«Փունջ Մը Ծաղիկ Հայ Մշակոյթի Պարտէզէն»

Սփիւռք

ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ

Հոկտեմբեր։ Աշուն է՝ ոսկի աշուն, հայոց դաշտերուն բերքը հասած է, հայ գիւղացին իր հունձքերուն երախայրիքը արդարօրէն կը նուիրաբերէ Տիրոջ սեղանին, փառաբանելով զԱստուած։ Ինչպէս հայրենի դաշտերու հայ մշակը՝ նոյնպէս ալ Կլենտէյլի մէջ՝ հայ ժողովուրդի պատուաւոր զաւակներէն, կրթական մշակ, երաժշտական ղեկավար, տասնեակ գիրքերու հեղինակ, հրապարակագիր, խմբագիր եւ մրցանակակիր դոկտոր Հրանդ Աճէմեան իր նոր ստեղծագործութիւնը՝ «Փունջ մը Ծաղիկ Հայ Մշակոյթի Պարտէզէն» կը նուիրաբերէր հայ մշակոյթի սեղանին, փառաբանելով հայ մշակոյթը եւ արժեւորելով Մեսրոպեան ոսկեղնիկը: Հայ ժողովուրդը ինչպէս որ երախտագիտութեամբ Հոկտեմբեր ամիսը նուիրած է Մեծն Մեսրոպ Մաշտոցին, նոյնպէս ալ միշտ պատուած է իր արժանաւոր զաւակները, որոնց սիրտերը կը բաբախեն հայրենիքի ու հայ մշակոյթի սիրով: Այս սկզբունքէն մեկնած, Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցին կազմակերպեց դոկտ. Հրանդ Աճէմեանի նշեալ գիրքին գինեձօնը, Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբերի երեկոյեան, եկեղեցւոյ «Ռէյմոնտ եւ Անի Գույումճեան» սրահին մէջ։

Ձեռնարկը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Հիւսիսային Ամերիկայի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեանի. ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Բարսեղ Ծ. վրդ. Պաղտասարեան, եւ իրենց ներկայութեամբ հանդիսութիւնը կը պատուէին առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ներկայացուցիչ Եղիա քհնյ. Իսայեան, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս դեսպան Արմէն Բայբուրդեան, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութենէն երկու քոյրեր, նաեւ հոծ բազմութիւն մը՝ գրողներ, հոգեւորականներ, ուսուցիչներ եւ եկեղեցւոյ զաւակներ, որոնք եկած էին հայ մշակոյթի պարտէզէն քաղուած ծաղիկներու բոյրը ըմբոշխնելու:

Գաղութի ազգայիններէն Հրայր Շէրիկեանի բանաստեղծական ոճով արտասանուած բացման խօսքը ներկաները հոգեպէս պատրաստեց՝ ունկնդրելու գրական գեղարուեստական ներկայացումը, ապա ան հանգամանօրէն ներկայացուց օրուան հեղինակը՝ դոկտ. Հրանդ Աճէմեանը, որպէս հայ մշակոյթի դպրութեան համեստ սպասարկու, զանազան հայկական գաղթօճախներու մէջ հայ դպրոցին, գիրին ու գրականութեան անսակարկ ծառայող, ղեկավար իր կազմակերպած երգչախումբերուն, տարիներով Փարիզի մէջ «Յառաջ» թերթի գլխաւոր խմբագիր, միաժամանակ աշխատելով եւ նուաճելով իր դոկտորականը, ապա Քալիֆորնիա հաստատուած դարձեալ գիր ու գրականութեան ուսուցիչ եւ դասախօս, հարազատ շառաւիղը Մաշտոցի։ Շէրիքեան իր խօսքը աւարտեց՝ յայտնելով իր գոհունակութիւնն ու երախտագիտութիւնը հեղինակ դոկտ. Հրանդին՝ իբրեւ հարազատ ընկեր, ուսուցիչ, բարեկամ եւ խորհրդատու:

Բացման խօսքէն ետք իրենց սրտի խօսքով շնորհաւորական եւ երախտագիտական արտայայտութիւններ ունեցան Բարսեղ Ծ. վրդ. Պաղտասարեան եւ հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան, որոնց յաջորդեց գիրքին ներկայացումը:

Գիրքը ներկայացուց իրաւաբան Նարիս Խալաթեան Պեթել: Նարիս քանի մը շրջան եղած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ծխական մարմինի անդամ եւ ունեցած է իր յատուկ ներդրումը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ:

0000Ajemian3

Նարիս արժանավայել ձեւով ներկայացուց գիրքը՝ օգտագործելով համակարգիչ եւ սահիկներ, շունչ տալով գիրքին տիպարներուն եւ երբեմն անոր տողերն ու բառերը պեղելով նոր գիտելիքներ բերաւ ունկնդիրներուն, որպէսզի անոնք հաղորդուին հայ միտքի հանճարներուն հետ: Մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւողութեամբ, ներկաները մագնիսացած՝ կ՛ունկնդրէին ներկայացումը փունջ մը ծաղիկներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրին բոյրը հեղինակ դոկտ. Հրանդի ճարտար գրիչին տակ, կրցած էր հիացնել զինք, երբեմն ալ ապշեցնել, զարմացնել եւ արցունք խլել:

Նարիսի ներկայացումը կը վկայէր անոր բծախնդիր աշխատանքը։ Ան, գիրքը ներկայացնելէ անդին՝ վերլուծեց տիպարները, գրութիւններուն ետին պահուած պատմութիւնները պրպտեց եւ եզրակացուց, երբեմն տալով իր անձնական կարծիքը:

Գիրքը կը բաժնուի չորս գլխաւոր գլուխներու. թէեւ իւրաքանչիւր բաժին անջատ յօդուածներ են, գրուած տարբեր ժամանակներու մէջ եւ տարբեր առիթներով, սակայն բոլորն ալ ագուցուած են Հայ մշակոյթին, ոսկեայ շղթայով: Իւրաքանչիւր բաժին յատկացուած է մշակոյթի տարբեր բնագաւառի մը, պարզ, սակայն խորիմաստ ու հաղորդական լեզուով:

Առաջին գլուխը ունի «Հայ Հոգեւոր Երգեր» ընդհանուր խորագիրը, բացատրելով, թէ ինչպէս ձեւաւորուեցան մեր հոգեւոր երգերը եւ շարականները։ Ապա կը ներկայացուի շարականագիրներու ցանկ մը, որոնց առաջնահերթ տեղը կը գրաւէ Մեսրոպ Մաշտոցը. յատկանշականօրէն հոն կան 8րդ դարէն երկու կին շարականագիրներ՝ Խոսրովադուխտ եւ Սահակադուխտ իշխանուհիները։ Ներկաները առիթ ունեցան ունկնդրելու 7րդ դարու երաժիշտ Կոմիտաս Աղցեցի կաթողիկոսին անունը անմահացուցած հռչակաւոր «Անձինք Նուիրեալք» շարականը՝ գրուած Հռիփսիմեանց կոյսերու յիշատակին. յատկանշական էր այս գլխուն տակ տեղ գրաւած մանրամասն ուսումնասիրութիւն մը հայկական խազերուն մասին, որոնց բանալին, դժբախտաբար դարերու ընթացքին չգործածուելով, կորսուած է:

Առաջին գլխուն յատկանշական յօդուածներէն է «Մեսրոպեան Գիրերը Քեզի Ընծայ, Մայր» գրութիւնը, ուր հեղինակը կը ձօնէ իր մօր եւ բոլոր գաղթական մայրերուն. հոն կը պատմէ յառաջացած տարիքի իր մօրը հայերէն սորվեցուցած ըլլալու հրճուանքը, իրականացնելով անոր կեանքին երազը: Շարքին մէջ կան նաեւ՝ «Մեղուներու Աշխարհը», «Զմառու Վանքը» եւ «Հայաստանի Պատմութեան Թանգարանը» յօդուածները. վերջինը շատ հետաքրքրական ձեւով ներկայացուեցաւ պատմելով հեղինակի հանդիպումը 99 հատիկներով համրիչի մը հետ, որուն իւրաքանչիւր հատիկը կը կրէ 1915ին աքսորուած մէկ մտաւորականի անունը։

Երկրորդ բաժինով հեղինակը կը գրէ նշանաւոր տիպարներու մասին, որոնք առանցքային դեր ունեցած են հայ մշակոյթի տարածման կամ ծաւալման մէջ: Կը ներկայացուին ութը նշանաւոր դէմքեր, որոնցմէ օրինակներ առնելով ունկնդիրներուն ներկայացուեցաւ՝ Տրդատ Ճարտարապետը, եւ սահիկներով ներկաները փոխադրուեցան դէպի Բագրատունեաց հոյակերտ Անի մայրաքաղաք, իր հազար եւ մէկ եկեղեցիներով: Երկրորդ նշանաւոր դէմքն էր փրոֆ. Ֆրետերիք Ֆէյտ հայագէտը, որ իր կեանքի տասնեակ տարիները ի սպաս դրաւ պեղելու հայ գրականութիւնն ու մշակոյթը. ան եղած է ուսուցիչ ու մօտիկ բարեկամը դոկտ. Հրանդ Աճէմեանին: Յատկանշական էր, որ այս բաժինի ընթերցումը յաջողութեամբ կատարեց հայոց լեզուի ամերիկացի ուսանող Սթիվըն Պեթել:

