Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաշատ Բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեան

Սփիւռք

 Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական ժողովը եւ Ազգային վարչութիւնը խոր ցաւով կը գուժեն կորուստը Աստուծոյ, հայ ազգին ու մշակոյթին ծառայ՝ հաւատաւոր քարոզիչ, բանաստեղծ, դաստիարակ եւ մտաւորական Ժագ Ս. Յակոբեանի, որ ի տէր հանգեաւ Շաբաթ, 2 Նոյեմբերին:

Ըստ հանգուցեալի բանաւոր կտակին, թաղման կարգը տեղի պիտի ունենայ միայն ընտանիքի անդամներուն մասնակցութեամբ:

«Մեր հաւատացեալ ժողովուրդը վաստակաշատ բանաստեղծին իր վերջին յարգանքը մատուցելու առիթը պիտի ունենայ Երկուշաբթի, 11 Նոյեմբերին, կէսօրէն ետք ժամը 4-7, Mountain View Mortuary Cemetery-ին մէջ, 2400 N. Fair Oaks Ave., Altadena։ Այս տխուր առիթով, ցաւակցութիւն կը յայտնենք հանգուցեալի զաւակներուն, հարազատներուն եւ իրեն հետ աստուածահաճոյ ու հայակերտումի ծառայական ճանապարհ կերտող բոլոր սգակիրներուն:

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի», նշուած է առաջնորդարանի հաղորդագրութեան մէջ։