Այսօր Տեղի Պիտի Ունենայ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի 22-րդ Ամենամեայ Հեռուստամարաթոնը

Հայաստան

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուող ամենամեայ հեռուստամարաթոնը այսօր սկիզբ պիտի առնէ Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեամբ, ժամը 22:00-ին:

«Ես իմ անուշ Հայաստանի․ կենարար ջուր եւ արեւ համայնքներին» խորագիրով կայանալիք ունենալիք 12-ժամեայ համահայկական դրամահաւաքի առաջին 4 ժամը այս տարի պիտի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ, իսկ յաջորդ 8 ժամը պիտի հեռարձակուի Լոս Անճելըսէն:

 «Հեռուստամարաթոն-2019»-ի ընթացքին հաւաքուած միջոցները պիտի ուղղուին խմելու ջուրի մատակարարման եւ արեւային ուժանիւթի կիրառման ծրագիրներու իրականացման համար Արցախի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի երէք մարզերու` Տաւուշի, Լոռիի եւ Շիրակի մէջ: Ընդհանուր առմամբ, հարիւրէ աւել համայնքներ պիտի ապահովուին շուրջօրեայ ջրամատակարարմամբ, անվճար ջեռուցմամբ ու ելեկտրականութեամբ:

 Վերջերս նորոգորած է նաեւ Հիմնադրամին կայքը` նոյն հասցէով, որ Հիմնադրամի աշխատանքները կը դարձնէ լիովին թափանցիկ ու հաշուետու համայն հայութեան, ինչպէս նաեւ հնարաւորութիւն կու տայ առցանց նուիրատուութիւններ կատարել ձեր նախընտրած ձեւով:

Հհիմնադրամի այս տարուան հեռուստամարաթոնի երգը կը կոչուի «Ես իմ անուշ Հայաստանի». Չարենցի այս հանրայայտ բանաստեղծութիւնը դարձած է հիմնադրամի այս տարուան ոչ միայն կարգախօսը, այլեւ համախմբողը: