Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 100-րդ ժողովի Ճաշկերոյթը Պսակուեցաւ Փայլուն Յաջողութեամբ

Սփիւռք

Նկարին մէջ՝ Աւետարանչականի Փոխ Նախագահ Տոքթ. Մայքըլ Ոսկեան յարգանքի տուրք կը մատուցանէ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի պատմութեան: Ձախէն աջ՝ Վեր. Դոկտ. Աւետիս Պոյնէրեան, Վեր. Ժոէլ Միքայէլեան, Վեր. Ստիֆըն Քարլայլ եւ Տոքթ. Մայքըլ Ոսկեան

Հարիւրամեակի առիթով տեղի ունեցող որեւէ համախմբում իսկապէս մեծ դէպք մըն է։ Այս առումով ուշագրաւ էր Հոկտեմբեր 18-20-ի օրերուն Պոսթընի մէջ տեղի ունեցող Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 100-րդ համաժողովը եւ այդ առիթով կազմակերպուած յատուկ Ճաշկերոյթը՝ նուիրուած Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին ու անոր հիմնադրութեան 173-րդ տարեդարձին։

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան այս ճաշկերոյթը յատկանշական էր Ընկերակցութեան հարիւրաւոր անդամներու ներկայութեամբ, որոնք երկար հեռաւորութենէ եկած էին՝ ինչպէս Աւստրալիա, Գանատա, Հայաստան, Յունաստան, Լիբանան, Սուրիա,  Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան ափերէ։

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան տարեժողովի օրերու կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մէկը Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19-ի երեկոյեան տեղի ունեցող ճաշկերոյթն էր՝ Westin-Waltham պանդոկի շքեղ սրահին մէջ։ Տիկին Միշէլ Սիմուրեան՝ Ճաշկերոյթի հանդիսավարը՝ ջերմօրէն ողջունեց ներկայ գտնուող երեք հարիւրէ աւելի հիւրերը։ Ան ձեռնհասօրէն վարեց յայտագիրը՝ ներկայացնելով օրուան պատւոյ հիւրերը, որոնց շարքին էին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Վարուժան Ներսէսեանը եւ Հայր, Տ. Անդրանիկ Աւ. քհնյ. Պալճեանը, որ կը ներկայացնէր Ա․Մ․Ն․ Արևելեան Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արք․ Դանիէլեանը։

Ազգային օրհներգներու երգեցողութենէն եւ Ուաթըրթաունի Հայ Աւետարանական Նահատակաց Եկեղեցիի Հովիւ՝ Վեր. Դոկտ. Աւետիս Պոյնէրեանի աղօթքէն ետք բեմ բարձրացաւ Դեսպան Ներսէսեանը իր ողջոյնի խօսքը ուղղելու ներկաներուն։

Դեսպանը յիշեց Աւետարանչականի հիմնադրութիւնը 101 տարիներ առաջ՝ Ուստըրի մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք «երբ հարիւր հազարաւոր թափառական Հայ մարդիկ, կանայք եւ երեխաներ տակաւին կը շրջէին Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի անապատներուն մէջ, տառապելով անօթութենէ, աղքատութենէ եւ կեանքի նուազագոյն պայմաններու բացակայութենէ»։

Ան նաեւ մատնանշեց Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան հսկայական ներդրումը վերջին 100 տարիներու ընթացքին, ի միջի այլոց 1988-ի Հայաստանի աւերիչ երկրաշարժի ընթացքին, անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ծննդեան ժամանակ, Արցախի ազատագրման պայքարի օրերուն եւ անոր աւելի լաւ ապագայի ստեղծումին ի նպաստ, եւ ապահովելով ապաստան, սնունդ եւ կրթութիւն աշխարհացրիւ 24 երկիրներու մէջ ապրող հայորդիներու։

«Եւ վերջերս Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող ողբերգական պատերազմի ընթացքին, Աւետարանչականը պատրաստակամ եղաւ աջակցելու այն հայորդիներուն՝ որոնք ցանկացան բնակութիւն հաստատել Հայրենիքի մէջ։ Այս բոլոր գործունէութիւնները ցոյց կու տան, որ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը եզակի եւ խորապէս ազգային եւ հայկական հաստատութիւն մը է։ Նման մեծ ժառանգութեամբ եւ խիստ վճռակամութեամբ, Աւետարանչականը վստահօրէն իր առաքելութիւնը պիտի շարունակէ 21-րդ դարուն», յայտնեց դեսպանը, հանդիսանալով ծափողջոյններու։

Աւետարանչականի Նախագահ Տօքթ. Նազարէթ Տարագճեան յուզումով յիշելէ ետք «Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սարսափներուն, որպէս հետեւանք՝ 43 տարիներ առաջ իր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հաստատուիլը, դրուատեց միութեան պատմութիւնը, որ այսօր կը ծառայէ աշխարհացրիւ 24 երկիրներու մէջ բնակող հայորդիներուն, տարեկան 10 միլիոն տոլարի ելեւմտացոյցով։

«Ներկայ նոր սերունդը, որ հնարաւորութիւնը ունի շատ աւելին ընելու բաղդատած 1918 թուականին։ Մեր աշխատանքը չէ վերջացած այնքան ատեն որ տակաւին մարդիկ կան որոնք սոված են Աստուծոյ Խօսքին, երեխաներ՝ որոնք ծարաւ են կրթութեան, ընտանիքներ եւ անհատներ, որոնց համար օրական հաց գտնելը ամէնօրեայ մարտահրաւէր է։ Թող Աստուած մեզ արժանի ընէ այս առաքելութեան» ըսաւ ան։

Ապա ցոյց տրուեցաւ տեսահոլովակ մը Երեւանի Մալաթիա-Սեբաստիա շրջանին մէջ գտնուող Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան Աւագ Դպրոցին մասին, որ ամբողջութեամբ նիւթապէս կը նպաստաւորուի Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան կողմէ, եւ ուր աւելի քան 580 ուսանողներ լաւագոյն ուսում կը ստանան՝ անվճառ։

Տոքթ. Տարագճեան բեմ հրաւիրեց Աւետիսեան դպրոցի շրջանաւարտներէն՝ Լուսինէ Մնացականեանը՝ յանուն դպրոցի բարերարներ Եդուարդ եւ Փամելա Աւետիսեաններու՝ որոնք քաղաքէն դուրս ըլլալով ներկայ չէին ճաշկերոյթին, ընդունելու դպրոցին տրուած «Առաջնութիւն՝ ելեկտրուժի և բնապահպանական նախագծման մէջ » (LEED) վկայականը և ապակիէ յուշանուէրը։

Լուսինէ Մնացականեան, որ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի երրորդ կարգի ուսանող է, անդրադարձաւ Աւետիսեան վարժարանի գլխաւոր յատկանիշներուն ըսելով՝ «Մենք դաստիարակուեցանք որպէս ճշմարիտ քրիստոնեաներ, լաւ քաղաքացիներ եւ ստացանք օրինակելի կրթութիւն բոլոր մարզերու մէջ»։

Ներկայ հիւրերը մեծ հաճոյքով ունկնդրեցին հայկական եւ միջազգային սիրուած երգեր՝ կատարողութեամբ համաշխարհային ճանաչում ունեցող երկու երաժիշտներու՝ Թենոր Եղիշէ Մանուչարեանի եւ Մեցցօ Սոփրանօ Վիքթորիա Աւետիսեանի, որոնք նաեւ ճաշկերոյթի սկիզբը կատարեցին ամերիկեան եւ հայկական օրհներգները։

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան փոխ Նախագահ Տոքթ. Մայքըլ Ոսկեան, յարգանքի տուրք մատուցեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի պատմութեան, յայտնելով, որ ան տարիներու ընթացքին աճելով ներկայիս կը բաղկանայ 124 եկեղեցիներէ եւ հինգ միութիւններէ՝ Հայաստան, Հիւսիսային Ամերիկա, Մերձաւոր Արեւելք, Ֆրանսա եւ Եւրասիա։

Տոքթ. Ոսկեան բեմ հրաւիրեց Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Ժոէլ Միքայէլեանը՝ որպէս ներկայացուցիչը Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդին։ Բեմ հրաւիրուեցան նաեւ Վեր. Սթիվըն Քարլայլ՝ Հովիւը Ուստըրի Հայ Մարտիրոսաց Եկեղեցիին (առաջին Հայ Աւետարանական Եկեղեցին հիմնուած Միացեալ Նահանգներու մէջ) եւ հիւրընկալ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Վեր. Դոկտ. Աւետիս Պոյնէրեան, հովիւը տեղւոյն հիւրընկալ եկեղեցիին։ Տոքթ. Ոսկեան անոնց ներկայացուց յատուկ վկայագիր եւ փայտի վրայ փորագրուած ցուցատախտակներ։

Խորին գնահատանք յայտնելով Ճաշկերոյթի յանձնախումբին, Աւետարանչականի աշխատակազմին եւ բոլոր անոնց որոնք իրենց բաժինը բերին ճաշկերոյթի յաջողութեան, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեան բեմ հրաւիրեց Ուստըրի Եկեղեցիի Հոգաբարձական Խորհուրդի ատենապետ Սթիվըն Փափազեանը եւ անոր յանձնեց Լինտա Խաչատուրեանի նուիրած «Շաքարէ Քանդակը»։

Անդրադառնալով իր աշխատանքի մարտահրաւէրներուն, Խանճեան ըսաւ.- «Մարտահրաւէր մը որ ես կը պայքարիմ արժանի երախտագիտութիւն փոխանցելու արդար մարդկանց եւ կանանց, որոնք կը թռչին կեանքի բարութեան թեւերուն վրայ, եւ որոնք փոխարէնը հաւատարմօրէն կ՚ուղղեն զայն Աստուծոյ»։

Խանճեան նաեւ յայտնեց որ Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ գիտաժողով մը՝ յետ Ցեղասպանութեան վերապրողներու մնացորդացը փրկելու ջանքերուն վերաբերեալ։ Այս գիտաժողովը պիտի կազմակերպուի Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանի Հաստատութեան Հիմնադրամին կողմէ՝ հովանաւորութեամբ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան։

Գիտաժողովը իր յարգանքի տուրքը պիտի մատուցանէ եւ լոյս աշխարհ պիտի բերէ այն բազմաթիւ հերոսները, որոնք մեծ սիրով ողջագուրեցին որբացած հայ երեխաներն ու այրիները, անոնց տալով ապաստանարան, սնունդ, կրթութիւն, եւ բուժելով ու պաշտպանելով զանոնք Տէր Զօրի մահասփիւռ դաշտերէն։

Խանճեան յիշեց նաեւ այս օրերուն Սուրիոյ քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ տագնապող քաղաքացիները ու անոնց բռնագաղթը՝ անգամ մը եւս թողելով ետին այն ամէն ինչը որ ունին։ «Բայց պարզ զոհը Սուրիացի ժողովուրդն է, ներառեալ Ցեղասպանութենէն վերապրոպ սերունդները» ըսաւ ան։

«Աւետարանչականը անգամ մը եւս մարդասիրական մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, եւ մենք հաւաքականօրէն եւ դրական կերպով պատասխանելու ենք այս կոչին։ Եւ ձեր նուիրաբերութեամբ պիտի շարունակենք իրականացնել այդ բոլորը» եզրակացուց ան։

Վեր. Ժոէլ Միքայէլեան մատուց փակման եւ օրհնութեան աղօթքը եւ յոտնկայս «God Bless America» երգով այս բացառիկ եւ ոգեշնչիչ Ճաշկերոյթը հասաւ իր աւարտին։

Քաղուած Ֆլորէնս Աւագեանի Անգլերէն բնագրէն՝ հայացուց Լուիզա Ճանպազեան