Երրորդ բաժինը նուիրուած է երեք ժամանակակից ակնառու երաժիշտներու՝ Կոմիտաս վարդապետին, Մակար Եկմալեանին եւ Քրիստափոր Կարա Մուրզային, որոնք յատուկ դրոշմ ձգած են Հայ հոգեւորական եւ ժողովրդային երաժշտութեան վրայ: Ներկաները առիթ ունեցան լսելու Կոմիտաս վարդապետի «Քելէ Քելէ» երգը՝ հեղինակին երգեցողութեամբ, ապա Մակար Եկմալեանի պատարագը եւ Կարա Մուրզայի՝ «Ջան Գիւլիւմ»ն ու «Լէպհօ Լէլէ» երգերը, Հայաստանի պետական երգչախումբի կատարողութեամբ:

Գիրքի վերջին գլուխով՝ «Ուսուցչական Խոհեր» խորագիրին տակ, հեղինակը կը ներկայացնէ իր մտորումներն ու ապրումները իբրեւ ուսուցիչ հայ դպրոցի մէջ: Հեղինակը շեշտը կը դնէ հայ դպրոցի եւ հայ ուսուցիչի կարեւոր դերին վրայ՝ հաւատալով, թէ դաստիարակուած առողջ սերունդը կրնայ պահպանել մեր ազգային դիմագիծը եւ նկարագիրը ու ստեղծել նոր հայը, նոր Հայաստանը եւ նոր հայութիւնը։ Ան կը ներկայացնէ դասարանային դէպք մը Շամլեան Ազգային վարժարանի իր պաշտօնավարութեան տարիներէն, «Պանք Օթոման» երգին մասին։ Այս ընթացքին անակնկալօրէն բեմ հրաւիրուեցան այդ օրուան դասարանի աշակերտուհիներէն երեքը՝ Մարալ Սուլթանեան, Դալար Թէճիրեան եւ Երատօ Աբրահամեան, որոնք իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին դոկտ. Հրանդ Աճէմեանին, որ իբրեւ վառ կերոն լուսաւորած էր իրենց միտքն ու հոգին, ձեւաւորելով զիրենք ազգային ազնիւ արժէքներով, որպէսզի ըլլան հայկական հոգիով առլեցուն ապագայ առաջնորդները, հայ աւանդը պահպանողները ու փոխանցողները։ Պահը որքան յուզիչ, նոյնքան քաղցր էր եւ հզօր:

Դոկտ. Աճէմեան շնորհաւորեց իրաւաբան Նարիսը իր կատարած ամբողջական գործին կապակցութեամբ, մինչ Նարիս մեծ զարմանք ու հիացում յառաջացնելով՝ հեղինակին յանձնեց վերոյիշեալ համրիչին Թուրքիայէն յատուկ բերուած նմանակը:

Հեղինակը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց այդ երեկոն իրականութիւն դարձուցած բոլոր նուիրեալներուն, յատկապէս առաջնորդին, որ մտայղացաւ եւ իրականութիւն դարձուց գիրքին տպագրութիւնը, զայն նուիրելով հայ ժողովուրդի զաւակներուն, որպէս փունջ մը ծաղիկ:

Օրուան եզրափակիչ խօսքը ուղղեց առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեան. ան շնորհաւորեց նախ հեղինակը, ապա ներկայացնողներ իրաւաբան Նարիսը եւ Հրայր Շէրիքեանը եւ երեկոն իրականացնողները, ապա հրաւիրեց ներկայ հոգեւորականները ու հեղինակը եւ իր ազնուափայլ տիկինը, որպէսզի գինեձօնը կատարեն՝ հեղելով գինին նորատիպ հատորին վրայ։ Ներկաները շնորհաւորեցին դոկտ. Աճէմեանը եւ գնեցին օրինակներ մակագրուած գիրքէն, որուն հասոյթը պիտի յատկացուի եկեղեցւոյ աշխուժացման:

Ներկաները գոհ ու լիցքաւորուած, իրարու հետ շարունակեցին զրուցել՝ ըմբոշխնելով գինին եւ Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ հրամցուած ուտելիքները՝ մաղթելով, որ շարունակուին որակաւոր եւ դաստիարակիչ նման ձեռնարկները:

Շնորհակալութիւն, հայ մշակ, հեղինակ եւ դաստիարակ. հայ ժողովուրդը երախտապարտ է ձեզի: