Մահացած Է Աստղագէտ Երուանդ Թերզեան

Սփիւռք

Երկարատեւ հիւանդութենէ ետք մահացած է Միացեալ Նահանգներու Քոռնելի համալսարանի փրոֆեսէօր, աստղագէտ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ, Հայ աստղագիտական ընկերութեան համանախագահ Երուանդ Թերզեան:

Ծնած է 1939-ին, Եգիպտոս: Աւարտած է Գահիրէի Ամերիկեան համալսարանը, որմէ ետք տեղափոխուած է Միացեալ Նահանգներ, ուր ստացած է իր բարձրագոյն ուսումը եւ գիտական աստիճանները:

Ունի բազմաթիւ գիտական յօդուածներ, խմբագրած է գիտական գիրքեր:

1996-էն Քոռնելի համալսարանի գիտութեան եւ կրթութեան զարգացման Նիւ Եորքի նահանգի ՆԱՍԱ-ի տիեզերական դրամաշնորհներու  ծրագիրի տնօրէն եղած է: 2002-ին Թերզեան ընտրուած է Քառակուսի քիլոմեթրնոց համալիր (SKA) հսկայ ռատիոդիտակի կառուցման Միացեալ Նահանգներու համալսարաններու եւ հիմնարկներու միաւորման նախագահ: 2001-էն ան Հայկական ազգային գիտակրթական հիմնադրամի գիտական խորհուրդի նախագահն է: Փրոֆեսէօր Թերզեանի գիտական բնագաւառները բազմաթիւ են:

2012-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին հրամանագիրով պարգեւատրուած է «Անանիա Շիրակացի» մետալով: