւ կ՛արտագաղթենք, որուն տուած ենք նաեւ (չ)իմաստուն բացատրութիւն, եւ կ՛ըսենք` լաւ ապրելու իրաւունք, որուն ձեռքբերման համար պատրաստ ենք զոհելու ամէն բան, որուն կը ստորադասենք ինքնութիւն, հայրենիք, ազգ:

Ինչպէ՞ս չտեսնել մեր անմիջական ներկան, մեր այսօրը` ականջ տալով Կոմիտասի խօսքին. փառասիրութիւն, փութկոտութիւն մէկ երեսէն, ապիկարութիւն, տգիտութիւն միւս երեսէն: Հաւանօրէն Կոմիտասի օրերուն սովորութիւն չէր շփացածութիւն բառին գործածութիւնը, այլապէս ան պիտի խօսէր փառահեղ ընդունելութիւններու, շարայական ճաշկերոյթներու, շլացնող ապարանքներու եւ պերճաշուք ինքնաշարժներով ինքնահաստատում փնտռողներու մասին: Իսկ Կոմիտասի նշած  ապիկարութիւնը եւ տգիտութիւնը այնքա՜ն այժմէական են, երբ առանց նկատի առնելու կարողութիւնները եւ պատրաստութիւնը` պաշտօնի եւ հանգամանքի արշաւի մէջ ենք, միշտ` ներսը եւ դուրսը:

Եւ կը հասնի Կոմիտասի բիրտ ախտաճանաչումը երեւելիութեան մարմաջի մասին. «Իւրաքանչիւր ոք իր պաշտօնն զգեցած է իբր հանդերձ, որ մերկութիւն մտաց ծածկի ի միամիտ աչաց…»: Երբ բեմերու լոյսի խենթ կ՛ըլլանք, երբ լատինատառ գրուած հայերէնով ճառ կը կարդանք, ուրիշի գրածով բանաստեղծ կը ներկայացնենք, ժողովներու կ՛երթանք լուռ մնալու, ծափահարելու, լուսանկարուելու եւ շքանշան ստանալու համար: Նորատեսակ ընչաքաղցութիւն, որուն համար այնքա՜ն դիպուկ է Կոմիտասի խօսքը. «Մեր նախնիք իրենց պաշտօնին փարած էին անձնահեղձութեամբ, իսկ մենք կը յափշտակենք գործն` ընչաքաղցութեամբ»: Այսինքն` նիւթական եւ փառքի շահախնդրութեամբ, նիւթապաշտներ եւ փառատենչիկներ, որոնք համախումբ կը զարգացնեն անփոխարինելութեան առասպելը` յաւերժանալով դիրքերու վրայ:

Կոմիտաս անցեալի համար ըսած է. «Մեր մարմինը նեխած է, մեր հոգին ապականած, մեր կեանքը դիակնացած…»: Ինչպէ՞ս չկրկնել վարդապետին վարդապետական խօսքերը` ի տես եւ ի լուր մեր լքումներուն, տարտղնումին, օտարումին, եւ սիթիզըն դարձած նորահայերէն բառով տեսակաւոր կոռուպցիային, միասին ընթացող նիւթապաշտութեան եւ զանազան բնոյթի կողոպուտին:

Կոմիտաս կ՛ըսէ` «Մերկութիւն մտաց ծածկի ի միամիտ աչաց»: Եւ այդ կ՛ընենք ուրիշի միամտութիւնը չարաշահելով, նաեւ` ծափով, դրամով եւ բեմի լոյսով մերկութիւն մտացը թաքցնելու համար նաեւ մենք մեր աչքէն: Եւ կը ծագի հարցումը. ինչպէ՞ս հանել աչքի կապանքները, որպէսզի գիտնանք, թէ ո՛ւր կ՛երթանք, ո՛ւր կը տանին:

Հանրահաւաքներու, համաժողովներու եւ կարեւոր համարուած ժողովներու բացման պահուն ինչո՞ւ ասմունքող մը բեմ պիտի չբարձրանայ ուրիշներու ապիկարութիւններու եւ տգիտութեան ելոյթներէն առաջ, տպաւորիչ հանդիսաւորութեամբ հատիկ հատիկ, նոր պատգամի պէս պիտի չհնչեցնէ Կոմիտասի անդրշիրիմեան պատգամը:

Լսելէ ետք Կոմիտասի Ազգին ցաւի մասին խօսքը, կը մնան մորմոքը կամ բուռն ընդվզումի պոռթկումը… որպէսզի ցեխոտ սրտերը մաքրուին: Այդ մաքրութիւնը ընողը դուրսէն պիտի չգայ, հրաշքի պէտք չէ սպասել: Այդ կրնայ ըլլալ լսուող սեփական Մովսէսով կամ առաքինի հայ Կանտիով:

Մեղանչում պէտք չէ համարուի մտածել, որ դեռ ի վիճակի՞ ենք Կոմիտասը լսելու կամ Կանտի մը ունենալու:

(Շար. 3)